Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Վիեննայի Համաձայնութեան Գործնական Արժէքը Հարցականի Տակ

Մայիս 20, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_51816

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

16 մայիսին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը, որուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին կողքին մասնակցեցան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ֆրանսայի եւրոպական հարցերու պետական քարտուղար Արլեմ Տեզիր: Համանախագահող երկիրներու նախարարները առաջին անգամ ըլլալով ներկայ եղան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումին. արտակարգ ձեւաչափ մը, որ արդիւնք է այն արտակարգ իրավիճակին, որ ստեղծուած է Ղարաբաղ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ` ապրիլեան քառօրեայ իրադարձութիւններու լոյսին տակ:

Ձեւաչափին կողքին հետաքրքրական էր նաեւ մասնակիցներու աթոռներուն տեղաբաշխումը. Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը սեղանին գլուխը նստած իր ամերիկացի պաշտօնակիցին կողքին նստելու փոխարէն նստած էր նախագահ Սարգսեանի կողքին` հայկական կողմին յատկացուած սեղանին վրայ, իսկ դիմացը` ազրպէյճանական կողմին յատկացուած սեղանին վրայ Ալիեւի կողքին նստած էր Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ արցախեան պատերազմին յատկացուած լսումներու ընթացքին լուծման սկզբունքներու ներկայացման ընթացքին շեշտը ազգային ինքնորոշման սկզբունքին վրայ դրած ֆրանսացի նախարարը: Լուսանկարին մէջ Լաւրով աշխուժ կերպով կը զրուցէ նախագահ Սարգսեանի հետ, մինչ «անախորժներու սեղան»-ին քարէ արձանի նման նստած է Ալիեւ:

Թերեւս Լաւրով նախընտրած էր նստիլ «հայկական սեղան»-ին` փորձելով Հայաստանի մէջ հակառուսական տրամադրութիւնները հանդարտեցնել եւ փոխանցել այն պատգամը, թէ Ռուսիան Հայաստանի կողքին է: Միւս կողմէ, Տեզիր կը թուի Լաւրովի քայլին ծանրութիւնը մեղմացնելու համար դժկամութեամբ նստած ըլլալ բռնատէրին կողքին: Լաւրով եւ Տեզիր հանդիպումին նախագահող կողմին յատկացուած սեղանին վրայ իրենց աթոռները զիջած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անտրէյ Քասփրչիքի:

Հանդիպումին ընթացքին գոյացաւ համաձայնութիւն, որ կը բաղկանար հետեւեալ կէտերէն. 1) հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման նկատմամբ յանձնառութեան վերահաստատում, 2) 1994-1995 թուականներու զինադադարին վերաբերեալ համաձայնագիրներու կատարում, 3) սեղմ ժամկէտներու մէջ զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծում, 4) տագնապի գօտիին մէջ առաւել արդիւնաւէտ հսկողութեան իրականացման նպատակով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի կարողութիւններու ընդլայնում:

Նորութիւնը 3-րդ եւ 4-րդ կէտերն են: Անոնց որդեգրումը դրական զարգացում մըն է, սակայն հարցը անոնց գործադրութեան մէջ է` նկատի ունենալով մայիս 1994-էն ի վեր Ազրպէյճանի խոստմնադրուժ ու յանձնառութիւնները չյարգելու վարքի փաստը: Արդարեւ, անիկա շարունակ կը վերահաստատէ առաջին եւ 2-րդ կէտերուն նկատմամբ իր յանձնառութիւնը եւ նոյն յաճախականութեամբ ալ կը խախտէ զինադադարը` չյարգելով այդ կէտերը: Ան մինչեւ օրս զինադադարն ու տագնապի խաղաղ լուծման շուրջ համաձայնութիւնը չէ յարգած եւ չկայ որեւէ երաշխիք, թէ այսուհետեւ պիտի ցուցաբերէ այլ մօտեցում:

Աւելի՛ն, Վիեննայի համաձայնութենէն հազիւ երկու օր ետք, Պաքու դէմ արտայայտուեցաւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի լիազօրութիւններու յաւելման` նշելով, որ այդպիսի բան չի կրնար ըլլալ: Ալիեւի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Նովրուզ Մամետով` մեկնաբանելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի յայտարարութիւնը, ըսաւ. «Յայտարարութեան մէջ ըսուածը Մինսքի խմբակի դիրքորոշումն է, մենք այս հարցին մէջ մեր վրայ որեւէ պարտաւորութիւն չենք վերցուցած»:

Ազրպէյճանի խօսքն ու ստորագրութիւնը անարժէք են: Անոնք հաւաստի չեն: Իրողութիւն մը, որ հարցականի տակ կ՛առնէ Վիեննայի համաձայնութեան գործնական արժէքը:

 

 

Նախորդը

Քրիստափոր Միքայէլեանի Կեանքին Ու Գործին Նուիրուած Ձեռնարկին Պատգամախօսը` Արա Գրիգորեան Ներկայացուց Անոր Իսկական Պատկերն Ու Ներդրումը` ՀՅԴ-ի Պատմութեան Մէջ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Յաջորդ Վարչապետը Պիտի Դառնայ Պինալի Եըլտըրըմ

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?