Սպանիա
20 հոկտեմբերին Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցի մը ընթացքին Մատրիտէն եւ սպանական այլ քաղաքներէ հարիւրաւոր հայեր դատապարտեցին Արցախի եւ Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ յարձակումները` «ահաբեկիչ» որակելով անոնց նախագահները: Միեւնոյն ժամանակ սթափելու կոչ ուղղեցին Սպանիոյ, որպէսզի հայոց 2-րդ ցեղասպանութիւն մը տեղի չունենայ:
Ցուցարարները նաեւ պահանջեցին ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Ֆրանսա
23 հոկտեմբերին Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ հազարաւոր հայեր Ֆրանսայէն, նաեւ եւրոպական տարբեր երկիրներէ, ինչպէս` Պելճիքայէն, Լեհաստանէն, Հոլանտայէն բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին դիմաց: Անոնք միջազգային հանրութենէն պահանջեցին արձագանգել Արցախի մէջ տեղի ունեցող թուրք-ազրպէյճանական ահաբեկչական գործողութիւններուն:
Ցոյցը սկսաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելով ինկած հերոսներուն յիշատակը, ապա ցուցարարները ծափահարութիւններով ողջունեցին սահմանագիծին վրայ կանգնած հերոս տղաքը:
Մասնակիցները բարձրացուցած էին պաստառներ տարբեր գրառումներով. «Դադրեցուցէ՛ք ահաբեկչութիւնը», «Կանգնեցուցէ՛ք մարդասպան Էրտողանը», «Ձեր լռութիւնը յանցանք է», «Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք», «Արթնցէ՛ք. ձեր լռութիւնը կը սպաննէ իմ ժողովուրդս», «Զոհուիլ չկայ, տղա՛ք» եւ այլն: Ցուցարարները նաեւ կը բացագանչէին «Հայաստան», «Արցախ», «Էրտողանն ու Ալիեւը ահաբեկիչներ են», «Ֆրանսան հայերու բարեկամն է», «Հայ զինուոր» եւ այլն:
Ցուցարարները նաեւ կոչ կ՛ուղղէին թրքական խանութներ չմտնելու, թրքական ապրանք չգնելու, ինչպէս նաեւ այլ խանութներու կը յորդորէին` վերցնել թրքական արտադրութիւնները իրենց խանութէն եւ այլեւս չվաճառել:
Միացեալ Նահանգներ
* Խումբ մը ամերիկահայեր բողոքի ցոյց կատարեցին Տալասի մէջ գտնուող «Լաքհիտ Մարթին» ռազմարդիւնաբերական ընկերութեան գործարանին մօտ:
Ցուցարարները դատապարտեցին թրքական անօդաչու թռչող սարքերու համար ամերիկեան բաղադրամասեր եւ ճարտարագիտութիւն տրամադրելու ընկերութեան քայլը, որուն պատճառով թրքական անօդաչուները կը ռմբակոծեն Արցախի հայ բնակչութեան տուները:
Ցոյցին մասնակցողները բազմաթիւ պաստառներ բարձրացուցած էին` պահանջելով, որ ընկերութիւնը դադրեցնէ ռազմական նշանակութիւն ունեցող սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ:
Նշենք, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը դիմած է արտաքին գործոց նախարարութեան, մահաբեր արտածումները կասեցնելու պահանջով` ակնարկելով յատկապէս թրքական «Պայրաքտար» անօդաչուներուն համար նախատեսուած ամերիկեան բաղադրամասերու վաճառքին:
* Ալասքայի մէջ տեղի ունեցաւ ցոյց, որուն ընթացքին ցուցարարները իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Արցախի եւ Հայաստանի, նաեւ դատապարտեցին ազրպէյճանա-թրքական ահաբեկչական գործողութիւնները: Ցոյցի կազմակերպիչներէն Եւա Շարփ նկատել տուաւ, որ ցոյցին հայերու կողքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ յոյները, ռուսերը, ուքրանացիները եւ քիւրտերը:
Արցախի դրօշներով ու պաստառներով հայերը Ալասքայի բնակիչներուն պատմեցին, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը կատարուի Արցախի մէջ: