Երէկ` երեքշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի կաթողիկէ հայոց թեմի Միչիկընի հոգւոր հովիւ Հայր Անտոն Ադամեան երէկ երեկոյեան այցելեցին «Ազդակ»:
Տնօէնութեան հետ կայացած զրոյցը կը վերաբերէր լիբանանահայ համայնքի այսօրուան խնդիրներուն, Միչիկընի հայ գաղութին եւ հայրենիքի մէջ կաթողիկէ յարանուանութեան պատկանող հաստատութիւններու գործունէութեան: