Լիբանանի տնտեսական տագնապալի այս օրերուն դարձեալ կը դիմագրաւենք նոր տագնապ մը, որ թէ՛ առողջապահական է եւ թէ՛ տնտեսական:
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէն, կուսակցութեան եւ իր շրջանի ժողովուրդին միջեւ անմիջական կապը ըլլալով, հետեւողական կերպով ներկայ է ակումբին մէջ` հասնելու համար բոլոր իրեն դիմողներուն, ինչպէս միշտ: Համաճարակի այս օրերուն, կոմիտէն իբրեւ առաջին քայլ նախաձեռնեց «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի շաբաթական դրութեամբ հականեխման աշխատանքին` ապահովելու համար ո՛չ միայն ընկերներու, այլ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ համալիրին մէջ հաստատուած դարմանատուն յաճախող հայորդիներու առողջապահական անվտանգութիւնը:
Երկրին մէջ հաստատուած ընդհանուր մեկուսացման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած տնտեսական տագնապին բեռը կարելի եղածին չափ թեթեւցնելու նպատակով, կոմիտէին երկրորդ քայլը եղաւ կարիքաւոր ընտանիքներու սնունդի ապահովումը: Օժանդակութիւններ ապահովելու աշխատանքի ծիրին մէջ, կոմիտէն դիմեց կուսակցութեան, շրջանի քաղաքապետական խորհուրդներուն, շրջանին մէջ թէ արտասահման բնակող մեր բարեկեցիկ հայորդիներուն, որոնք սիրայօժար ընդառաջեցին կոմիտէին փափաքին: Անմիջապէս պատրաստուեցաւ սննդամթերքի տուփերը` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի անդամներուն օգնութեամբ: Ցարդ օժանդակութիւն ստացած են աւելի քան 280 ընտանիքներ: Օժանդակութիւններ բաշխուեցան անխտիր բոլոր դիմորդներուն: Իսկ ներկայիս կը շարունակուի նոր դիմումներու արձանագրութիւնը: Աւելցնենք նաեւ, որ իւրաքանչիւր ընտանիք տագնապալի այս օրերուն պիտի շարունակէ հերթական կերպով ստանալ յիշեալ օժանդակութիւնները:




