Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը Ունեցաւ Իր Լիագումար Առցանց Նիստ

Փետրուար 23, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

13 փետրուարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովը ունեցաւ իր լիագումար առցանց նիստը, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ  համաատենապետութեամբ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի (Լիբանան) եւ Գրիգոր Մահսէրէճեանի (Ապու Տապի):

Դիւանապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց նախորդ երկու նիստերու ատենագրութիւններուն գլխաւոր կէտերը, յատկապէս ծանրանալով Լիբանանի հայութեան վերականգնումի, Արցախի պատերազմին յառաջացուցած տագնապին եւ կաթողիկոսութեան մօտեցման, կաթողիկոսարանին կատարած ընկերային ծառայութեան, ինչպէս նաեւ վեհափառին ունեցած եկեղեցական ու պետական շփումներուն: Ապա հայրապետը լայն զեկոյց մը տուաւ հետեւեալ կէտերուն շուրջ.

Ա. Հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն, մայրավանքին մէջ, ինչպէս մեր բոլոր թեմերուն, եկեղեցական արարողութիւնները կանոնաւոր կերպով կը կատարուին եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններու ու Սուրբ Գրոց սերտողութիւններու ճամբով հոգեւոր սնունդ կը տրուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Վեհափառը,` ընդգծելով կարեւորութիւնը այս աշխատանքներուն, անհրաժեշտ նկատեց, որ անոնք շարունակուին վերանորոգ թափով:

Բ. Կաթողիկոսը ցաւով անդրադարձաւ, որ համաճարակին զոհ գացած են համայնքային պատասխանատուներ եւ ազգայիններ, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներ` գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ: Պետական եւ առողջապահական պատասխանատուներուն կողմէ կատարուող թելադրութիւնները` «Քորոնա»-էն հեռու պահելու ձգտող, անհրաժեշտ է որ ամբողջութեամբ յարգուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ, շեշտեց հայրապետը:

Գ. Համաճարակին եւ տնտեսական տագնապին ստեղծած կացութիւնը մեզ կը մղէ առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայելու ընկերային ծառայութեան: Այս ծիրին մէջ կաթողիկոսը գնահատանքով ողջունեց առաջնորդարաններուն եւ համայնքային կազմակերպութիւններուն կողմէ կատարուած մարդասիրական աշխատանքները: Վեհափառը նաեւ հպանցիկ կերպով անդրադարձաւ նոյն ուղղութեամբ կաթողիկոսարանին աշխատանքներուն, յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ: Ան նաեւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց այն բոլոր ազգայիններուն եւ թեմերուն, որոնք նիւթապէս կ՛աջակցին մեր ժողովուրդի կարիքներուն:

Դ. Լիբանանի հայութեան վերականգնումը հայրապետը նկատեց յոյժ կարեւոր: Այս ծիրին մէջ անցնող ամիսներուն գործնական քայլեր առնուեցան, յատկապէս վնասուած տուներու վերանորոգման ուղղութեամբ: Ան իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ այս աշխատանքներուն իրենց նիւթական մասնակցութիւնը բերած մեր բոլոր կառոյցներուն, թեմերուն եւ ազգայիններուն` Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ:

Ե. Անդրադառնալով Արցախի պատերազմին ստեղծած կացութեան` վեհափառը յայտնեց, թէ այս ուղղութեամբ իր տեսակէտը, եւ բնականաբար, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մօտեցումը յստակօրէն արտայայտած է: Ամէն գնով բեւեռացումներէ հեռու պէտք է պահել Հայաստանը, նոր ընտրութիւն կազմակերպելով եւ նոր իշխանութիւն հաստատելով. միաժամանակ, լծուելով Արցախի անկախութիւնը ապահովելու աշխատանքներուն:

Զ. Կաթողիկոսը յիշեցուց, որ 2021-ը հռչակած է «Արցախի տարի»: Այս ուղղութեամբ իր հռչակագիրը կարդացուած է մեր եկեղեցիներուն մէջ: Հռչակագիրին մէջ կը շեշտուի Արցախի կարիքներուն օժանդակելու, ինչպէս նաեւ Արցախի անկախութեան համար յատուկ աշխատանքներ տանելու հրամայականը:

Է. Կաթողիկոսը նաեւ անդրադարձաւ կաթողիկոսարանին դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւններուն: Թեմերուն մէջ ստեղծուած տնտեսական դժուարութիւնները, Լիբանանի տնտեսական տագնապը եւ դրամատնային կառոյցին յառաջացուցած հարցերը իրենց ժխտական անդրադարձը ունեցան կաթողիկոսարանի տնտեսական կացութեան վրայ: Հակառակ այս իրողութեան, վեհափառը հրամայական նկատեց թեմերուն կողմէ աթոռատուրքի գծով յատուկ ճիգ մը կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Ը. Սիսի կաթողիկոսարանին վերադարձի գծով Թուրքիոյ պետութեան դէմ կաթողիկոսարանի դատին անդրադառնալով` հայրապետը ընդհանուր ակնարկ մը կատարեց վերջին զարգացումներուն եւ թրքական դատարանին կողմէ կատարուած յետաձգումներուն եւ յայտնեց, որ դատի թուական ճշդուած է 21 մարտ 2021-ը:

Թ. Վեհափառը գոհունակութեամբ յայտնեց, որ հակառակ գործնական դժուարութիւններուն, կաթողիկոսարանին մէջ հաստատուած հայագիտական եւ մանկավարժական կեդրոնները կը գործեն առցանց: Դպրեվանքը, «Թռչնոց Բոյն»-ը, Ազգային ծերանոցը եւ Ազգային բուժարանը բնական կերպով կը շարունակեն կատարել իրենց աշխատանքները: Կաթողիկոսարանը եւս կը շարունակէ իր աշխատանքները:

Ժողովականներուն կողմէ տրուած կարգ մը հարցումներուն կաթողիկոսը յաւելեալ լուսաբանութիւններ տուաւ: Ժողովականներ նաեւ թեմերուն վերաբերող կարգ մը մտահոգութիւններու եւ երեւոյթներու անդրադարձան: Ապա, ժողովականները իրենց գնահատանքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեցին հայրապետին առաջնորդութեամբ թէ՛ կաթողիկոսարանին, եւ թէ թեմերուն կողմէ կատարուող յարաբերական, վարչական աշխատանքներուն ու յատկապէս մեր ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու ճիգերուն:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

 

Նախորդը

Եռաբլուրէն Հրապարակ

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Կործանարար Ընթացքը Կասեցել Ցանկացած Գնով

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?