Ֆրանչիսկոս պապին եւ Ազհարի միացեալ նախաձեռնութեամբ, 14 մայիսը հռչակուեցաւ Համաշխարհային աղօթքի օր: Յիշեալ նախաձեռնութեան միացան նաեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը, միջազգային այլ կազմակերպութիւններ եւ կրօններ:
Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական հրաւէր ստացաւ Կազմակերպիչ կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ` մասնակից դառնալու համաշխարհային աղօթքին: Վեհափառ հայրապետը իր կողմէ խմբագրուած արաբերէն ու անգլերէն աղօթքները ղրկեց յանձնախումբին: Ապա, հինգշաբթի, 14 մայիսի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքի մայր տաճարի մուտքին, միաբան հայրերը վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ հաւաքական աղօթք մը կատարեցին: Արարողութեան ընթացքին հայ եկեղեցւոյ բժշկութեան աղօթքը կարդացուեցաւ, ինչպէս նաեւ վեհափառ հայրապետին կողմէ գրուած աղօթքը` անգլերէնով եւ արաբերէնով: Երգուեցան «Տէր ողորմեա», «Փառք Քեզ Տէր Աստուած»-ը, եւ «Հայր մեր»-ի երգեցողութեամբ փակումը կատարուեցաւ արարողութեան:



