Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին Շնորհուեցաւ Label FrancEducation

November 3, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

27 հոկտեմբեր 2021-ը` իբրեւ պատմական օր, պիտի արձանագրուի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի պատմութեան էջերուն մէջ, որովհետեւ, առ ի պսակումն բազմաթիւ տարիներ տեւած յամառ ու հետեւողական աշխատանքի, վարժարանը Ֆրանսական պետական պատկան մարմիններէն ստացաւ Label FrancEducation միջազգային հաւատարմագրումը (accréditation), որ համաշխարհային մակարդակի վրայ կը համարուի որակի կնիք մը` ֆրանսերէնի դպրոցական ուսուցման մարզին մէջ:

Հաւատարմագիրի յանձնման պաշտօնական արարողութիւնը, գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի,  տեղի ունեցաւ Պէյրութի Ֆրանսական դեսպանատան` Նոճիներու պալատին մէջ: Ներկայ էին` Արտասահմանի մէջ ֆրանսական կրթութեան գործակալութեան եւ Ֆրանսական հիմնարկի ներկայացուցիչները, Լիբանանի կրթական նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաք եւ հաւատարմագիրին արժանացած լիբանանեան 10 դպրոցներու տնօրէնները:

Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ հաւատարմագիրի ստանձման յաջորդած իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց այս գործընթացին առնչակից բոլոր կողմերուն, առանց որոնց հաւաքական ճիգին` դժուար պիտի ըլլար հասնիլ այս իրագործումին: «Երկու տարի առաջ, երբ CELF Label-ը շնորհուեցաւ Մեսրոպեան վարժարանին, մենք արդէն որոշեցինք ջանք ու եռանդ չխնայել ձեռք բերելու համար FrancEducation Label-ը», ըսաւ Կ. Գալուստ: «Ատիկա հնարաւոր դարձաւ առաջին հերթին այն կարեւորութեան շնորհիւ, որ մենք կու տանք FrancEducation Label-ին` հաշուի առնելով անոր կենսական դերը մեր աշակերտներու լեզուական մակարդակի բարձրացման գործին մէջ, դիտել տուաւ ան: Այս ամէնը ձեռք բերուեցաւ ի հեճուկս այն բազում դժուարութիւններուն եւ ծանրագոյն տագնապներուն, որոնցմէ կ՛անցնի Լիբանանը,  քանի որ մենք կը հաւատանք մեր կրթական առաքելութեան` մեր սիրելի երկրին մէջ, եւ քանի որ կը ցանկանք զայն շարունակել` վասն մեր աշակերտներու յառաջդիմութեան», եզրափակեց Մեսրոպեանի տնօրէնը:

LabelFranceducation -ը պաշտօնական միջազգային հաւատարմագրում (accréditation) է, որ դիմորդ դպրոցներուն կը շնորհուի Ֆրանսական կառավարութեան կողմէ, Արտասահմանի մէջ ֆրանսական կրթութեան գործակալութեան միջոցով:

Հաւատարմագրման համար դպրոցները պէտք է համապատասխանեն շարք մը խիստ չափանիշներու… օրինակ` ուսուցիչները պէտք է ունենան բարձր որակաւորում, դպրոցը պէտք է ունենայ զարգացման ուժեղ ծրագիր եւ յանձնառութիւն` որակեալ կրթութեան նկատմամբ: Անիկա պէտք է մասնակցի ֆրանսերէնի պաշտօնական քննութիւններու եւ պէտք է ապահովէ այնպիսի միջավայր, որ հետաքրքրութիւն կը ներշնչէ ֆրանսական մշակոյթին նկատմամբ:

Ներկայիս Լիբանանի մէջ 30 դպրոցներ ունին Label FrancEducation հաւատարմագիր, ամբողջ աշխարհի մէջ` 523. Մեսրոպեանը միակ հայկական դպրոցն է` անոնց շարքին:

 

Նախորդը

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնակատարութիւնը

Յաջորդը

Առողջութեան Մասին Դասախօսութիւն Դպրեվանքին Մէջ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Յայտարարութիւն

September 23, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը

September 22, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.