Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մէջ Հայրապետական Մաղթանք Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 26-Ամեակին Առիթով

June 29, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 27 յունիս 2021-ին, հայրապետական մաղթանք կատարուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ` յընթացս Ս. եւ Անմահ պատարագին:

Հայրապետական մաղթանքի ընթացքին միաբան հայրեր` Ս. խորան բարձրանալով, աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին եւ աղօթքներ կարդացին` հայրապետին մաղթելով քաջառողջութիւն եւ երկար ու բեղուն գահակալութիւն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դարաւոր Ս. Աթոռին` անսասանութիւն:

Պատարագիչ հայր սուրբը` Պօղոս Ծ. վրդ. Թինքճեան, քարոզին բնաբան ընտրած էր որոմին առակը, որ կ՛ուսուցանէ համբերութիւն եւ Աստուծոյ արդար դատաստանին վստահութիւն, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տայ Աստուծոյ գթառատութիւնն ու ողորմութիւնը: Ան դիտել տուաւ, թէ օրը իւրայատուկ է իր տօնակատարութեամբ, որովհետեւ տարուան ընթացքին բոլորիս ընծայուած լաւագոյն առիթն է այսօր յետադարձ ակնարկով նայելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Ս. Աթոռին յատկապէս վերջին քառորդ դարու պատմութեան: Լուսարձակի տակ առնելով Ս. Աթոռոյս ծառայական առաքելութեան պատմութիւնը` հայր սուրբը ըսաւ. «Վերջին 26 տարիներուն ինչե՜ր չէ ըրած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Միջկրօնական գետնի վրայ ո՛չ միայն մասնակցեցաւ ու խօսեցաւ այլ կրօններու հետ հաշտ համակեցութեան եւ համագոյակցութեան մասին, այլ Միջին Արեւելքի մէջ լաւագոյն օրինակը հանդիսացաւ հանդուրժողութեան, հասկացողութեան եւ երկխօսութեան: Միջեկեղեցական յարաբերութեանց մէջ չբաւարարուեցաւ միայն նախագահելով, ատենապետելով եւ կամ սոսկ ժողովներու մասնակցելով, այլ ռահվիրան հանդիսացաւ եկեղեցիներու միութեան գաղափարին եւ անոնց միջեւ հաշտութեան կամուրջ եղաւ: Ինչե՜ր չէ ըրած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Համահայկական գետնի վրայ խօսքով ու գործով զօրակցած եւ դիմագրաւած է սփիւռքեան ամէն տեսակի մարտահրաւէր եւ խոչընդոտ: Հայաստանի ու Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն նեցուկ կանգնած է` համահայկական զօրակցութեան կոչեր ուղղելով եւ անձամբ գետնի վրայ ներկայ ըլլալով ու զօրավիգ կանգնելով անոնց: Սփիւռքի մէջ, Ս. Աթոռոյս թեմերուն միջոցաւ, եկեղեցիներու եւ ազգային վարժարաններու ճամբով հայ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան եւ լեզուական ու մշակութային գոյատեւման պայքար մղած է: Դարձեալ հարց կու տամ, ինչե՜ր չէ ըրած այս Ս. Աթոռը: Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան մշտավառ ջահ մը եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` օրինական եւ դատական գետնի վրայ: Տակաւին ուրիշ շա՜տ մարզերու մէջ գործօն դերակատարութիւն ունեցաւ մեր Ս. Աթոռը` կրօնական, մշակութային եւ հայապահպան իր առաքելութեամբ: Այս բոլորը, բնականաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կատարեց յանձինս իր ազգընտիր ու արժանընտիր գահակալին`  Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին, որ նախ ի՛նք հաւատաց այս բոլորին ու ապա Աթոռի ուժը կեդրոնացուց ճիւղաւորեալ յիշեալ բոլոր եւ այլ մարզերուն վրայ»:

Ապա, քարոզիչ հայր սուրբը խօսքը ուղղելով կաթողիկոսին` հաստատեց. «Վեհափա՛ռ Տէր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վերջին 26 տարիներու պատմութիւնը Ձեզմով գրուեցաւ, Ձեզ պիտի պատմէ եւ Ձեզմով պիտի յիշուի: Շարականագիրին բառերուն միախառնելով մեր սրտագին մաղթանքները` կ՛աղօթենք, որ Աստուած Ձեր իշխանութեան գաւազանը շնորհազարդ պայծառացնէ»:

Հայր սուրբը իր քարոզը եզրափակեց հայրապետական մաղթերգով, որուն յոտնկայս միացան ներկայ հաւատացեալները` երգչախումբին ընկերակցութեամբ. «Ամէն հայի սրտից բխած` լսիր այս ձայն, ո՜վ Աստուած, երկար կեանք տուր Հայրապետին, երկար օրեր` հայոց հօր, Տէ՜ր, անսասա՛ն պահիր Դու միշտ Քո իսկ հիմնած Սուրբ Աթոռ»:

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւս կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք:

Նախորդը

Ս. Նշանի Մէջ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ընտրութեան Եւ Օծման 26-րդ Տարեդարձի Նշում

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.