Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«21-րդ Դարու Ուսուցիչին Վստահուած Է 20-րդ Դարու Մտածելակերպ. Խնդիրը` Այս Երկու Ժամանակահատուածներու Հաշտեցումն Է» Կ՛ըսէ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան

Հոկտեմբեր 30, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 38-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: Առցանց լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, նիւթ` «Կրթութեան ոլորտի մարտահրաւէրները` այսօր»:

Դասախօսը նախ անդրադարձաւ 20-րդ դարու սրընթաց զարգացումներուն ընդհանրապէս եւ կրթական ոլորտին մասնաւորաբար:

20-րդ դարուն աշխարհի զանազանութիւններու ընդունման, ծանօթացման, սահմաններու ջնջման եւ նոյնիսկ կրօնական կեանքի մէջ արձանագրուած հիմնական փոփոխութիւններուն մասին խօսելով` ան հաստատեց, որ այս բոլորը կրթական ոլորտի մասնագիտութիւններուն վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունեցան: Հոն, ուր կրթութիւնը զանազան տեղեր հասանելի դարձաւ, տարբեր մակարդակներով:

Խօսելով 21-րդ դարու կրթական համակարգի իւրայատկութիւններուն մասին` դոկտ. Հայտոսթեան կեդրոնացաւ սորվելու հմտութիւններուն եւ քննական մտածողութեան վրայ: Ստեղծագործական միտքի եւ «տուփէն դուրս» մտածելու կարեւորութիւնը շեշտելով` դասախօսը իբրեւ իւրայատկութիւն ընդգծեց հաղորդակցութիւններու նոր համակարգի կայացումը:

Ան հարց տուաւ, թէ ղեկավարը կրթութեան ոլորտին մէջ որքա՞ն կրնայ հաւաքական աշխատակարգով զարգացնել իր հաստատութիւնը` շեշտելով, որ ա՛յս է հիմնական խնդիրը: Այս բոլորը կարեւոր են 21-րդ դարու կրթական համակարգին մէջ:

«Նախաձեռնութիւններու ինքնուրոյնութիւնը հրամայական է արտադրողականութիւն ապահովելու տեսակէտէն:  Ճկունութիւնը ոչ թէ սկզբունքի յարափոփոխութիւն կ՛ենթադրէ, այլ` ծրագիրի վերամշակում: Հմտութեան ընկալումին մէջ կայ անշուշտ գրագիտութիւնը, տուեալներու, վիճակագրական ուսումնասիրութիւններու եզրայանգումներուն վրայ հիմնուելու պայմանը: Տեղեկատուական գրագիտութիւնը անբաժան մաս է այսօրուան կրթական համակարգին, որուն ածանցեալ բաժինն է արհեստագիտութիւնը:

«Այս բոլորը նկատի չառնելը թերի ուսումի համազօր է, իսկ ներկայ դարուն կ՛աւելնան կենսոլորտային հարցերը, աշխարհագրական միջավայրը, շրջապատը, ներկայ դարուն փոխուած են արդարութիւն ու անարդարութիւն ընկալումները, եւ այս առումով 21-րդ դարը ունի իր բացասական կողմերը», յայտնեց վեր. դոկտ. Հայտոսթեան:

Խորհրդանշական պատկերով մը բացատրելու համար այսօրուան կրթական համակարգին ուղղութիւնները, դասախօսը խօսեցաւ Բաբելոնի աշտարակի դէպի վեր, դէպի խորը գացող կառուցուածքի ուղղութիւններուն մասին:

Ըստ անոր, փոփոխութիւններուն հետ վարուիլ սորվիլը դաստիարակութեան եւ կրթութեան  պատասխանատուներուն գործն է` աւելցնելով մե՛րը, իւրայատուկը: Օրինակ` աղէտէն ետք ոտքի կանգնելու հայկական փորձառութիւնը, որմէ պէտք է սորվին ոչ հայերը:

21-րդ դարու համաշխարհային միտքը այն է, որ ամէն անձ ինքզինքին կը պատկանի: Պատկանելիութիւնը եւս նոր մօտեցումներ եւ ընկալումներ ստացած է:

«21-րդ դարու ուսուցիչին վստահուած է 20-րդ դարու մտածելակերպ: Ո՞վ պիտի հաշտեցնէ այս երկու ժամանակահատուածները», հարց տուաւ դասախօսը եւ անդրադարձաւ այս այժմէական կարեւոր խնդիրին:

Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ապա կէտերով խօսեցաւ «խուսափելու» սկզբունքներուն մասին.

1.- խուսափիլ «չենք կրնար»-ի հոգեբանութենէն,

2.- խուսափիլ «չունինք»-ի պատրուակէն,

3.- խուսափիլ «պէտք է, որ իրենք գիտնային» հոգեբանութենէն,

4.- խուսափիլ «ուրիշները թող հոգան»-ի ակնկալութենէն:

«Ի՞նչ են ամէնէն հիմնականները մեզի համար, նաեւ` որո՞նք են մեր կարելիութիւնները», հարց տուաւ դասախօսը` ընդգծելով, որ մի՛տքն է, տեսիլքն է, նուիրուածութիւնն է, որ կրնայ բերել արժէքաւոր նորութիւնը: Մնայունը պահպանելով նորը կերտելու հրամայականը:

Դոկտ. Հայտոսթեան դասախօսութեան վերջին բաժինով նշեց, որ կը նկատէ անհանդարտ հոգիներ, անյստակ չափանիշներ, անորոշ նպատակներ. «Շփոթի ժամանակի մէջ ենք,- ըսաւ ան,- սակայն մեր օրերը անսահման զարգացման առիթներ կու տան մեր համաշխարհային կրթական ցանցերն ու աղբիւրները նկատի ունենալով»: Ըստ անոր, 21-րդ դարու համակարգին մէջ հիմնականը հոգեբանական ուղղութիւնն է, հոգեբանական հաւասարակշռութիւնն է, եւ հայ անձը պէտք է կազմաւորուի հոգեմտաւոր արժեհամակարգի հիման վրայ: «Իսկ մեր հաստատութիւնները մնայուն արժեւորումի եւ վերլուծումի կարիք ունին», եզրափակեց վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան:

21-րդ դարու կրթական համակարգի միջազգային եւ ազգային խնդիրներ արծարծող շահեկան այս դասախօսութեան յաջորդեց հրատապ հարցերու քննարկումը:

Դասախօսութեան տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի «Եութիուպ»-ի էջին վրայ:

 

Նախորդը

Մեր Պահանջը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովէն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?