Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին շաբաթ, 25 յունուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
ՀՕՄ-ի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց Մարալ Ղարիպեան: Ան յայտնեց, որ մարդոց բոլոր գործերը հիմնուած են հաւատքի վրայ: Անոնք, որոնք կրօնին մէջ միայն չոր բարոյական մը կ՛ուզեն տեսնել, կը սխալին: Կրօնը բարոյականէն շատ վեր եւ բարձր իրողութիւն մըն է: Ապա ան խօսեցաւ հայապահպանման մասին եւ անոր հիմքը նկատեց հայ արիւնը, հայ տունը, հայ լեզուն, հայ դպրոցը եւ հայ եկեղեցին: Ան նշեց, որ եկեղեցին, ընտանիքը եւ դպրոցը կը սրբացնեն մեր կեանքը տան մէջ: Այս պատճառով ալ այս դասախօսութիւնը լուսարձակի տակ պիտի առնէ հայկական հինգ տաղաւար տօները` Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն, Յարութիւն Տեառն, Այլակերպութիւն, Վերափոխումն Ս. Աստուածածինի եւ Վերացումն Ս. Խաչի: Ան հակիրճ բացատրութիւն տուաւ եւ ապա ներկայացուց օրուան դասախօս` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը:
Այնուհետեւ Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սարկաւագաց դասը ներկաներուն մատուցեց հայ եկեղեցւոյ շարականներու գանձարանէն հինգ տաղաւարներուն նուիրուած շարականներ, ինչպէս` «Խորհուրդ մեծ», «Այսօր յարեաւ», «Ուրախացի՛ր պսակ», «Աստուածածին ամպ լուսաւոր», «Խաչն կենարար»:
Հուսկ, Մեղրիկ եպս. Բարիքեան հաղորդական եւ մասնագիտական կերպով ներկայացուց «Հայկական հինգ տաղաւարները ազգային եւ կրօնական դիտանկիւնէն դիտուած» նիւթը: Ան նշեց, որ կրօնը եւ քաղաքականութիւնը մէկ ընդհանուր նպատակ ունին` ուժ ձեռք ձգել եւ այդ ուժը օգտագործել նպատակները իրագործելու համար: Քրիստոնէական կրօնին նպատակն է մարդոց հոգիին, զգացումին մէջ քրիստոնէական բարոյագիտութիւն ներմուծել: Ուժը կրնայ ըլլալ զինուորական կամ նիւթական եւ մէկը միւսը կ՛ամբողջացնէ: Եկեղեցւոյ մէջ զինուորական ուժն ալ կարեւոր է: Ուժի պայքարով ե՛ւ քաղաքականութիւնը, ե՛ւ կրօնը փորձած են զիրար քայքայել: Հայութեան պարագային, երբ կրօնը եւ քաղաքականութիւնը կը միանան իրարու հետ եւ կը փորձեն քաղաքական ուժին մենաշնորհում տալ, այս յարաբերութիւնը կը կոչուի ամբողջականացած եւ փոխանակման օրինակ: Երբ կրօնը եւ քաղաքականութիւնը իրարու կը բախին, արդիւնքը կ՛ըլլայ տարանջատում, եւ երկուքն ալ կը վնասուին:
Սրբազան հայրը անդրադառնալով դասախօսութեան նիւթին յայտնեց, որ պէտք է խուսափինք որեւէ փոփոխութենէ, որ կը խանգարէ միացեալ կառուցուածքը: Ան ըսաւ, որ հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքները զիրար կ՛ամբողջացնեն, եւ կրօնը կարելիութիւն ունի բան մը ինքնուրոյն դարձնել: Կրօնը աշխարհի միակ ուժն է, կառոյցն է, որ երբ հայրենիքը պէտք ունի, ան կրնայ ամէնէն անհաւատ մարդն անգամ մղել հայրենիքի պաշտպանութեան: Ան ըսաւ, որ մերժելի է կրօնին ենթակայութիւնը, կրաւորականութիւնը, յարձակողականութիւնը, փոխզիջողականութիւնը եւ անջատողականութիւնը: Կրօնը իրաւունք չունի իրմէ հեռացնելու ինչ որ ազգային է, զիջելու իր ազգային դիմագիծը: Հայ եկեղեցին ազգային եկեղեցի է: Հայ եկեղեցւոյ տաղաւար տօներուն մէջ ազգը եւ եկեղեցին զիրար կ՛ամբողջացնեն: Այս հինգ տօները մեզի կը յիշեցնեն, որ Քրիստոսի ծնունդով փրկութիւն հագուեցանք, յարութեամբ անգիտութեան խաւարը լոյսով հալածուեցաւ, այլակերպութեամբ այդ լոյսը փառքի ճառագայթի վերածուեցաւ, Աստուածածինի վերափոխումով Աստուածածինը եղաւ այն կենդանի ճշմարտութիւնը, որ իր մարմնով երկինք համբարձաւ, իսկ Վերացման Ս. Խաչը մեզի կը յիշեցնէ Ադամին եւ Եւային մեղանչումէն մինչեւ Քրիստոսի խաչելութիւն կատարուած բոլոր փուլերը, նաեւ կը յիշեցնէ մեզի, թէ անապատին մէջ Մովսէս մարգարէն ինչպէ՛ս օձը բարձրացուց, եւ ով որ այդ օձը տեսաւ` բժշկուեցաւ, այնպէս ալ Քրիստոս խաչ բարձրացաւ, եւ ով որ խաչը տեսաւ` բժշկուեցաւ: Ան ըսաւ, որ այս հինգ տաղաւար տօներուն հիմը Հին կտակարանն է, որուն մասին խօսուած է հոն: Ազգային եւ կրօնական դիմագիծը անբաժանելի եւ իրարու միացած մէկ յատկութիւն ունին, որ կը կոչուի հայութիւն: Ազգային մեր դիմագիծին մէջ ունինք մեր մշակոյթը, անհատականութիւնը, գործնական, ընկերային, քաղաքական նախադրեալները, մտածումի հասկացողութիւնը, ուրոյն մտածումը, ընտանիքը, աւանդութիւնը: Ապա Մեղրիկ եպս. Բարիքեան գործնական ձեւով բացատրեց Յուլիան (Հին) տոմարը եւ Գրիգորեան (Նոր) տոմարը, ըստ որուն հայ եկեղեցին ընդհանրապէս կը հետեւի Նոր տոմարին եւ Ս. Ծնունդը կը տօնէ 6 յունուարին, իսկ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը կը հետեւի Հին տոմարին եւ Ս. Ծնունդը կը տօնէ 18 յունուարին:
Աւարտին սրբազան հայրը սպառիչ եւ լուսաբանական պատասխաններ տուաւ ներկաներու հարցումներուն:
Հուսկ դաստիարակչական յանձնախումբը յուշանուէր յանձնեց Մեղրիկ եպս. Բարիքեանին: