Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Վերամուտ

Նոյեմբեր 1, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 24 հոկտեմբեր 2021-ին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը ունեցաւ իր վերամուտը` ներկայութեամբ ու հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի վարչութեան ու ներկայութեամբ մասնաճիւղի ծնողներուն, անդամներուն ու մեծաթիւ հանրութեան:

Յայտագիրը սկիզբ առաւ տողանցքով` ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի շեփորախումբին, որ անցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներէն մինչեւ հաւաքի վայրը` քաղաքապետարանի դաշտին կից: Յաջորդ փուլը եղաւ փոխանցման արարողութիւններու շարքը: Ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութիւնը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդը արտասանեցին իրենց խօսքերը` բարի եւ անփորձանք տարեշրջան մը մաղթելով մասնաճիւղի անդամներուն:

Արարողութեան աւարտին սկաուտները ներկայացուցին իրենց պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը, որ կ՛անդրադառնար 2 տարուան ընթացքին պատահած դէպքերուն Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Գայլիկ Ա. վոհմակը թատրոնի ձեւով մեզի յիշեցուց բոլորս խուճապի մատնող կրակներուն մասին, մոկլի վոհմակը պատրաստած էր տեսերիզ մը, որուն միջոցով տեսանք ելեկտրականութեան տագնապին ազդեցութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ, իսկ գայլիկ Բ. վոհմակը մեզի պատկերացուց առցանց հաւաքներու դժուարութիւնները, որոնց ստիպուած էինք վարժուիլ «Քորոնա» ժահրին պատճառով:

Արծուիկ երամի անդամները, իրենց կարգին,  ներկայացումով մը յիշեցուցին «Քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու  նախազգուշական միջոցներ: Մասնաճիւղի «Շուշի» պարմանուհի փաղանգը հետազօտելով եւ կարճ հարցազրոյցներ կատարելով Պուրճ Համուտի քաղաքացիներուն հետ` ներկայացուց շատ ցաւալի եւ բոլորիս մէջ վախ ստեղծող 4 օգոստոսին պատահած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին: Արի խումբը ներկայացուց իր յօրինած եւ պատրաստած կանչը, որ կը պատկերացնէ լիբանանցիին առօրեայ երթեւեկի եւ մանաւանդ վառելանիւթի մտահոգութիւնը:

Արենուշ խումբը, չմոռնալով Լիբանանէն դուրս գտնուող մեր ընտանիքներն ու բարեկամները, փորձեց շատ գեղեցիկ պարերով կապ մը ստեղծել երկրէն գաղթող հարազատներուն միջեւ: Նաեւ անդրադառնալով անցեալ տարուան ընթացքին մեր հայրենիքի մէջ պատահած պատերազմին, որ բոլորիս սրտերուն մէջ ցաւ եւ ընդվզում ստեղծեց: «Վիգէն Զաքարեան» երէց փաղանգի եղբայրները տեսերիզով մը ներկայացուցին այդ պատերազմէն կարեւոր դէպքեր եւ դարձեալ հաստատեցին, որ Արցախի մէջ պատահածը Արցախի պայքարի վերջին էջը չէ:

Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի սկաուտները ուզեցին յղել իրենց պատգամը եւ յիշեցնել, որ հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն,  յուսահատ չեն, եւ միշտ պէտք է լաւատես ըլլանք, որովհետեւ լաւ օրեր պիտի գան, եւ միասնաբար պիտի կարենանք յաղթահարել պայմանները ու պիտի երթանք դէպի աւելի լաւ եւ փայլուն ապագայ:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի սկաուտական հաւաքները տեղի կ՛ունենան ամէն կիրակի` առաւօտեան ժամը 9:00-11:00, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի բակին մէջ:

Նախորդը

Խաչատուր Աբովեան Հիասթափ` «Խաչապաշտ» Ռուսիայէն

Յաջորդը

Ուաշինկթընի Հայեացքները Կ՛ուղղուին Արեւելք Կեդրոնական Ասիա` Միջազգային Քաղաքականութեան Նոր Ուղղութիւնը

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?