Գաղութային

«Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան Ֆոնտ»

«ՀՄԸՄ-ի Գառնիկ Մկրտիչեան Ֆոնտ»

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի մահուան առիթով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան որոշումով ստեղծուած է յատուկ ֆոնտ մը, որուն կանոնագրութիւնն ու աշխատանքի եղանակը այժմ կը մշակուին: Առ այդ, Մկրտիչեան ընտանիքին եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փափաքն է, որ Գառնիկ Մկրտիչեանի յիշատակին կատարուելիք նուիրատուութիւնները հասցէագրուին այս ֆոնտին` միութենական օգտակար եւ մնայուն ծրագիրով մը յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը: Լիբանանէն դուրս, նուիրատուութիւնները կարելի է...

Հոգեհանգստեան Կարգ Վասն Հոգւոցն Հայրապետացն Եւ Համայն Միաբանից Ուխտին Կիլիկեան

Հոգեհանգստեան Կարգ Վասն Հոգւոցն Հայրապետացն Եւ Համայն Միաբանից Ուխտին Կիլիկեան

Սուրբ Աթոռիս աւանդութեան համաձայն, փետրուար ամսուն առաջին կիրակին, տեղի կ'ունենայ հոգեհանգստեան կարգ` հոգիներուն համար Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անթիլիասական շրջանին գահակալած ու ծառայած երջանկայիշատակ վեհափառ հայրապետներուն եւ հոգելոյս միաբան հայրերուն: Առ այդ, կիրակի, 7 փետրուար 2021-ին Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն աւարտին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հայրապետական...

Դասախօսութիւն Դպրեվանքին Մէջ` Երջանկայիշատակ Կաթողիկոսներու Մասին

Դասախօսութիւն Դպրեվանքին Մէջ` Երջանկայիշատակ Կաթողիկոսներու Մասին

Նկատի ունենալով, որ կիրակի, 7 փետրուար 2021-ին Անթիլիասի մայրավանքին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի մեր Ս. Աթոռի վախճանեալ կաթողիկոսներու եւ միաբան հայրերու հոգիներուն համար, ուրբաթ, 5 փետրուար 2021-ի երեկոյեան դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ Ընծայարանի Դ. եւ Գ. դասարանի սարկաւագները ներկայացուցին դասախօսական շարք մը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին Անթիլիաս հաստատուելէն ետք գահակալած...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Համագումարի Գործադիր Մարմինի Ժողովին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Համագումարի Գործադիր Մարմինի Ժողովին

Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու համագումարին գործադիր մարմինը (Conference of Secretaries օf Christian World Communions) առցանց ժողով մը գումարեց 29 յունուար 2021-ին: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` ժողովին մասնակցեցաւ համագումարին անդամ եւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հրանդ վրդ. Թահանեանը: Ժողովին օրակարգը կ՛ընդգրկէր «Բնութիւն եւ ինքնութիւն» աշխատութեան զարգացումն ու ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ ծրագրումը` հոկտեմբեր 2021-ին տեղի ունենալիք համագումարի տարեկան հաւաքին, որ շատ հաւանաբար...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Դատապարտէ Լոքման Սլիմի Սպանութիւնը

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ դատապարտագիրը. ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատպարտէ լիբանանցի մտաւորական եւ քաղաքացիական գործիչ Լոքման Սլիմի սպանութիւնը` շեշտելով, որ կտրուկ կերպով կը մերժէ սպանութիւններու «մշակոյթը» եւ երկրի ապահովական կայունութեան խախտումը: Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ ապահովական մարմիններուն` բացայայտելու այս անարգ ոճիրին ծալքերը: Կեդրոնական կոմիտէն կը յիշեցնէ, որ Լոքման Սլիմ զաւակն է Պէյրութի նախկին երեսփոխան,...

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան. «Գուրգուրալ  Այն Բոլոր Աշխատանքներուն Վրայ, Որոնք  Պիտի Զարգացնեն Սփիւռքի Հայախօս  Հաւաքականութիւնը»

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան. «Գուրգուրալ Այն Բոլոր Աշխատանքներուն Վրայ, Որոնք Պիտի Զարգացնեն Սփիւռքի Հայախօս Հաւաքականութիւնը»

«Ազդակ»-ի առցանց 23-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան զեկուցեց «Արեւմտահայ ապրող գրականութեան միջավայրերը» նիւթին մասին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դոկտ. Մատթէոսեան նախ արձանագրեց, որ լեզուի եւ գրականութեան խնդիրներու քննարկումն ու արծարծումը այս օրերուն, տարբեր հանգամանքներ նկատի ունենալով յայտնուած են երկրորդական հարթակի վրայ: Զեկուցումի իբրեւ նախաբան ան սկսաւ «արեւմտահայ չապրող...

Կաթողիկոսարանը Կը Շարունակէ  Իր Օժանդակութիւնը

Կաթողիկոսարանը Կը Շարունակէ Իր Օժանդակութիւնը

Երէկ Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ գրառումը կատարեց դիմատետրի վրայ. Այսօր կաթողիկոսարանը շարունակեց Լիբանանի հայ համայնքի կարիքներուն իր օժանդակութիւնը: Այս անգամ մեր օժանդակութիւնը կեդրոնացաւ կրթական, կրօնական, ընկերային եւ մշակութային կառոյցներուն վրայ: Համայնքի կեանքին առանցքը իր կառոյցներն են: Անհրաժեշտ է, որ մեր կառոյցները ըլլան կազմակերպ ու ինքնաբաւ, որպէսզի անոնց աշխուժ գործունէութեամբ համայնքը դառնայ կենսունակ: Արդ, անոնք, որոնք մասնակից կը դառնան մեր կառոյցներուն...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

4 hոկտեմբեր 2020-ից, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հաստատումով եւ հովանաւորութեամբ` սկսուեց Ազրպէյճանի կողմից սանձազերծած պատերազմի արդիւնքում տեղահանուած արցախցի ընտանիքների օժանդակութեան ծրագիրը, որը իրականացուեց եւ դեռ շարունակւում է մի քանի ուղղութիւններով եւ փուլերով: Ծրագիրը իրագործւում է ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցի եւ անհատ նուիրատուների նուիրատուութեամբ: Ստորեւ ներկայացուած է ծրագրի արդիւնքները ամփոփուած մինչեւ 2021 թուականի յունուարի 31-ը. - Հոկտեմբեր 4, 2020-ից...

Երեք Անուն, Երեք Գոյն

Հաղորդագրութիւն

2009 թուականին հիմնուեցաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը` հովանաւորութեամբ եւ բարերարութեամբ տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն: Անցնող 11 տարիներուն ցուցասրահը ծաւալեց մշակութային գործունէութիւն` դառնալով արուեստի հարազատ օճախ մը լիբանանահայ, հայրենի եւ արտասահմանի հայ արուեստագէտներուն համար: Ցուցասրահը հիւրընկալեց նաեւ արաբ եւ օտար մեծ թիւով արուեստագէտներ: Ցուցասրահը դարձաւ նաեւ երիտասարդ տաղանդներ քաջալերող կառոյց մը, ինչպէս նաեւ գրական ու մշակութային հանդիպումներու գեղեցիկ...

Պատարագ Ս. Աստուածածին Մատրան Մէջ Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Նորոգ Վախճանեալ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի Յիշատակին

Պատարագ Ս. Աստուածածին Մատրան Մէջ Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Նորոգ Վախճանեալ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի Յիշատակին

Կիրակի, 24 յունուար 2021-ի առաւօտեան, դպրեվանքի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցեց Դպրեվանքի հսկիչ  Գէորգ աբղյ. Գարակէօզեանը: Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Դպրեվանքի նախկին տեսուչ, նորոգ վախճանեալ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի հոգիին համար: Ապա Դպրեվանքի նորանշանակ տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան յաւուր պատշաճի քարոզեց, քաջալերեց դպրեվանեցիները, որպէսզի վերանորոգ հաւատքով եւ առանց յուսահատութեան շարունակեն իրենց սկսած առաքելութիւնը: Տեսուչ հայր սուրբը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Յունաստանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Յունաստանի Դեսպանը

Ուրբաթ, 29 յունուար 2021-ի առաւօտուն, Լիբանանի մէջ Յունաստանի Հանրապետութեան նոր նշանակուած դեսպան Էքաթերինի Ֆունթուլաքի այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ յատկապէս Լիբանանի հայ համայնքին: Վեհափառ հայրապետը անհրաժեշտ բացատրութիւնները տուաւ դեսպանին` ներկայացնելով Լիբանանի հայ համայնքին կառոյցները եւ անոր քաղաքական դերակատարութիւնը: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ սփիւռքի հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Հանդիպման ընթացքին...

Լիբանանեան Բանակը Եւ Ապահովութեան Ուժերը Կ՛օժանդակեն Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Ոստիկանութեան` Պարտադրելու Ընդհանուր Փակումի Որոշումը

Լիբանանեան Բանակը Եւ Ապահովութեան Ուժերը Կ՛օժանդակեն Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Ոստիկանութեան` Պարտադրելու Ընդհանուր Փակումի Որոշումը

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը «Քորոնա» ժահրի համավարակին սկիզբէն ի վեր հետամուտ եղաւ  ձեռնարկելու արթնութեան եւ իրազեկման արշաւներու, կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն յանձնառու մնալու առողջապահութեան սկզբունքներուն` ընկերային հեռաւորութիւն, հականեխում եւ այլն: Այս ծիրին մէջ, կը գնահատենք քաղաքացիներու մեծամասնութեան գիտակցութիւնն ու յանձնառութիւնը: Միաժամանակ, քաղաքապետութիւնը  շարունակեց գործադրել ընդհանուր զօրաշարժի եւ փակման որոշումները: Անկասկած, ընդհանուր զօրաշարժի եւ փակման վերջին որոշումները դիւրին չեն Պուրճ Համուտի ընտանիքներուն եւ...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  1000 Կարիքաւոր Ընտանիքներու  Նիւթական Աջակցութիւն Կը Կատարէ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 1000 Կարիքաւոր Ընտանիքներու Նիւթական Աջակցութիւն Կը Կատարէ

Երէկ Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ գրառումը կատարեց դիմատետրի վրայ. «Այսօր հոգեկան գոհունակութեան օր մըն էր ինծի համար: Արդարեւ, կաթողիկոսարանին կողմէ հերթաբար եւ յաճախ լուռ ու լուսարձակներէ հեռու կերպով կատարուող օժանդակութիւններու շարքին, այսօր կրցանք համայնքային կառոյցներու ճամբով 1000 կարիքաւոր ընտանիքներու նիւթական աջակցութիւն կատարել: Երկրէն ներս ստեղծուած տնտեսական ահաւոր դժուարութիւններուն դիմաց պիտի շարունակենք, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, մեր զաւակներու կարիքներուն առաւելագոյն չափով հասնիլ:...

«Գ. Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը Լիբանանի Հայկական Դպրոցներուն 700 Համակարգչային Սարքեր Նուիրեց

«Գ. Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը Լիբանանի Հայկական Դպրոցներուն 700 Համակարգչային Սարքեր Նուիրեց

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը, Լիբանանի հայ կրթական հաստատութիւններուն աջակցելու իր ռազմավարութեան համաձայն, երկրին 17 հայկական դպրոցներուն նուիրեց 650 գրասալիկներ (tablet) եւ 50 համակարգիչներ: Պսակաձեւ ժահրին պատճառով, առցանց ուսուցումը դարձաւ կրթական գործունէութեան կարեւոր բաղադրիչը ամէնուրեք: Այնուամենայնիւ, Լիբանանի մէջ դպրոցական տարիքի հազարաւոր աշակերտներ դժուարութիւն ունին ամբողջական կերպով հետեւելու առցանց դասերուն՝ համապատասխան սարքաւորումներու բացակայութեան պատճառով: Երկրին տնտեսական ճգնաժամին եւ անկայունութեան գումարած 2020ի...

Միաբանական Հաւաք Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան Նշանակուեցաւ Դպրեվանքի Տեսուչ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ նշանակեց Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանը։ Հայր սուրբը ձեռնադրուած եւ օծուած է 2012-ին։ Ան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պըրքլիի Graduate Theological Union համալսարանին մէջ՝ արժանանալով մագիստրոսի աստիճանին։ Հայր սուրբը Կաթողիկոսարանէն ներս ստնաձնած է Երիտասարդական Բաժանմունքի եւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան հոգեւոր խորհրդատուի եւ «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչի պաշտօնները,...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Եկեղեցիներու Միութեան Առցանց Աղօթքին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Եկեղեցիներու Միութեան Առցանց Աղօթքին

Կիրակի, 24 յունուար 2021-ին տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն` «Աղօթքի շաբաթ եկեղեցիներու միութեան համար», կազմակերպութեամբ Միջեկեղեցական երկխօսութեան յանձնախումբին: 1908 թուականէն ի վեր հաստատուած գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի, աշխարհի տարածքին եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ միատեղուելով, յունուարի երրորդ շաբթուան ընթացքին կը կատարեն եկեղեցիներու միութեան աղօթք: Այս տարի, «Քորոնա» ժահրին ստեղծած ոչ բնական պայմաններուն պատճառով յիշեալ արարողութիւնը կատարուեցաւ առցանց դրութեամբ: Յիշենք, որ 2019-ին վերոնշեալ աղօթքի...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Համաժողովի Պաշտամունքի Ծրագրաւորման Յանձնախումբի Նիստին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Համաժողովի Պաշտամունքի Ծրագրաւորման Յանձնախումբի Նիստին

11-15 յունուար 2021-ին առցանց դրութեամբ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) յառաջիկայ Ընդհանուր համաժողովին Պաշտամունքի ծրագրաւորման յանձնախումբին երկրորդ նիստը: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` նիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ, ԵՀԽ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ սոյն յանձնախումբին անդամ   Հրանդ վրդ. Թահանեան: Նշենք, որ յանձնախումբը իր առաջին նիստը գումարած էր 2019-ին, Գերմանիա, ուր նախատեսուած էր գումարել նաեւ երկրորդ նիստը, սակայն «Քորոնա»-ի...

Ցաւակցագիր

Ցաւակցագիր

Սրտի խոր ցաւով իմացանք լիբանանահայ թատրոնի երախտաւոր, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի երկարամեայ ատենապետ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր մարմինի երբեմնի վարչական, նուիրեալ միութենական, ՀԲԸՄ-ի կրկնակի վեթերան Տրդատ Աւետիքեանի մահը, որ պատահած է երկուշաբթի, 25 յունուար 2021-ին: Այս տխուր առիթով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի վարչութեան, թատերական կազմին եւ համայն միութենականներուն անունով մեր խորազգած ցաւակցութիւնը կը յայտնենք հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՄԱԿ-ի Կողմէ  Կրօնական Վայրերու Պաշտպանութեան Սէուտական  Բանաձեւի Որդեգրումը Ողջունող Նամակ Մը Յղեց  Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՄԱԿ-ի Կողմէ Կրօնական Վայրերու Պաշտպանութեան Սէուտական Բանաձեւի Որդեգրումը Ողջունող Նամակ Մը Յղեց Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիին յղեց նամակ մը, որուն մէջ ողջունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ որդեգրումը Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցած «Կրօնական վայրերը պաշտպանելու խաղաղութեան եւ հանդուրժողականութեան մշակոյթի մը ջատագովումը» խորագիրով բանաձեւին, որ կը դատապարտէ կրօնական վայրերու եւ խորհրդանիշներու դէմ բռնարարքները, սպառնալիքները, այդ վայրերու քանդումը, զանոնք վնասելը կամ վտանգելը: Մարմինը յիշեցուց 27 սեպտեմբեր 2020-ին...

Page 143 of 365 1 … 142 143 144 … 365

Արխիւներ