Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Խմբապետական Վարժանիստ

September 21, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին, կազմակերպութեամբ Շրջանային խմբապետութեան, կիրակի, 19 սեպտեմբեր 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, Ֆանարի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի  խմբապետական դաստիարակչական վարժանիստ մը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի, Պուրճ  Համուտի, Այնճարի, Անթիլիասի եւ Ժտէյտէի մասնաճիւղերու  խմբապետական կազմերուն:

Ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչը եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդէն անդամներ:

Ակամայ երկար դադարէ մը ետք, սկաուտական աշխատանքներու վերսկսման սեմին Շրջանային խմբապետութիւնը, մասնաճիւղերու միաւորներու խմբապետներն ու խմբապետական կազմերը, բնութեան մէջ հոգեպէս պատրաստուեցան նոր տարեշրջան մը դիմաւորելու, սակայն այս անգամ` աւելի տարբեր ու աւելի պատասխանատուութիւն պարտադրող տարեշրջան մը, կիրարկելով «Քորոնա» ժահրի նախազգուշական բոլոր միջոցառումները:

Շրջանային ընդհանուր խմբապետուհի Ալիք Տէր Պետրոսեան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք յայտարարեց սեմինարին պաշտօնական բացումը:

Ապա խմբապետները բաժնուեցան խմբակներու,  ճիւղի խմբապետները ներկայացուցին օրուան աշխատանքին նպատակը եւ խաղացին ծանօթացման խաղեր:

Առաջին բաժինով, 60 քոյրեր եւ եղբայրներ ունեցան միացեալ դասախօսական նիւթ մը` «Ինչպէ՞ս դիմակալել  անհատական ու միութենական դժուարութիւնները եւ դժուարութիւններէն ետք ինչպէ՞ս վերադառնալ սովորական կեանքի». դասախօս` Շաղիկ Խիւտավերտեան:

Ապա խմբապետները  բաժնուեցան խմբակներու ու  իրենց ճիւղի խմբապետներուն եւ դասախօսներուն հետ կատարեցին խմբակային աշխատանքներ ու դաստիարակչական սկաուտական խաղեր:

Խաղերու, աշխատանքներու եւ դասախօսութիւններու ընթացքին  խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անոնք վերաթարմացուցին իրենց միտքերն ու հոգեպէս պատրաստուեցան իրենց մասնաճիւղերուն մէջ անսպառ թափով, եռանդով  ու կորովով թեւակոխելու նոր տարեշրջան մը:

Դասախօսութիւններու եւ զրոյցներու միջոցով խմբապետներուն ներկայացուեցան հետեւեալ նիւթերը.

– Մոկլի ճիւղ, «Ինչպէ՞ս յայտագիր ծրագրել» նիւթը ներկայացուց Լիւսի Գազանճեան:

– Գայլիկ – արծուիկ, «Խումբի մը անդամներուն կապերը զօրացնելու համար անհրաժեշտ են խմբային խաղերը»: Գործնական կիրարկումով  խաղերու ձեւեր ներկայացուց Հուրի Կէօքկէօզեան:

– Արենուշ ճիւղ, «Նկատի ունենալով սկաուտներուն օրուան դժուարութիւնները, յատուկ յայտագիրներու ծրագրաւորման ձեւը» նիւթը ներկայացուց Մակալի Թովմասեան:

– Երէց-Պարմանուհի ճիւղեր, «Դիմակալել առօրեայ դժուարութիւնները եւ չընկրկիլ», նիւթը ներկայացուց Յասմիկ Տանիէլ:

Դասախօսութիւններուն կողքին կատարուեցան նաեւ գործնական աշխատանքներ:

Ընթրիքէն ետք տեղի ունեցաւ խարուկահանդէսի  պատրաստութիւն եւ գործադրութիւն:

Խարուկահանդէսի աւարտին Շրջանային խմբապետուհի Ռուպինա Խայեաթ նորանոր յաջողութիւններ եւ բարի երթ մաղթեց խմբապետներուն` իրենց սկաուտական աշխատանքներուն մէջ:

 

Նախորդը

Թուրք Զինուորը Հայաստանի Հողին Վրայ Կը Զբօսնու… Իսկ Մենք Անկախութիւն Կ՛երազենք (21 Սեպտեմբեր 1991)

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.