Արցախեան պայքարի լիբանանահայ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 28-րդ տարելիցին առիթով երէկ` կիրակի, 10 մայիս 2020-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Վիգէն Զաքարեան» սրահին մէջ հրամցուեցաւ հոգեսուրճ: