Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Իսի Լէ Մուլինոյի Քաղաքապետութեան Աջակցութեամբ` ՀՄԸՄ 7,5 Թոն Սննդեղէն, Հագուստներ Եւ Դեղորայք Կը Բաժնէ Լիբանանահայ Ընկերային Առումով Կարիքաւոր Պարագաներու

Դեկտեմբեր 29, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին, ՀՄԸՄ 7,5 թոն սննդեղէն, հագուստներ եւ դեղորայք բաժնեց լիբանանահայ ընկերային առումով կարիքաւոր պարագաներու: Օժանդակութիւնը տրամադրեց Փարիզի արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի քաղաքապետութիւնը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առիթով իր կատարած մարդասիրական օգնութեամբ:

Արդարեւ, քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի նախաձեռնութեամբ եւ փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեանի գլխաւորութեամբ, Պէյրութի պայթումէն անմիջապէս ետք, Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ ծայր տուաւ լիբանանցիներու օժանդակութեան ծրագիր մը, որուն մասնակցեցան քաղաքին բնակիչները, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-Ֆրանսի անդամները: Ծրագիրը նպատակադրեց օժանդակել պայթումէն ամէնէն աւելի վնասուած Պէյրութի մարոնի եւ հայ համայնքներուն: Առ այդ, օժանդակութիւնները ուղղուեցան մարոնիներու Պէյրութի առաջնորդարանին եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ճամբով` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին:

Նախատեսուած օժանդակութիւնը Պէյրութի նաւահանգիստ հասաւ նոյեմբերին: Օժանդակութեան հետ եօթնօրեայ այցելութեամբ մը Պէյրութ այցելեց Իսի Լէ Մուլինոյի քաղաքապետի ներկայացուցիչ` փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեան, որ այս առիթով ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու ընկերակցութեամբ տեսակցութիւններ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Հայ կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս Ի. հոգեւոր տիրոջ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի դեսպաններուն, Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, մարոնիներու Պէյրութի առաջնորդին, «Ազդակ», «Լորիան Լը Ժուր» օրաթերթերու եւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնութիւններուն հետ: Ան նաեւ ընթրիքի հիւրը եղաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, որ այս առիթով երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան յուշանուէր մը յանձնեց Իսի Լէ Մուլինոյի քաղաքապետութեան:

Լիբանան հասած օժանդակութիւնը հանգրուանեց Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ, ուր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի սկաուտ խմբապետները քանի մը փուլով տեսակաւորեցին եւ առանձին հակերու վերածեցին զանոնք: Այնուհետեւ, հրաւիրուեցան գաղութին ազգային-բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք ստանձնեցին իրենց բաժինները եւ տօնական օրերու նախօրեակին բաժնեցին ընկերային իրենց պարագաներուն:

 

Նախորդը

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր «Ազդակ»-ը` Ելեկտրոնային Տարածքներու Վրայ. Նոր Աշխատակարգերու Հրամայականը (Բ.)

Յաջորդը

Սպասելով Նոր Կառավարութեան Կազմութեան. Երկրի Պատասխանատուներու Գործունէութեան Առանցքը Կազմեցին Ապրուստի Եւ Կենցաղային Նոյնքան Հրատապ Հարցեր

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?