Երէկ` երեքշաբթի, 28 յունուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համրայի «Մասրահ Մատինա»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի «Չմօտենա՛ք ինծի, տիկի՛ն» թատերական ներկայացումը, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ: Թատերախաղին հեղինակն է Հայկ Յակոբեան: Առաջին անգամ ըլլալով, արաբերէնով այս թատերախաղին ներկայացումը ստեղծեց խանդավառութիւն: Թատերական ներկայացման երկու դերասանները` Սենտի Ղազարեանն ու Նժդեհ Մկրտիչեանը պատահաբար կը հանդիպին եւ կ՛արծարծեն ընկերային խնդիրներ, յատկապէս անձնասպանութեան նիւթը:
Թատրոնին մանրամասն պիտի անդրադառնանք հետագային:
Նշենք, որ թատերախաղին վերջին ներկայացումը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 29 յունուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, նոյն վայրին մէջ: