Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Յունիս 9, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դպրեվանքի 17 Սաներ Ստացան Դպրութեան Եւ Կիսասարկաւագութեան Աստիճան

Նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. պատարագին, տեղի ունեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն` ձեռամբ մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեանին եւ խարտաւիլակութեամբ դպրեվանքի հսկիչ Գէորգ աբղ. Գարակէօզեանին:

Դպրաց աստիճան ստացան հետեւեալ դպրեվանեցիները. Յակոբ Ճուլֆայեան, Յակոբ Սրապոնեան, Նշան Ասդրեան, Յովսէփ Գալայճեան, Վարդան Թովմասեան, Սարգիս Նահապետեան, Զոհրապ Պչաքճեան, Յովհաննէս Սաղըրեան, Ճորճ Սաղըրեան եւ Քրիստ Փոստաճեան: Կիսասարկաւագաց աստիճան ստացան. Յակոբ Ճուլֆայեան, Երուանդ Պիթարեան, Վարդան Ասայեան, Գէորգ Եագուպեան, Երուանդ-Սուրէն Եղիայեան, Ներսէս Իսահակեան, Գէորգ Կրպոյեան եւ Վահէ Ֆիլիքեան:

Ձեռնադրութեան աւարտին ձեռնադրիչ սրբազանը յորդորելով ընծայեալները` ըսաւ, որ գիտակից եւ լուրջ պատասխանատուութիւն պահանջող աստիճանները ստանալէ ետք հարկ է յանձնառութեամբ մօտենալ այս կոչումին: Ան նշեց, որ կարեւոր եւ ճակատագրական պայման մը կը ճշդուի ծառայութեան ճամբուն վրայ, որն է` Աստուծոյ խօսքը մտիկ ընելը, եւ յիշեցուց, որ պայմանը քանիցս շեշտուած է Քրիստոսի կողմէ` մտիկ ընել աստուածային իմաստութեան եւ ոչ` աշխարհի: «Աստուծմէ եկող մարդակերտ եւ փրկարար հրահանգները պէտք է մտիկ ընէք եւ զանոնք կատարէք եւ ոչ թէ աշխարհէն արձագանգող մարդակործան ձայնին ականջ տաք եւ ձեր կիրքերը, ցանկութիւնները, ձեր եսը հետապնդող մղումներու հնազանդիք», ընդգծեց սրբազան Մակար: Ան նաեւ յայտնեց, որ Տիրոջմէ տրուած շնորհքը Քրիստոսի պարգեւած փրկութիւնն է, եւ եզրափակեց` աղօթելով, որ Ս. Հոգիին պտուղներով ծանրաբեռնուի նորընծաներուն ծառայութեան ծառը: Այս առիթով ձեռնադրիչ սրբազան հայրը շնորհաւորեց եւ իր որդիական երախտագիտութիւնն ու շնորհաւորանքը յայտնեց վեհափառին, դպրեվանքի տեսչութեան ու մեծ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ` ձեռնադրեալներու ծնողներուն:

Ապա ս. սեղանին սպասարկութիւնը կատարեցին նորընծայ դպիրներն ու կիսասարկաւագները:

Պատարագի աւարտին, առաջնորդութեամբ ձեռնադրիչ սրբազան հօր, դպրեվանքի տեսչութիւնն ու նոր ձեռնադրուած դպիրներն ու կիսասարկաւագները ստացան կաթողիկոսին օրհնութիւնը:

Պէյրութի Նահանգապետը` Վեհափառ Հայրապետին Մօտ

Ուրբաթ, 4 յունիս 2021-ին Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Պէյրութի նահանգապետ, դատաւոր Մարուան Ապպուտ` ընկերակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամ Արամ Մալեանի:

Նահանգապետը վեհափառ հայրապետին պարզեց Պէյրութի զարգացման իր ծրագիրներն ու պատկերացումները եւ շեշտեց քաղաքի հայ համայնքին կարեւոր դերը, ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր:

Հանդիպումէն ետք նահանգապետ Ապպուտ այցելեց կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքները եւ մօտէն տեղեակ դարձաւ կատարուող աշխատանքներուն:

Վկայականաց Բաշխում` Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի Շրջանաւարտներուն

Ուրբաթ, 4 յունիս 2021-ին Արամ Ա. կաթողիկոս կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնի շրջանաւարտ հինգ ուսանողներու յանձնեց կեդրոնին յատուկ վկայականը: Շրջանաւարտները անցնող երեք տարիներուն հետեւողական կերպով իրենց մասնակցութիւնը բերած էին դասընթացքներուն եւ լիովին կատարած իրենց տրուած կրթական պարտաւորութիւնները:

Վկայականաց բաշխումէն առաջ կեդրոնի քարտուղար Մարլեն Էվինկիւլեան կարդաց կեդրոնի պատասխանատու Ժիրայր Դանիէլեանի խօսքը: Յայտնենք, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով ծանրօրէն վնասուած էին Ժիրայր Դանիէլեանի աչքերը, եւ այժմ Միացեալ Նահանգներու մէջ ան բուժման կ՛ենթարկուի: Խօսք առաւ նաեւ Ժ. Դանիէլեանի բացակայութեան կեդրոնի աշխատանքները ղեկավարած կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան:

Կաթողիկոսը նախ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց թէ՛ Ժիրայր Դանիէլեանին եւ թէ՛ Խաչիկ Տէտէեանին իրենց կարեւոր ներդրումին` Հայագիտական կեդրոնի աշխատանքներուն կազմակերպման, միաժամանակ ան շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Ժ. Դանիէլեանին: Ապա իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցելով շրջանաւարտ աշակերտներուն, շեշտեց հայագիտական ուսմանց կարեւորութիւնը` յայտնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնող բնագաւառներէն մէկը կը մնայ հայագիտութիւնը:

Յայտնենք, որ այս տարուան հունձքին մաս կը կազմեն` Արփի Արմէն Քասսիս, Լոռի Գերպապեան, Կարինէ Շատոյեան, Վանտա Վարդան Ունճեան եւ Փառանձեմ Ֆագրաճեան-Տէմիրճեան:

Շնորհաւորական Նամակ` Նախագահ Ասատի

Արամ կաթողիկոս յատուկ նամակ մը յղեց Սուրիոյ նորընտիր նախագահ Պաշշար Ասատին` շնորհաւորելով անոր վերընտրութիւնը, միաժամանակ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնելով Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած հոգածութեան համար:

Նախորդը

Հայաստա՞ն, Թէ՞ Ազրպէյճան… ՀԱՊԿ-ի Համար

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակցեցաւ Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?