Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Կողմէ Գերեվարուած Լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան Ազատ Պիտի Արձակուի

February 13, 2021
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային կարմիր խաչին կողմէ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտնուած է, որ յառաջիկայ երկու օրերուն ազատ պիտի արձակուի  ազրպէյճանական բանակին կողմէ գերեվարուած լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան: Անցնող շաբաթներուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի մօտէն հետապնդեց այս աշխատանքը` մնայուն կապի մէջ մնալով Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Շարպել Ուեհպէի հետ: Վերջինս պարտականութիւն տուած է դիւանագէտի մը եւ պահանջած  Հայաստանի, Իրանի եւ Մոսկուայի մէջ Լիբանանի դեսպաններէն, որ այս ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանք ծաւալեն: Ասոր զուգահեռ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիմած է նաեւ Միջազգային կարմիր խաչին, ինչպէս նաեւ բողոք եւ ազատման պահանջ ներկայացուցած է Ազրպէյճանի դեսպանատան: Ազրպէյճանի դեսպանատունը, սակայն, չէ պատասխանած արտաքին գործոց նախարարութեան դիմումին եւ բողոքին: Վերջաւորութեան, լիբանանեան կողմի պահանջով եւ Միջազգային կարմիր խաչի միջամտութեամբ Մարալ Նաճարեանի ազատ արձակման որոշումը տրուած է: Այս ուղղութեամբ լիբանանեան կողմը պատրաստած է նաեւ իրաւական յատուկ թղթածրար, ուր հաստատուած է, որ Նաճարեան լիբանանցի է, եւ Լիբանան կ’արտօնէ երկքաղաքացիութիւնը: Այս փուլին նաեւ մնայուն կապ պահուած է ենթակային հարազատներուն հետ, եւ անոնք իրազեկ դարձած են աշխատանքի բոլոր փուլերուն:

Այսօրուան դրութեամբ որոշումը եւ խոստումը առկայ են, եւ կ’ակնկալուի, որ ան ազատ արձակուի եւ ուղղակիօրէն փոխադրուի Լիբանան:

 

Նախորդը

Եգիպտոս, Յունաստան Եւ Կիպրոս Անվաւեր Կը Նկատեն Լիպիոյ Մէջ Միջազգային Օրէնքի Խախտումով Կնքուած Բոլոր Համաձայնութիւնները

Յաջորդը

Արարատ-Երեւան Յաղթեց Իր Վերջին Մրցումին

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.