Կիրակի, 8 յունիս 2019-ին, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական Ժողովը առաջնորդ ընտրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Մասիս եպս. Զոպույեան:
Արամ Ա. կաթողիկոս Ազգային երեսփոխանական ժողովին ուղղած իր հայրապետական գիրով վաւերացուց առաջնորդի ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր առաջնորդ սրբազան հօր` իրեն վստահուած առաքելութեան մէջ: Միաժամանակ, վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց նախորդ առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին` անցնող 15 տարիներուն իր նուիրեալ ծառայութեան համար:
Յայտնենք, որ Շահան սրբազանը Անթիլիասի մայրավանք վերադառնալով` ստանձնեց մատենադարանապետի պաշտօնը: