Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին երկուշաբթի, 2 մարտ 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ շահեկան դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ ներկայիս համաշխարհային համաճարակի վերածուած «Քորոնա» ժահրին մասին:
ՀՕՄ-ի քայլերգին յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ընդհանուր մարմինի բժիշկ տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան դասախօսութեան սկիզբը նախ կատարեց ժահրին սահմանումը եւ ըսաւ, որ բուն անունը նոր «Քորոնա» ժահր է, որ աշխարհի առողջապահական կազմակերպութիւնը անուանեց COVID 19: Ապա ան ներկայացուց ժահրը եւ ըսաւ, որ անիկա չափէն աւելի պզտիկ օրկանիզմ մըն է, որ միայն մանրադիտակով կարելի է տեսնել: Այս ժահրը այլ ժահրերու նման եթէ չմտնէ ուրիշ մարմինի մէջ, չի բազմանար: Ան ըսաւ, որ «Քորոնա» ժահրը կու գայ մեծ ընտանիքէ, որ 1960-ին գտնուեցաւ: Այս ժահրը վնաս կը հասցնէ միայն շնչառական համակարգին: Այս ժահրը առաջին անգամ հաւերու մէջ գտան, ապա` խոզին մէջ: Երբ մանրադիտակով նայինք, ժահր մը իր ձեւը կը փոխէ: «Քորոնա» ժահրը մարդուն հետ շփուելով սկսաւ փոխուիլ: Նոյնիսկ թռչուններու մօտ ալ կայ այս ժահրը: Բժիշկը խօսեցաւ նաեւ այլ ժահրերու մասին, ինչպէս` H1N1, H1N2, H2N2, որոնք կապ ունին ժահրի փոփոխութեան հետ: 18 տեսակ H-ով սկսող ժահրեր կան: Ասոնք ինֆլուենզային հետ կապ ունին: Իսկ «Քորոնա»-ի պարագային անիկա 4 տարբեր ձեւեր ունի, բայց բոլորն ալ կը վարակեն շնչառական համակարգը:
Առաջին տեսակը` ՍԱՐԶԸ (շնչառական համակարգի սուր հիւանդութիւն), որ ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուեցաւ, 9000 հոգի վարակուեցան:
Երկրորդ` ՄԵՐՍ-ը, ուղտերէն փոխանցուեցաւ մարդուն:
Իսկ հոկտեմբեր 2019-ին «Քորոնա» ժահրը Եուհանի մէջ (Չինաստան) յայտնաբերուեցաւ նոր ձեւով: Եթէ մեր մարմիններու ինքնապաշտպանութիւնը կ՛արտադրէ հակամարմիններ, այս առումով մեր մարմինները պատրաստ չեն «Քորոնա» ժահրը դիմակայելու: Այս համաճարակը կը մեծնայ, եւ մարդոց մարմինները պէտք է պատրաստուին այս ժահրին, որովհետեւ անիկա նոր է:
Ինֆլուենզայի պարագային ժահրը զերօ օրէն մինչեւ չորրորդ օրը կ՛ապրի մարմնին մէջ, բայց նշաններ չի տար: Այդ չորս օրուան մէջ կը վարակուիս, բայց յայտնի չ՛ըլլար վարակումը: Իսկ «Քորոնա» ժահրը երկրորդ օրէն մինչեւ տասնչորս օր նշաններ տալու կը սկսի: Ապա տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան խօսեցաւ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու տուեալներուն մասին (անցեալ ուրբաթ օրուան վրայ հիմնուած). 83.335 հաստատուած վարակուողներ կան, իսկ մահացողներուն թիւը 2858 էր աշխարհի տարածքին, իսկ երկուշաբթի օրուան տուեալները ցոյց կու տան, թէ 88.938 վարակուածներ կան, իսկ մահացողներուն թիւը աւելի քան 3000 է: Քանի մը օրուան մէջ արդէն թիւը բազմացած է: Ան այս դասախօսութիւնը լուսաբանութիւն նկատեց, որպէսզի ամէն մարդ նախազգուշութիւն ունենայ: Այս ժահրը մահացու եւ վտանգաւոր չէ, եթէ ճիշդ ձեւով պայքարինք անոր դէմ:
Հոկտեմբեր 2019-ին Չինաստանի մէջ յայտնաբերուած այս ժահրը երկու ամիս ետք արդէն տարածուեցաւ Հարաւային Քորէայի եւ Ամերիկայի մէջ: Ժահրը կը սիրէ ուրիշին մէջ ապրիլ եւ կաթիլներով կը սկսի տարածուիլ: Երբ փռնգտանք կամ հազանք, կաթիլներ օդը կը տարածուին եւ մարդիկ այդ ժահրը կ՛առնեն: Հազի պարագային, ձեռքի վրայ այդ ժահրը կ՛ապրի երկու ժամէն մինչեւ ութ ժամ: Երբ մէկը տեղ մը դպչի, պէտք է ձեռքերը լուայ: Այս ժահրի պարագային պէտք է զգուշ ըլլալ վարակուածներէ: Քրոնիկ հիւանդութիւններու պարագային այս ժահրը աւելի շուտ կը զարգանայ: Ասոր կողքին, համբուրուելու պարագային պէտք է զգուշանալ, որովհետեւ եթէ նախապէս մարդը անասուններէ կը վարակուէր, ներկայիս մարդուն կը վարակէ:
Ան ներկայացուց նաեւ վաւերագրական տուեալներ աշխարհի տարածքին այս ժահրէն վարակուողներուն, որոնց մէջ գերազանց համեմատութիւնը կը կազմեն Չինաստանի, Հարաւային Քորէայի, Իրանի եւ Իտալիոյ բնակիչները, որովհետեւ հոն հիւանդացողներուն թիւը մեծ է եւ կը տարածուի: Իտալիոյ մէջ ներկայիս 1694 հոգի արդէն հիւանդացած է, անոնցմէ 34 հոգի մահացած են, Իրանի մէջ` 978 հիւանդ, որոնցմէ 54-ը մահացած են, Քորէայի մէջ` 4212, որոնցմէ 22-ը մահացած են, Միացեալ Նահանգներու մէջ 77 հոգի վարակուած են, որոնցմէ 3-ը մահացած են: Այս երկիրներուն մէջ սովորութիւններ կան, որոնք պատճառ կ՛ըլլան հիւանդութեան արագ տարածման, ինչպէս` միասին ուտել, ապրելու ձեւերը եւ այլն:
Դասախօսը խօսեցաւ հիւանդութեան ախտանշաններուն մասին եւ ըսաւ, որ եթէ այս երեք նշաններէն մէկը յայտնուի պէտք է անմիջապէս բժիշկի դիմել: Այսպէս` եթէ տաքութիւնը 38,5 եւ վեր ըլլայ, պէտք է դիմել բժիշկի, երկրորդ` հազը եւ շունչի նեղութիւնը (Ազմա հիւանդութիւն ունեցող անձերու մօտ շատ արագ կը զարգանայ այս ժահրը): Այս ժահրը դիւրաւ կը տարածուի տարեցներուն մօտ, որովհետեւ անոնք տկար դիմադրողականութիւն ունին: Անոնք, որոնք սրտի եւ թոքերու քրոնիկ հիւանդութիւններ ունին: Անոնք որոնք արեան տկարութիւն ունին եւ որոշ դեղեր կ՛առնեն մկաններու համար:
Հիւանդները շատ արագ հիւանդանոց պէտք է հասցնել, երբ տաքութիւնը չ՛իջներ, երբ շատ առատ թոքերէն լորձունք եւ խուղ կ՛ելլէ, շունչի նեղութիւն ունին: Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւնը մինչեւ այսօր այս հիւանդութեան բուժումը չէ գտած: Լաւագոյն բուժումը այն է, որ պէտք է առանձնացնել հիւանդները: Այս հիւանդները պէտք է առանձին անձեռոց գործածեն:
Այս ժահրէն կրնանք պաշտպանուիլ առանց շփումի մէջ մտնելու հիւանդ մարդոց հետ, յատկապէս անոնց, որոնք վարակուած երկիրէ մը կու գան: Պէտք չէ շփումի մէջ մտնել այն տեղերը, ուր օդափոխութիւն չկայ: Եթէ մէկը պիտի փռշտայ, պէտք է անձեռոցով գոցէ բերանը, որովհետեւ ժահրը մէկէն երեք մեթր կը տարածուի: Կարեւոր է քսան երկվայրկեան ձեռքերը օճառել, որպէսզի ժահրը մեռնի: Ան բացատրեց ձեռք լուալու լաւագոյն ձեւը եւ ալքոհոլով օճառ եւ ժել գործածելը: Դիմակը եւ ձեռնոցը չեն ձերբազատեր մեզի վարակուելէ: Շատ տեղեր կան, որոնցմէ կրնանք վարակուիլ: «Միասին կրնանք պայքարիլ այս ժահրին դէմ», եզրափակեց տոքթ. Կարապետ Էքմեքճեան:
Դասախօսութեան աւարտին ներկաները լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին դասախօսին: