Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի 2019 Տարեշրջանի Ամառնային Ծրագիրի Ամավերջի Հանդէսը Հայկականութիւն Բուրեց

Սեպտեմբեր 4, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի իւրաքանչիւր ծրագիր տեսիլք եւ նպատակ ունեցած է: Արդ, հայ մանուկին մտային զարգացման եւ ապահով միջավայրի ձեւաւորման լաւագոյն վայրերէն մէկը ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» պարտէզ-գրադարանն է, որուն երդիքին տակ աւելի քան 60  մանուկներ երկու ամիս շարունակ զարգացան, երգեցին, պարեցին, ուրախացան եւ առաւել հայօրէն կոփուեցան: Այս ծրագիրին արգասիքը նկատուող ամավերջի հանդէսը լաւագոյնս կ՛արտացոլացնէ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» պարտէզ-գրադարանի աշխատանքն ու առաքելութիւնը:

Արդարեւ, շաբաթ, 31 օգոստոս 2019-ի առաւօտեան, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ հոյլ մը հանդիսատեսներ հոգեկան բերկրանքի պահեր ապրեցան, երբ ականատեսը դարձան գրադարանի աշակերտներու պատրաստած խնամուած յայտագիրին: Այս հանդէսին ներկայ եղան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ:

Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ գրադարանի պատասխանատուներէն Արփի Շարլաքեան: Ան յայտնեց, որ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ հոգածութիւնը վայելող ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» պարտէզ-գրադարանը ընդունեց 50-70 երեխաներ երկու ամիսներու տեւողութեամբ: Անոնք բաժնուեցան եօթը խումբերու` Վան, Մուշ, Կարս, Անի, Դուին, Սիս, Սասուն, եւ անոնց  փոխանցուեցան ընթերցանութեան սէր, գիրքերու հետ մտերմութիւն, արտասանութեան, երգի, պարի, նուագի եւ թատրոնի սէր, նաեւ օգտաշատ գիտելիքներ: Շարլաքեան նշեց, որ գրադարանի յարկին տակ համախմբուեցան տարբեր տարիքի աշակերտներ եւ կազմեցին մէկ ընտանիք: Անոնք իրենց առօրեայ խաղերուն եւ ծրագիրին առընթեր սորվեցան ազգային աւանդութիւններն ու կրօնական տօները, որոնցմէ գլխաւորները պիտի ներկայացուին այս հանդէսի ընթացքին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, յատկապէս ատենապետ Սիլվա Սապունճեանին, որ ոչ մէկ ճիգ խնայեց, որպէսզի աշակերտներ ուրախ ամառ մը անցընեն` ապահով եւ առողջ մթնոլորտի մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Գրադարանի յանձնախումբին, որ ծրագիրի յաջողութեան համար գործեց, նաեւ ծնողներուն, որոնք իրենց հոգեհատորները վստահեցան ԼՕԽ-ին:

Այնուհետեւ ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որ կ՛ընդգրկէր մեր ազգային տօներն ու աւանդութիւնները: Իւրաքանչիւր տօնին ներկայացումէն առաջ աշակերտ մը կը ներկայացնէր տօնին նախաբանը, որուն կ՛ընկերակցէր համապատասխան երգ, պար, արտասանութիւն, նուագ: Գրադարանի յանձնախումբի անդամներու բծախնդիր պատրաստութեամբ աշակերտները ներկաներուն հաղորդ դարձուցին մեր տօներուն: Նախ ներկայացուցին Թարգմանչաց տօնը` «Այբ բեն գիմ» (երգ), «Հայոց լեզուն» (արտասանութիւն), կարծիքներ հայոց լեզուի մասին, «Հայ լեզուն» (արտասանութիւն), «Մեսրոպ Մաշտոցին» (արտասանութիւն), Աշխարհի հայերով (պար): Բարեկենդանի տօնը ընդգրկեց «Ահա հասաւ Բարեկենդանը» (արտասանութիւն), «Ամէն կողմ դիմակներ կան» (երգ), «Կաքաւիկ» (երգ-նուագ), որուն ընթացքին աշակերտներ տնային- խոհանոցային զանազան առարկաներով նուագեցին եւ երգեցին: Ներկաները բարձր գնահատեցին այս կատարումը: Վարդանանց տօնը ներկայացուցին կատարելով «Հայ եմ ես» (արտասանութիւն), «Քաջն Վարդան Մամիկոնեան» (արտասանութիւն) եւ սուրերու պարը: Համբարձում տօնը մեր աւանդական ձեւով բեմականացուեցաւ «Համբարձում եայլա» (պար, վիճակ քաշել): Հուսկ ներկայացուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը «Քիչ ենք բայց հայ ենք» (արտասանութիւն), «Անկախութիւն» (արտասանութիւն), «Բուր թուա արմենի» (խմբերգ):

Ապա երկու ամսուան ընթացքին առանց բացակայութեան, ճշդապահութեան եւ կարգապահութեան տիպար աշակերտ ընտրուեցաւ Ռիթա Գալենճեան, որ յիշատակի նուէր մը ստացաւ Գրադարանի յանձնախումբին կողմէ:

Յայտագիրի աւարտին յանձնախումբի ատենապետ Նոնիկ Պետոյեան յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ, երբ ծնողներ նաեւ կը գտնուին մեծ դժուարութեանց առջեւ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը յանձն կ՛առնէ հայ երեխաները, որպէսզի անոնք ամառնային արձակուրդը անցընեն ապահով, հաճելի, օգտաշատ, մաքուր եւ հայկական մթնոլորտի մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, որոնք ճիգ չխնայեցին այս ծրագիրի յաջողութեան: Ան յայտնեց, որ ԼՕԽ-ի մարդասիրական առաքելութեան մէջ հայ կինն ու հայ մայրը գլխաւոր տեղ կը գրաւեն, ուստի շնորհակալական խօսք ուղղեց մայրերուն, որոնք ընտրեցին «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը եւ իրենց զաւակները վստահեցան անոր հոգատարութեան: Ան դիտել տուաւ, որ աշակերտներուն երկու ամսուան հետեւողական ներկայութիւնը պարտէզ-գրադարանին մէջ հաւաստիքն է, որ այս տարի եւս ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը յաջողութեամբ պսակեց իր յանձն առած հայաշունչ, բայց նաեւ բաւական դժուար առաքելութիւնը: Նոնիկ Պետոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ օգնական պատանիներուն, որոնք կամաւոր ձեւով օժանդակեցին այս աշխատանքին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արփի Շարլաքեանին, որ ծով համբերութեամբ գրադարանին մէջ ընդունեց տարբեր միջավայրերէ, դպրոցներէ եկած եւ տարբեր կարողութիւններով ու տաղանդներով աշակերտներ: Ան վերջին շնորհակալութիւնը յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որոնց շնորհիւ ունեցանք այս պարտէզ-գրադարանը:

Նոնիկ Պետոյեան իր խօսքին վերջին բաժինով դարձեալ լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը եւ հաստատեց, որ իրենց առաքելութիւնը հայ մօր նեցուկ կանգնիլն է, իսկ հայ մանուկին սորվեցնել, հոգին ուրախացնել եւ ստեղծագործական միտքը զարգացնել: Ան տեղեկացուց, որ ձմրան ընթացքին պարտէզ-գրադարանը աշխատող մայրերու զաւակներուն դարձեալ կը տրամադրէ ապահով եւ տաքուկ գրադարան մը:

Նախորդը

Հարցազրոյց Երիտասարդ Արուեստագէտներու Հետ

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Բարեզարդման Օրինակելի Նախաձեռնութեան Հետքերով. «Պուրճ Համուտը Մեր Ժողովուրդի Ինքնութեան Պահպանման Կարեւոր Կռուանն Է, Յոյսով Ենք, Որ Կը Յաջողինք Զայն Պահել Իսկապէ՛ս Օրինակելի Ու Հայկակա՛ն Քաղաք, Որ Շարունակէ Ըլլալ Բաբախող Սիրտը Ամբողջ Սփիւռքին» Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?