Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կրօնի Ու Գիտութեան Ներդաշնակ Գործակցութիւնը Մեծապէս Պիտի Նպաստէ Մարդկային Քաղաքակրթութեան Զարգացման» Արամ Ա. Կաթողիկոս

January 5, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս շեշտաւորումով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եզրափակեց կաթողիկոսարանի Հայագիտական բաժանմունքի ուսանողներուն իր տուած դասախօսութիւնը «Կրօն եւ գիտութիւն» նիւթով, չորեքշաբթի, 24 դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ:

Ներածական իր խօսքին մէջ վեհափառը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կրօնն ու գիտութիւնը, իրենց իւրայատկութիւններով եւ տարբերութիւններով` յիշելով, որ երկուքն ալ տարբեր ձեւերով ու մօտեցումներով կը ձգտին ճշմարտութեան: Ճշմարտութեան փնտռտուքին մէջ կրօնը կը յենի հաւատքին, իսկ գիտութիւնը` փաստին: Կրօնի պարագային հաւատքը առանցքային դեր ունի, իսկ գիտութեան պարագային` բանականութիւնը: Այս երկու տարբեր մօտեցումները երբեմն իրարու կը բախին, երբեմն զիրար կ՛ամբողջացնեն, ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս լայնօրէն բացատրեց, թէ կրօնի քննարկումի աղբիւրը եւ շրջագիծը յայտնութիւնն է, իսկ գիտութեան տեսանելի եւ շօշափելի իրը, դէպքն ու իրականութիւնը: Կրօնի յայտնութեան աղբիւրը, քրիստոնէութեան պարագային, եկեղեցւոյ աւանդութիւնն է եւ Աստուածաշունչը: Այս կէտին շուրջ, վեհափառ հայրապետը բաղդատական մը կատարեց Աստուածաշունչի եւ Գուրանի միջեւ, որոնք բոլորովին տարբեր ըմբռնումներով նկատուած են իբրեւ յայտնութեան ու հաւատքի աղբիւր` առաջինը քրիստոնէութեան եւ երկրորդը իսլամութեան կողմէ: Քրիստոնէութեան պարագային յայտնութեան տուեալներու եւ հաւատքի մօտեցման առընթեր նաեւ բանականութիւնը իր կարեւոր դերը ունի: Իսլամութեան պարագային բանականութեան դերը նուազ է: Գիտութեան պարագային հաւատքը փաստօրէն դեր չունի:

Վեհափառ հայրապետը` պատմութեան անդրադառնալով, ըսաւ, թէ բանականութիւն ու հաւատք յաճախ բախումի մէջ եղած են եւ օրինակները բազմաթիւ են (օրինակ` Կալիլէն, Դիար Տը Շէրտէն եւ ուրիշներ), որոնք բանականութեան կարեւորութիւնը շեշտելով ուղղակի կամ անուղղակի կերպով հարցականի տակ առած են Աստուածաշնչական կարգ մը աւանդապահ ուսուցումները: Սակայն, իսլամութեան պարագային Գուրանի մեկնաբանութեան գծով բանականութեան բացակայութիւնը յաճախ յառաջացուցած է ընկերային հարցեր ու չարիքներ: Այս երեւոյթը նաեւ նշմարելի է ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ, յատկապէս միաստուածեան կրօններու պարագային: Հաւատքը առանց բանականութեան օժանդակութեան կրնայ անորոշութեան առաջնորդել, իսկ բանականութիւնը առանց հաւատքի կրնայ մարդը հեռացնել իր ինքնահասկացողութենէն, իբրեւ աստուածաստեղծ գոյութիւն: «Հետեւաբար, բանականութիւն ու հաւատք զիրար պէտք է ամբողջացնեն ու հարստացնեն», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:

Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ, թէ անցնող դարերու կրօնի ու գիտութեան պայքարը անհրաժեշտ է, որ փոխուի գործակցութեան: Մարդկային մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը կը զարգանայ երբ կրօնն ու գիտութիւնը, իրենց մօտեցման, գործունէութեան ու նպատակի իւրայատկութիւնները պահելով հանդերձ, սերտօրէն գործակցին, շեշտեց ան: Ապա, իբրեւ շօշափելի օրինակ եւ ներկայ ժամանակներու ընկերութիւնը տագնապեցնող հարց, Արամ Ա. շեշտեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն անգլերէն լեզուով լոյս ընծայուելիք իր գիրքին մէջ առաջարկած է, որ աստուածաբաններու, քիմիագէտներու եւ բժիշկներու մասնակցութեամբ գիտաժողովներ տեղի ունենան, որպէսզի կարելի ըլլայ տարբեր հայեցակէտերով քննարկել ժահրերու ծագումը եւ գործունէութիւնը տիեզերքի գոյաւորման ու կազմաւորման ծիրին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Միաբանական Հաւաք Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Նոր Տարուան Մարմաջ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.