Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարաշ Թաղի Կուպրապատման Աշխատանք

May 12, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ամբողջացուց Մարաշ թաղի կուպրապատման աշխատանքը: Թաղի ենթակառոյցի (ջրանցքներ, կոյուղիներու ծածկեր եւ այլն) մէկ մասը արդէն պատրաստ է, իսկ մնացեալ աշխատանքները պիտի ամբողջացուին յառաջիկայ երկու օրերուն:

Այնուհետեւ պիտի ամբողջացուի մայթերու նորոգութիւնը․ փողոցի մէկ կողմի (հիւսիս-արեւելեան) մայթը երկաթէ ցօղերու զետեղումով պիտի վերապահուի հետիոտն երթեւեկողներուն, իսկ միւս կողմի (հարաւ-արեւմտեան) մայթին վրայ թաղի բնակիչներուն պիտի արտօնուի ինքնաշարժներ շարել երեկոյեան  ժամը 6:00-էն առաւօտեան ժամը 9:00: Ցերեկային ժամերուն պիտի արգիլուի այդ կողմին վրայ եւս ինքնաշարժ շարելը, բացառութեամբ կարճ ատենով ապրանք պարպել-լեցնելու համար: Այս դասաւորումին նպատակն է առիթ տալ  առեւտրական իր բնոյթով յայտնի այս թաղի գործատէրերուն շարունակել իրենց աշխատանքը, միաժամանակ ապահովելով ինքնաշարժներու հանգիստ անցք, հետիոտն  յաճախորդներու ապահով երթեւեկ եւ թաղի բնակիչներուն գիշերը ինքնաշարժ շարելու դիւրութիւն:

Այս աշխատանքները պիտի աւարտին յաոաջիկայ շաբաթասկիզբին: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մարաշ թաղի բնակիչներուն եւ առեւտրականներուն, որոնք հասկացողութեամբ ընկալեցին այս աշխատանքներուն անհրաժեշտութիւնը  առաջին հերթին իրենց համար, եւ համբերատարութեամբ կը սպասեն թաղի նորոգութեան աշխատանքներու աւարտին:

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն Թիւ 20. «Քորոնա»-ի Ճգնաժամային Շտապի Գործունէութիւնը` Մարտ 17-էն Այսօր Բազմակողմանի Աշխատանք 586 Միլիոն Լ.Ո. Օժանդակութիւն

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.