Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնակատարութիւնը

Նոյեմբեր 3, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

22 հոկտեմբեր 2021-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին աշակերտները, նախորդ երկու տարիներու ստիպողական դադարէն ետք, հաւաքաբար նշեցին Սրբոց Թարգմանչաց տօնը, վարժարանին շրջափակին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին:

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Նանօր Առնելեանը, որ շեշտեց, թէ հայութիւնը իր դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները դիմագրաւած է յատկապէս թարգմանիչներու ճամբով հայացած մեր հաւատքին ու ստեղծուած մշակոյթին շնորհիւ, հաստատելով, որ այսօր եւս պիտի շարունակենք գոյատեւել, այնքան ատեն որ ունինք մեր լեզուին, մշակոյթին ու հաւատքին կառչած մնալու մեր թարգմանիչներէն մեզի կտակուած զօրաւոր կամքը:

Գեղարուեստական մասով Ծաղիկ դասարանի աշակերտները կատարեցին երկու երգեր` «Ա.Բ.Գ. » եւ «Ով եմ ես» ու արտասանութիւն մը` «Մեսրոպ Մաշտոց»: Ե. դասարանի աշակերտները կատարեցին «Հայերէն» (Խաչիկ Դաշտենց), Զ. դասարանը «Հայ լեզուն տունն է հայուն» (Մուշեղ Իշխան) ասմունքները, իսկ միջնակարգէն 7 աշակերտներ ներկայացուցին ասոյթներ` հայոց լեզուին մասին: Փոքր «Ծիծեռնակներ»-ու երգչախումբը կատարեց «Շատ կը սիրեմ իմ վարժարան» երգը` խմբավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի: Նանօր Առնելեան եւ Սէրլի Նէմշհէրիլեան կատարեցին նուագ ` «Քելէ, քելէ»:

Օրուան գլխաւոր պատգամախօսն էր վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանը, որ լուսարձակի տակ առաւ այն դժուարին եւ հսկայածաւալ աշխատանքը, զոր սուրբ թարգմանիչները կատարեցին Ե. դարուն` մեզի պարգեւելով Աստուածաշունչի «Թարգմանութեանց թագուհին»:Ան շեշտեց, որ թարգմանիչներուն իրագործումները նշանակալի են ոչ միայն հայերուս, այլ ամբողջ մարդկութեան համար, քանի որ անոնց շնորհիւ մեզի հասած են բազմաթիւ օտարալեզու գործեր, որոնց բնագիրները կորսուած են ժամանակին ընթացքին: Ան ըսաւ, որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ խօսքն է` ուղղուած մարդկութեան, հետեւաբար անիկա պէտք է ըլլայ մշտական ընթերցանութեան աղբիւր քրիստոնեային համար: Ան համոզում յայտնեց, որ իւրաքանչիւր մեսրոպեանական ի վիճակի է դառնալու Քրիստոսի եւ անոր եկեղեցւոյ առաքեալը եւ այդպէս շարունակել Սուրբ Թարգմանիչներուն գործը:

Հանդիսութեան աւարտին Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ ըսաւ, որ վարժարանի շրջափակին մէջ կանգնած Սուրբ Մեսրոպի արձանը ազգային շունչ, ոգի եւ մտածողութիւն ներշնչող ներկայութիւն մըն է աշակերտութեան համար, որ այսօր անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու, որ ամրօրէն կառչած կը մնայ իր հայկական ինքնութեան: Ան աշակերտները յորդորեց միշտ խօսիլ, երգել հայերէն, աղօթել հայերէնով եւ ապրիլ հայօրէն` հայու անունը միշտ բարձր պահելով ամէն տեղ: Ան շեշտեց, որ հայոց լեզուն պէտք է բոլորին համար դառնայ հարազատ տուն. «Պահպանենք այդ տունը, եւ պիտի տեսնէք, որ ի վիճակի պիտի ըլլանք վերադարձնելու նաեւ Արցախի բռնագրաւեալ տարածքներն ու հայրենիքի այլ տարածքներ, որոնք մեզմէ խլուեցան բռնօրէն», եզրափակեց տնօրէնը:

Թարգմանչաց տօնին ընդառաջ Մեսրոպեանի նախակրթարանին եւ մանկապարտէզին մէջ աշակերտներ կատարեցին տարբեր աշխատանքներ:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին Շնորհուեցաւ Label FrancEducation

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?