Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շուշին Քաղաքակրթական Խաչմերուկի Հանգամանք Վաստակած Է» Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Մանուկեան

June 4, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 31-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Դասախօսն էր Ֆրիպուրկի համալսարանի դասախօս դոկտ. Աբէլ Մանուկեան. նիւթ` «Պազելի միսիոնարները եւ մշակութային զարթօնքը Շուշիի մէջ. 1823-1835 թուականներուն»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դոկտ. Մանուկեան դասախօսութեան առաջին բաժինով ներկայացուց Պազելի միսիոնարական շարժումին պատմականը, իսկ երկրորդ բաժինով կատարեց գնահատականը կրթամշակութային այն ծաւալուն գործունէութեան, որ տարած են Պազելի միսիոնարները:

Դասախօսը անդրադարձաւ Ռուսիոյ կեդրոնական  իշխանութիւններու, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի դիրքորոշումներուն, միսիոնարական շարժումի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ յատկապէս յիշեց անոնց մշակութային գործունէութեան սատար հանդիսացած Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի կաթողիկոսն ու Ներսէս արք. Աշտարակեցին:

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեան, ներկայացնելով անոնց ուսումնական, տպագրական, հրատարակչական գործունէութիւնը, շեշտեց այն պատմական հակաճառութիւնը, որ կատարած են Պազելի միսիոնարները  իսլամական կրօնի նկատմամբ: Յայտարարած են, որ իրենց նպատակը իսլամ զանգուածի դարձն է եւ ոչ թէ մարդորսութիւնը:

Դասախօսը յատուկ կեդրոնացաւ անուանի պատմաբան Լէոյի  կատարած գնահատականին վրայ, յատկապէս Պազելի միսիոնարներու թարգմանական եւ հրատարակչական աշխատանքներուն:

Թէ՛ տեղեկատուական եւ թէ՛ վերլուծական բաժիններով յագեցած այս դասախօսութեան աւարտին դոկտ. Աբէլ Մանուկեան  հաստատեց, որ որեւէ ձեւով այս նիւթերուն մէջ չեն նշուած ազերի կամ Ազրպէյճան բառերը, այլ` թուրք-թաթարներ: Շուշիի քաղաքակրթական խաչմերուկ եղած ըլլալու հանգամանքին վրայ կանգ առնելով ան անհրաժեշտ նկատեց գիտական իրազեկուածութիւնը` մեր թշնամիներու մղած աղաւաղումներուն դէմ դնելու համար:

Դասախօսութեան հետեւեցաւ մասնագիտական բնոյթի քննարկում` լոյս սփռելով համեմատաբար մութի մէջ մնացած, այդուհանդերձ պատմականօրէն շատ կարեւոր ժամանակահատուածին վրայ:

 

Նախորդը

Տոմսեր. Գրաւոր` Ո՛չ, Բերանացի` Վստա՛հ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.