Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքի 90-Ամեակի Հունձքը Ուղղուեցաւ Ժողովուրդին Յանձնառութեամբ Ծառայելու Առաքելութեան

Յուլիս 1, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 22 յունիս 2021-ի երեկոյեան, դպրեվանքի 90-ամեակի 2020-2021 հունձքը, կարծես ընդելուզուելով Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի շրջափակի ցանկապատին փորագրուած հայոց պատմութեան յատկանշական փուլերը ներկայացնող կոթողներուն, արտացոլացուց դպրեվանքի

90- ամեայ ազգային եւ հոգեւոր շունչը, որուն ներքեւ կրթուած եւ իրենց կարգին սերունդներ կերտած են բազմաթիւ արժանաւորներ:

Արդարեւ, ամավերջի հանդէսը, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, առիթ եղաւ յետադարձ ակնարկ մը նետելու դպրեվանքի անցնող շուրջ մէկդարեայ առաքելութեան:

Հայրապետական թափօրը` շրջապատուած Կիլիկիան ուխտի միաբանութեամբ, մուտք գործեց շրջափակ, որմէ ետք դպրեվանքի քայլերգով ընթացք առաւ հանդէսը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դպրեվանքի հսկիչներէն Գէորգ աբղ. Գարակէօզեան: Ան նշեց, որ 90 տարիներու յոբելենական շղթային իւրաքանչիւր օղակը անքակտելիօրէն հանգուցուած է դպրեվանեցիներուն անհատական թէ հաւաքական կեանքին` իւրաքանչիւր աշակերտի ջամբելով հոգեմտաւոր կրթութիւն, իմացական եւ բարոյական առողջ կազմաւորում, հոգեւոր ու հայեցի արժէքներ. իսկ հաւաքական գետնի վրայ Դպրեվանքը չէ զլացած ազգին առաջնորդներ եւ միաժամանակ ծառաներ մատակարարելէ: «Ահաւասիկ, 90 տարիներ շարունակ դպրեվանքը պատրաստած է խորհող եւ գործող մշակներ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ նիւթեղէն իրականութիւնները օր մը յօդս կը ցնդին` զարնուելով հոգեւոր անսասան իրականութեանց յաւիտենական ապառաժին», ըսաւ ան եւ եզրափակեց խօսքը` երախտագիտութիւն յայտնելով վեհափառ հայրապետին` անոր հայրական հոգատարութեան համար:

Բացման խօսքին յաջորդեց դպրեվանքի 90- ամեակին նուիրուած երգերու կատարողութիւն` մեկնաբանութեամբ դպրեվանքի «Արմաշ» երգաչախումբին եւ ղեկավարութեամբ դպրեվանքի հսկիչ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի: Երգչախումբը երգեց «Մաղթերգ Կիլիկեան դպրեվանքին», «Ի փառս էին», «Ձօն` դպրեվանքին» եւ «Մենք կը պահենք» երգերը: Ասոր յաջորդեց դպրեվանքի սաներէն մէկուն գրիչով դպրեվանքին ձօնուած «Կանթեղ» քերթուածը, որ ասմունքեց Կարապետ սրկ. Պալեան`դաշնակի ընկերակցութեամբ Եզրաս աբղ. Թենեքեճեանի:

Ապա բեմ բարձրացաւ աւարտական դասարանէն Եսայի աբղ. Էօրտէքեան` կարդալու համար ուղերձը: Հայր սուրբը ըսաւ, որ դպրեվանքը գլխագիր մարդ դարձուց զիրենք, ճանչցուց եւ մօտեցուց Աստուծոյ, ջամբեց ազգի սէրը եւ ծառայելու ու նուիրուելու առաքինութիւնները, որոնց համար ան իր դասընկերներուն անունով փառք տուաւ Ամենակալին, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, նախկին եւ ներկայ տեսչութիւններուն եւ ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ վերանորոգեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դարաւոր Ս. Աթոռին եւ գահակալին հանդէպ տածած հաւատարմութեան ուխտը: «Հասած է պահը իբրեւ դպրեվանեցիներ բաժնուելու այս ընտանիքէն, սակայն այս բաժանումը աւելիով պիտի ամրապնդէ մեզ եւ մեր սրտերը առաւել եւս ամուր կապերով պիտի հանգուցէ քրիստոսակերտ այս կուռ ամրոցին, եւ լծուինք աստուածահաճոյ, եկեղեցանուէր ու ազգակերտ առաքելութեան», ընդգծեց ան:

Հուսկ, դպրեվանքի 90-ամեայ առաքելութեան համապարփակ ամփոփումը  ներկայացուեցաւ տեսերիզի միջոցով, որմէ ետք դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան կարդաց տեսչական տեղեկագիրը:

Տեսուչ հայր սուրբը ներածականին մէջ ընդգծեց, որ դպրեվանքը կը բոլորէ իր 90-ամեակը Աստուծոյ ամենատես եւ հոգատար աչքին եւ Ս. Աստուածածնի մայրական բարեխօսական մրմունջին տակ, աւելցնելով, որ տարբեր գաղութներ եւ կեանքի հանգրուաններ առաքուած իր մշակները ապացոյց են, որ Կիլիկիան չմեռաւ,  այլ շարունակեց տոկալ` ի հեճուկս բոլոր մարտահրաւէրներուն: Յիշատակելով հանգուցեալ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանին, որ ստանձնած էր դպրեվանքի տեսչութիւնը նախքան վախճանիլը, հայր սուրբը վստահեցուց, որ դպրեվանեցիները միշտ պիտի յիշեն զայն իրենց աղօթքներուն մէջ: Անդրադառնալով տարեշրջանի դժուարութիւններուն` հայր սուրբը յայտնեց, որ շնորհիւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ դպրեվանքին հանդէպ ցուցաբերած իր յատուկ խնամքին, դպրեվանքը յաջողեցաւ դիմագրաւել բոլոր նեղութիւնները:

Ապա հայր սուրբը ներկայացուց դպրեվանքին հոգեւոր կեանքը, կրթական, ընկերային եւ արտադասարանային ծրագիրները: Ան խօսեցաւ առցանց դասաւանդութիւններու սահմանափակումներուն, յաջորդ տարուան համար բարեփոխուած կրթական ծրագիր մշակելուն եւ ներկայ կացութեան ներքոյ կատարուած արտադասարանային աշխատանքներուն տարբեր բնոյթ ստանալուն մասին: Տեսուչ հայր սուրբը ուրախութեամբ յայտնեց, որ անցնող տարեշրջանին դպրեվանքը տուաւ իր հունձքը` 17 դպիրներ եւ կիսասարկաւագներ, 3 սարկաւագներ եւ 5 աբեղաներ: Խօսելով աւարտական դասարանին մասին` ան ըսաւ, որ 5 շրջանաւարտներէն չորսը` Եսայի աբղ. Էօրտէքեան, Եզրաս աբղ. Թենեքեճեան, Եղիա աբղ. Մալխասեան եւ  Երեմիա աբղ. Տեկիրմէնճեան արդէն ձեռնադրուած եւ օծուած են որպէս կուսակրօն քահանաներ, իսկ հինգերորդը` Բարշ. Կարօ սրկ. Պալեանը, ընտրած է ամուսնացեալ քահանայութեան ճանապարհը: «Դպրեվանքը աւարտող բոլոր դպրեվանեցիները, ազգին ու եկեղեցիին ծառայելէն անդին, ուրիշ ճանապարհ չունին: Ինչ ասպարէզ ալ ընտրեն, անոնց թրծուած, կերտուած եւ պատրաստուած հոգին, ժողովուրդին ծառայելու մղումը մագնիսի պէս կը քաշէ ծառայութեան կեանքին մէջ` ըլլան անոնք եկեղեցական կամ աշխարհական», վստահեցուց ան եւ դառնալով շրջանաւարտներուն` վերյիշեցուց, որ անոնք կոչուեցան «Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան

25-ամեակի սերունդ», որ պիտի մարմնաւորեն իրենց ծառայութեամբ: Տեսուչը իր խօսքը աւարտեց որդիական երախտագիտութիւն յայտնելով վեհափառ հայրապետին եւ շնորհակալական խօսքեր ուղղելով բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան եւ կը հանդիսանան դպրեվանքին:

Հայր սուրբը ապա բեմ հրաւիրեց նորին սրբութիւնը, որպէսզի իր հայրապետական պատգամով եզրափակէ դպրեվանքի 90-ամեակի ամավերջի հանդէսը:

Վեհափառ հայրապետը պահը գնահատեց որպէս ոգեշնչող եւ գօտեպնդիչ, որովհետեւ դպրեվանքը իր ժողովուրդին կը ներկայանայ  հայակերտումի եւ մարդակերտումի մարզէն ներս կատարած իր յատկանշական իրագործումներով: Արդարեւ, գլխագիր մարդու պատրաստութիւնը դպրեվանքին կեանքին առանցքը, գործին հենքը եւ առաքելութեան կիզակէտն է- եւ հո՛ս կը կայանայ անոր իւրայատկութիւնը, ընգծեց ան: Եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայելը դպրեվանքին համար սովորական լոզունգ չեղաւ,  այլ` հոգեմտաւոր առաքելութեան ընթացք ու նպատակ, որուն շնորհիւ դպրեվանեցիներ ուռճացան եւ կոփուեցան` դառնալով տարբեր որակի եւ գիտակցութեան մարդեր: Այս հնոցին մէջ դպրեվանեցին վերամարդացաւ ու վերահայացաւ` երթալու այն ժողովուրդին, որուն համար պատրաստուած էր դպրեվանքէն ներս, ընդգծեց Հայրապետը` շարունակելով, որ ան որ մէկ օր իսկ դպրեվանքի հացը ճաշակած եւ ջուրը ըմպած է, իր մէջ դպրեվանքը դարձած է կենդանի ներկայութիւն: Այս ծիրին մէջ հայրապետը պատիւ եւ յարգանք արտայայտեց 90-ամեայ դպրեվանքին ծառայած բոլոր ազգայիններուն եւ հոգեւորականներուն:

Խօսելով դպրեվանքին ոգիին մասին` վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ թէեւ դպրեվանքը 90 տարուան իր ուղեւորութեան մէջ այլեւս կը գործէ բարելաւուած շէնքի մը մէջ, սակայն դպրեվանքը շէնք չէ՛, այլ ճառագայթող ոգի է: Շէնքերը կրնան փոխուիլ, բայց` ոչ ոգին, շեշտեց հայրապետը ու նշեց, որ ցեղասպան թուրքը որքան ալ մեր եկեղեցիները քանդէ` իբրեւ շէնք, չի կրնար քանդել զանոնք իբրեւ հոգեկերտ աստուածային ներկայութիւն: Այսպէս, դպրեվանքը` որպէս ոգի, հաւատք ու նուիրում, իբրեւ մարդակերտումի եւ հայակերտումի դարբնոց, մնաց, հզօրացաւ ու պիտի մնայ, որովհետեւ արդարօրէն մեր հայրապետները դպրեվանքը բնորոշած են որպէս բաբախող սիրտը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

Ապա, խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն,  վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Դուք ա՛յս ոգիով ու հաւատքով թրծուեցաք: Մեր ժողովուրդէն եկաք եւ վերանորոգուեցաք, վերամարդացած ու վերահայացած կ՛երթաք մեր ժողովուրդին` ծառայելու համար»: Հայրապետը յայտնեց, որ ձեռնադրութեան արարողութեան ամէնէն ոգեւորիչ պահը ս. խորանին վրայ ձեռնադրեալներուն ծունկի եկած եւ ժողովուրդին դարձած պահն է, մինչ հոգեւորականներ Աստուծմէ Իր երկնային շնորհքը կը խնդրեն, որպէսզի այդ շնորհքով ընծայեալները ուղղուին դէպի ժողովուրդի ծառայութիւն: Ա՛յս է, որ կը խնդրենք Աստուծմէ ա՛յս է հոգեւորականին կեանքին իմաստը եւ ճամբան: Նորին սրբութիւնը վերյիշեցուց շրջանաւարտներուն, որ ինքնաճանաչումը Քրիստոսի պատկերին ու պատգամին լոյսին տակ պէտք է կազմաւորուի, իսկ մարդկային կեանքին մէջ հոգեւոր կոչումին ամէնէն դժուար պահանջը մեր անձին ուրացումն ու Քրիստոսի ճշմարիտ ճամբուն հետեւիլն է, եւ, հետեւաբար, յորդորեց զանոնք, որ ամուր եւ տոկուն մնան իրենց կամքին մէջ: Ահաւասիկ դուք կու գաք ձեր երիտասարդական խանդով» նոր ուժականութիւն ու խթան տալու կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան: Ա՛յս գիտակցութեամբ եւ մանաւանդ յանձնառութեամբ գացէք մեր ժողովուրդին ու ծառայեցէ՛ք ու միայն ծառայեցէ՛ք», եզրափակեց հայրապետը իր պատգամը:

Դպրեվանքի 90-ամեակի ամավերջի հանդէսը իր աւարտին հասաւ հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» քայլերգով:

 

Նախորդը

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Ճօ Պայտընի Կրօնական Ազատութեան Խորհրդականը Այցելեց Անթիլիաս

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Վատիկան

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?