Անցնող օրերուն ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոսին յաջորդաբար այցելեցին Պէյրութի Իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մլհեմ Խալաֆ եւ Քըրնեթ Շեհուանի քաղաքական համախմբումի նախկին անդամներէն Սիմոն Քարամ:
Մլհեմ Խալաֆի այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին ներկայացնել փաստաբաններու, համալսարանական շրջանակներու, քաղաքացիական հասարակութեան առնչուած կառոյցներու ու շարժումներու մասնակցութեամբ մշակուած Լիբանանի քաղաքական դրութեան բարեկարգութեան ծրագիր մը: Ան լայնօրէն բացատրեց ծրագիրին կենսական կէտերը եւ պարզեց իսլամ թէ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու դրական մօտեցումները:
Ողջունելով Լիբանանի բարեկարգութեան միտող որեւէ ծրագիր` վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է պահել Լիբանանի ինքնութիւնը կազմող համայնքներու գոյակցութիւնը, անոնց գործօն մասնակցութիւնը պետական կառոյցներուն, յարգել անոնց իրաւունքները եւ Լիբանանը հեռու պահել շրջանային թէ միջազգային տագնապներէ:
Նոյն օրը վեհափառ հայրապետը նաեւ ընդունեց Քըրնեթ Շեհուանի քաղաքական համախմբումի նախկին անդամներէն Սիմոն Քարամը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ընդհանրապէս շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն:
Յայտնենք, որ թէ՛ Խալաֆ եւ թէ՛ Քարամ անդրադարձան Արցախի հարցին եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին: