Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Բաժանմունք. Մայրերու Տօնին Առիթով Միօրեայ Ընկերային Հաւաք

June 3, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, երկուշաբթի, 31 մայիս 2021-ին, տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան առիթով տարեց մայրերու յատուկ միօրեայ նախաձեռնութիւն մը, որուն մասնակցեցան 14 տարեց մայրեր:

Առաւօտեան ժամը 10:00-ին մայրերը մեկնեցան «Schwarzkopf» վարսայարդարման դասաւանդութեան հիմնարկ, ուր իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ հոգատարութիւն: Այս առիթով, Ընկերային յանձնախումբի ատենապետուհի Յասմիկ Նանէճեան-Պզտիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկութեան, որ սիրայօժար մասնակից դարձած էր այս ծրագիրի յաջողութեան:

Կէսօրին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար եւ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսէ Չիլինկիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշ-ընկերային հաւաք, որուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց առաջնորդարանի ընկերային ծառայող Մարիա Եագուպեան: Ան ըսաւ, որ յատուկ եւ թանկարժէք է իւրաքանչիւր մայր, որ կը զոհէ իր կեանքը իր զաւակներուն համար: Եագուպեան հաստատեց, որ առաջնորդարանը ծառայողական աշխատանքներով իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ զօրակցելու հայ ընտանիքներու կարիքներուն:

Իր կարգին, առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ իբրեւ աւանդ եւ ժառանգ հասած արժէքները նոր պայմաններով պէտք է մեր ժողովուրդի զաւակներուն փոխանցուին, որպէսզի ազգը եւ ազգայինը փրկուի: Շահէ արք. Փանոսեան շնորհաւորեց հայ մայրերը եւ տարեցներուն մաղթեց երկար եւ առողջ օրեր` յուսալով, որ հաւաքաբար կը յաղթահարենք դժուարութիւնները: Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց Ընկերային բաժանմունքը` իր յանձնախումբով եւ պատասխանատուներով, որոնք կը փորձեն դժուարին այս օրերուն մեր ժողովուրդին կողքին կանգնիլ: Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սելա Սվաքճեան եւ Մարիա-Ճեսիքա Հաշէօլեան: Օրուան ճաշը հովանաւորած էր նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան:

 

Աւարտին, մայրերը ստացան ծաղիկներ եւ նուէրներ: Յայտնենք, որ «Քորոնա» ժահրի պատուաստ չստացած մայրերը, հինգշաբթի, 27 մայիս 2021-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ բակին մէջ, Արտակարգ իրավիճակներու մարմինին` «ԿԱՄՔ»-ին ճամբով կատարեցին «Փի. Սի. Առ.» քննութիւն` նախազգուշական բոլոր քայլերը յարգելու համար:

Նախորդը

Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» Երկհատորեակի Ներկայացում Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.