Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մարդասիրական ծրագիրներուն մէջ անմիջական եւ գլխաւոր տեղ գրաւած են նաեւ հայ մանուկները: Թէ՛ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը, թէ՛ ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանը կը միտին հայ մանուկներուն հոգին ուրախացնել եւ իրենց ստեղծագործական միտքը զարգացնել: Կազդուրման կայանի ծրագիրը կ՛իրականացուի հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ընկերային յանձնախումբին:
Այս առումով տարիներ առաջ ընթացք առած ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանը այս տարի եւս իր դաստիարակչական ծրագիրին մեկնարկը կատարեց ուրբաթ, 2 օգոստոս 2019-ին, Այնճարի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի շէնքին մէջ: 6-12 տարեկան մանուկներ իրենց պատասխանատուին եւ օգնականներուն հետ երկու շաբաթներու ընթացքին հետեւեցան մշակուած դաստիարակչական, ընկերային եւ ազգային ծրագիրին: Անոնք հաճելի ժամեր անցուցին եւ Այնճարի կլիմայէն օգտուելով կազդուրուած վերադարձան Պէյրութ:
Կազդուրման կայանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 18 օգոստոս 2019-ին, Այնճարի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի շէնքի շրջափակին մէջ: Հանդէսին ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լուի Նատեր, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչը, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան եւ Շրջանային վարչութեան անդամներ, Կազդուրման կայանի բարերարներ Յակոբ եւ Թալին Գլպաշեան ամոլը, ծնողներ, բարերարներ եւ բարեկամներ:
Հանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ. քայլերգները երգեցին Կազդուրման կայանի մանուկները: Կազդուրման կայանի անձնակազմին անունով բացման խօսք կատարեց Կարէն Պոյաճեան: Ան նշեց, որ Կազդուրման կայանի ծրագիրը, որ աւանդութիւն դարձած է երեխաներուն կեանքին մէջ, կը ձգէ անմոռանալի պահեր: Ծրագիրին գլխաւոր նպատակն է մասնակցող փոքրիկներուն ապահովել հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջ, հաճելի եւ օգտաշատ կեցութիւն: Երեխաները յատուկ դաստիարակչական ծրագիրի ընդմէջէն սորվեցան նիստ ու կաց եւ կենցաղավարութիւն, ծանօթացան կեանքի օրէնքներու եւ ստացան կարգապահական գիտելիքներ: Ասոնց առընթեր այս տարի պատանիները ծանօթացան ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութեան` մանկավարժ պատասխանատուի եւ մասնագէտ ուսուցչական կազմի հսկողութեամբ: Այս տարի փոքրիկները առիթ ունեցան այցելելու բազմաթիւ գործարաններ, ինչպէս` «Փոփինզ», «Պըրտաունի» եւ «Միմոզա»: Նաեւ այցելեցին Պեքաայի տեսարժան վայրերը եւ պտոյտներ ունեցան: Մանուկներուն առօրեան ընդգրկեց նաեւ խարուկահանդէս, լողաւազան, թատերական ներկայացում, խրախճանք, ընթերցանութեան պահ: Անոնք հետեւեցան առողջապահական սննդականոնի` սննդագէտի մը կողմէ պատրաստուած` իրենց մարմինները առողջ եւ եռանդուն պահելու համար: Դասախօսութիւններու ընդմէջէն անոնք լսեցին պատմութիւններ եւ իրենց գիտելիքները մէկտեղեցին զարգացման մրցումի մը ընթացքին: Կարէն Պոյաճեան մատնանշեց, որ պատանիներուն մօտ յատկանշական էր ինքնակազմակերպ ոգին, որով անոնք պատրաստեցին ու ներկայացուցին հարուստ գեղարուեստական յայտագիր մը: Անոնք ծանօթացան նաեւ ազգային-եկեղեցական արժէքներու` մասնակցելով սուրբ եւ անմահ պատարագի եւ պաշտամունքի Այնճարի եկեղեցիներուն մէջ: Ան անձնակազմին անունով յոյս յայտնեց, որ մասնակիցները իրենց սորված գիտելիքները գործադրեն իրենց կեանքին մէջ` վառ պահելու համար հայ մարդու տիպարը, որովհետեւ վաղուան լաւ հայը կը կերտուի այսօրուան հայ երեխային մէջ: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք վստահեցան իրենց, նաեւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբին:
Այնուհետեւ ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը. խմբային պար` « Մեր հարեւան», խմբային երգ` «Հայ եմ», խմբային պարեր «Հայաստանի նոր պատանի» եւ «Եարխուշտա»:
Հուսկ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը ուղղեց Ցօղիկ Հաւաթեան: Ան ողջունեց ծնողները, որոնք իրենց թանկագին զաւակները վստահեցան ԼՕԽ-ի հոգատարութեան եւ կրցան միասնաբար յաջողցնել 2019 տարուան Կազդուրման կայանի ծրագիրը: Ան նշեց, որ 68 տարիներ առաջ օրուան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը Շթորայի մէջ հիմնեց «Նիկոլ Աղբալեան» դպրոցը եւ սկսաւ հայ երեխաներուն ուրախութիւն պարգեւել` ամրան տաք օրերուն զանոնք օդափոխութեան տանելով Պեքաայի զով ու ջինջ օդ ունեցող վերոյիշեալ վայրը: Անոնց համար ծրագրեց դաստիարակչական եւ ընկերային պահեր: Աւանդութիւնը շարունակուեցաւ զանազան վայրերու` Պոլոնիայի, Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին եւ Այնճարի Ազգային Յառաջ վարժարանին մէջ: Ան յայտնեց նաեւ, որ իրերայաջորդ Շրջանային վարչութիւններ եւ յանձնախումբեր հաւատալով իրենց առաքելութեան չընկրկեցան դժուարութիւններուն դիմաց եւ ամէն գնով յաջողցուցին այս օգտաշատ ծրագիրը: Մնայուն կազդուրման կայան մը ունենալու երազը իրականացաւ 2013 թուականին` յանձինս Գլպաշեան ամոլի ազնիւ բարերարութեան: 17 օրերու վրայ երկարող ծրագիրին հետեւեցան 43 երեխաներ: Անոնք պատասխանատուներուն առաջնորդութեամբ ունեցան ընկերային, դաստիարակչական, մարզական եւ մշակութային պահեր: Սորվեցան հայերէն երգեր ու պարեր: Ցօղիկ Հաւաթեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց դեռատի սերունդին քայլերգներուն հարազատ երգեցողութիւնը: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ այս շրջափակին մէջ եղողները վկաները պիտի ըլլան, թէ այս երեխաները երդում տուին, իրենց շրթներէն ծորող երգեցողութիւնը վկայ, հաւատարիմ մնալու իրենց հայկական պատկանելիութեան, Լիբանան հայրենիքին եւ աշխարհասփիւռ կանացի կազմակերպութեան` ՀՕՄ-ին:
Ան յայտնեց նաեւ, որ յառաջիկայ շաբաթներուն Այնճարը կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 80-ամեակը: Ան մաղթեց, որ Մուսա լերան ոգին վառ մնայ իւրաքանչիւր հայ պատանիի սրտին մէջ եւ խթան ըլլայ մեր կառոյցներու եւ հաստատութիւններու յառաջդիմութեան: Ան մաղթեց նաեւ, որ «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանը ըլլայ միշտ լուսաւոր, բակը` շէնշող ու զուարթ ճռուողիւններով լեցուն:
Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի քաղաքապետութեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն, բարերարներուն, Կազդուրման կայանի պատասխանատուին, օգնականներուն, անձնակազմին եւ սննդագէտին:
Աւարտին մասնակցողներուն հաստատագիրներ տրուեցան, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: