Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն

Մարտ 11, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան հետեւեալ հաղորդագրութիւնը յղեց հանրութեան.

Կարգ մը ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուեցան տեսերիզի բաժիններ, որոնց մէջ կ՛երեւին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի ոստիկաններ, որոնք ծեծի կ՛ենթարկեն, ըստ իրենց, սեռափոխուած մը, ինչ որ որոշ հակազդեցութիւններ ստեղծեց:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը վստահեցնելով հանրութեան, որ հարցը դատական եւ ապահովական համապատասխան կառոյցներուն կողմէ կը հետապնդուի, կ՛ուզէ կատարել հետեւեալ պարզաբանումները.

Ա.- Իրողութիւններ

Կիրակի, 8 մարտ 2020-ին, առաւօտեան ժամը 4:00-ին, քաղաքապետարանը քաղաքացիներէ ստացաւ բազմաթիւ հեռաձայնային դժգոհութիւններ, ըստ որոնց` բնակչութեամբ լեցուն փողոցի մը մէջ արձանագրուած են պոռչտուքի ու կռիւի դէպքեր, որոնց հիմամբ քաղաքապետարանի ոստիկանութենէն խումբ մը ուղղուած է դէպքի վայր, ուր տակաւին տղու մը եւ երկու աղջիկներու միջեւ կռիւ մը կը շարունակուէր: Քաղաքապետարանի ոստիկանութիւնը անջատած է կռուող կողմերը, սակայն աղջիկներէն մէկը, որ չափազանց գինով վիճակի մէջ կը գտնուէր, շարունակած է պոռչտուքը եւ երկաթեայ շղթայով մը հարուածած է երկու ոստիկաններ, որոնք ստիպուած ուժ կիրարկած են միայն այդ աղջկան դէմ` զինք զսպելու նպատակով: Ոստիկանութեան խումբը կատարած է նման դէպքերու պարագային հարկն ու պատշաճը:

Բ.- Կարգադրութիւններ

Հարցը ըստ օրէնքի փոխանցուած է պետական դատական ու ապահովական համապատասխան կառոյցներուն, որոնք կը կատարեն համապատասխան քննութիւնները:

Գ.- Հակազդեցութիւններ եւ քաղաքապետութեան կեցուածքը

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը մերժէ որեւէ տեսակի բռնութիւն եւ կ՛ափսոսայ անհիմն ու թերի տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած ըսի-ըսաւներուն համար եւ կ՛ուզէ կատարել հետեւեալ ճշդումները, որոնք կը վերաբերին ուժի կիրարկումին, աղջկան, քաղաքապետարանի ոստիկանութեան, օտար բնակչութեան եւ մարդու իրաւունքներուն:

1.- Ուժի կիրարկում

Քաղաքապետութիւնը քաղաքացիներուն եւ այլ կողմերու հետ յարաբերութեան ընթացքին յաճախ շեշտը դրած է դրական երկխօսութեան, փոխադարձ գործակցութեան ոգիի կարեւորութեան վրայ` մերժելով որեւէ ձեւի ուժի կիրարկում: Եթէ համապատասխան կառոյցներուն կողմէ եւ քննութեան արդիւնքով պարզուեցաւ ուժի կիրարկման մէջ չափազանցութիւն, ապա քաղաքապետութիւնը ամէնէն նախանձախնդիր կողմը պիտի ըլլայ գործադրելու համապատասխան օրէնքները, որոնք այս յանցանքին համար հաշուետուութեան պիտի ենթարկեն յանցաւորները:

2.- Սեռային (գենդերային) հարց

Պէտք է յիշեցնել, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը առաջինը եղաւ իր անձնակազմին մէջ ոստիկանուհիներ ընդգրկելու մէջ, եւ կիները կը նախագահեն քաղաքապետարանի բաժանմունքներուն կէսը, ինչպէս նաեւ պաշտօնէութեան կարեւոր տոկոս մը կազմուած է կիներէ` ընդգծելով, որ ամբողջ պաշտօնէութեան իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները հաւասար են ըստ օրէնքի: Աւելցնենք նաեւ, որ տարիներու ընթացքին քաղաքապետական խորհուրդին մէջ կիներու ներկայութիւնը միշտ օգտակար եւ ազդու եղած է, ուստի սեռային (գենդերային) հարցով որեւէ ամբաստանութիւն չի համապատասխաներ իրողութեան:

3.- Ոստիկանութեան աշխատանք եւ պարտաւորութիւն

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը հաստատէ, որ յանձնառու է շարունակելու քաղաքապետութեան ոստիկանութեան զարգացման ընթացքը եւ կատարելու հարկն ու պատշաճը զայն համայն ընկերութեան պատկանող ոստիկանութեան վերածելու` յանուն ընկերութեան ապահովութեան եւ հանգստութեան:

4.- Օտար քաղաքացիներու հետ յարաբերութիւն

Պուրճ Համուտը ծանօթ է իր բազմատարրութեամբ եւ բոլորին նկատմամբ բաց մօտեցումով, որոնցմով կը յատկանշուի: Անցեալ տարիները փաստեցին, որ քաղաքապետութիւնը եւ տեղական ընկերութիւնը տարբերութիւն չեն դներ մարդոց միջեւ, ինչ որ ցուցանիշ է օտար բնակչութեան հանգիստ ապրելու փաստին: Ասիկա կարգ մը կողմերէ արժանացաւ նոյնիսկ քննադատութեան, սակայն քաղաքապետութիւնը կը պնդէ բոլոր բնակիչներուն հետ հաւասարապէս եւ օրէնքի տարրին հիմամբ վարուելու սկզբունքին վրայ:

5.- Սեռային կողմնորոշումներու մասին տեղի ունեցած մեկնաբանութիւններու եւ արտայայտուած կեցուածքներու առնչութեամբ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը տեղական պաշտօնական իշխանութիւն է: Օրէնքը անոր կը պարտադրէ պարտաւորութիւններ աշխարհագրական որոշ սահմաններու մէջ ապրող քաղաքացիներուն նկատմամբ` ինչ ալ ըլլայ անոնց կրօնական, ցեղային եւ քաղաքացիական պատկանելիութիւնը եւ ինչ ալ ըլլայ անոնց սեռային հակումը: Օրէնքը ինքզինք կը պարտադրէ նաեւ բոլորին վրայ: Ուստի, օրէնքի սահմանները կը մնան պարտադիր, անկախ որեւէ այլ նկատառումէ:

Կ՛եզրակացնենք, որ Պուրճ Համուտի պատմութիւնը կը վկայէ օրէնքին նկատմամբ խստապահանջ ըլլալու, մարդու իրաւունքներու նկատմամբ, անկախ որեւէ նկատառումէ, անոր յանձնառութեան, մերժելով սեռային, կրօնական կամ որեւէ այլ ձեւի խտրականութիւն, ինչպէս նաեւ կը մերժէ որեւէ տեսակի բռնութիւն:

Իսկ ինչ կը վերաբերի պատահածին, քաղաքապետութիւնը կը հաստատէ, որ անիկա փոխանցուած է պետական դատական ու ապահովական համապատասխան կառոյցներուն, որոնք կը կատարեն հարցին քննութիւնը:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը շեշտէ քաղաքացիական ընկերութեան, լրատուական միջոցներու եւ ընկերային ցանցերու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը` մաղթելով, որ անոնք լուրերը ստանան վստահելի եւ ստոյգ աղբիւրներէ:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

 

Նախորդը

Բարին, Գեղեցիկը Եւ… Ճշմարիտը

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Աշակերտները Զմմառու Վանք Այցելեցին
Գաղութային

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Աշակերտները Զմմառու Վանք Այցելեցին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?