Հինգշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2020-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Պէյրութի պետական երեսփոխանները ներկայացնող յանձնախումբը` բաղկացած հայ թէ այլ համայնքներու պատկանող երեսփոխաններէ: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին պարզել Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող` նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով վնասուած ընտանիքներու օժանդակութեան ծրագիրը:
Վեհափառը ողջունեց յիշեալ ծրագիրը` միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ կարելի բոլոր միջոցներով եւ շուտով գործադրութեան դրուի ծրագիրը` անձրեւաբեր եղանակին սկսելէ առաջ: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ մեծ թիւով հայկական ընտանիքներ եւ տուներ վնասուած են պայթումին հետեւանքով, յատկապէս Էշրեֆիէի, Հայաշէնի, Ժեհթաուիի, Մար Մխայէլի, Հաճընի եւ Պուրճ Համուտի մէջ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ կարեւորութեամբ նկատի առնուին նաեւ հայկական թաղամասերը, շեշտեց վեհափառ հայրապետը: