Լրագրութեան վարժողական ծրագիրը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ:
Ապագայ լրագրողներուն երէկուան հանդիպումը եղաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ:
Շ. Գանտահարեան ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց Արցախի բանակցային հոլովոյթն ու բանակցութիւններուն ընթացքին հայկական կողմին որդեգրած ռազմավարութիւնը:
Ան բացատրեց ըստ էութեան արցախեան տագնապը եւ Ազրպէյճանի կողմէ մնայուն կերպով ցուցաբերուած թշնամական ու բռնագրաւողի կեցուածքները:
Ան շեշտը դրաւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի կարեւորութեան վրայ` հաստատելով, որ Արցախը ոչ մէկ ատեն, ոչ մէկ ժամանակաշրջանի գտնուած է Ազրպէյճանի տարածքին մէջ:
Շ. Գանտահարեան անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան պայմաններուն, ինչպէս նաեւ Արցախի ինքնուղման շարժումին ու հետագային անոր ազատագրական պայքարի վերածուելուն:
Ան ընդգծեց միջազգային օրէնքին մէջ օգտագործուած եզրաբանութեան կարեւորութիւնը` անդրադառնալով 1994-ին ստորագրուած զինադուլին կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ բացատրելով տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգային ինքնորոշման յղացքներն ու անոնց նրբութիւնները:
Շ. Գանտահարեան ակնարկեց բանակցութիւններուն այսօրուան իրավիճակին` շեշտելով Արցախը բանակցութեան սեղան վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ապագայ լրագրողները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ ուշադիր հետեւեցան տրուած յստակ եւ միջազգային օրէնքով հիմնաւորուած բացատրութիւններուն: