Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Զարգանալ Եւ Յաղթել

May 20, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

raffidoudaklian1ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Մայիսը  յաղթանակներու ամիս է. ամէն տարի հազարաւոր հայեր այդ ամսուան 9-րդ օրը Ղարաբաղ կ՛այցելեն տօնելու համար հայ ժողովուրդի նորօրեայ կարեւորագոյն յաղթանակներէն մէկը` Շուշիի ազատագրումը: Այդ օրերուն, գործընկերոջս` Անդրանիկ Գասպարեանին հետ ճամբայ ելանք դէպի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, բայց ո՛չ միայն մասնակցելու համար Յաղթանակի օրուան նուիրուած հանդիսութիւններուն, այլեւ` այցելելու Բերձորի (նախկին Լաչին) շրջանը, սփիւռքահայերու ներդրումներով իրականացուող տնտեսական զարգացման փոքր եւ մեծ ծրագիրներուն ծանօթանալու նպատակով:

– Մեր առաջին կանգառը Բերձոր աւանն է: Մեղրամոմի փոքրիկ գործարանի մը բացումը պիտի կատարենք: Ներդրողը Անտրէ Կիւմիւշճեանն է, Պելճիքայէն: Ինքն ալ իր հարազատներուն հետ պիտի ժամանէ եւ պիտի մասնակցի գործարանի բացումին,- ըսաւ Անդրանիկ` մանրամասնութիւններ տալով մեղրի համար անհրաժեշտ այս արտադրութեան կարեւորութեան մասին:

Բերձորի շրջակայ գիւղերը հաստատուած հայերուն մեծամասնութիւնը կը զբաղի գիւղատնտեսութեամբ: Բերրի հողերու մշակումին եւ անասնապահութեան կողքին, գիւղացիներուն մէկ մասը կը զբաղի նաեւ մեղրի արտադրութեամբ: Շատեր իրենց այգիներուն կողքին փեթակներ ունին, եւ մեղրը իրենց առօրեայ սնունդին մաս կը կազմէ: Մեղրի արտադրութեան համար անհրաժեշտ է ունենալ արհեստականօրէն պատրաստուած մեղրամոմ (bee wax): Շրջանի մեղուապահները յաճախ մինչեւ Երեւան եւ աւելի հեռու քաղաքներ կ՛երթան` փեթակներուն համար մեղրամոմ բերելու: Անտրէ Կիւմիւշճեանի այս ներդրումով, Բերձորի մէջ բացուող մեղրամոմի գործարանը փեթակ պահողներուն համար թէ՛ ժամանակ եւ թէ՛ գումար պիտի խնայէ, որովհետեւ անոնք ստիպուած պիտի չըլլան հարիւրաւոր քիլոմեթրեր հեռու գտնուող Երեւանի արուարձանները երթալու:

Կէսօրէն ետք շուրջ ժամը 4-ին հասանք Բերձոր եւ սպասեցինք Անտրէի ժամանումին: Հոն էին Բերձոր վարչական շրջանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, լրագրողներ եւ այլն: Անտրէն դեռ չէր ժամանած, բայց քիչ ժամանակ անց միջին չափի հանրակառք մը կանգ առաւ փոքրիկ արտադրամասին առջեւ, եւ Արժանթինէն, Միացեալ Նահանգներէն ու Պելճիքայէն եկած հիւրեր, բոլորն ալ` Անտրէի հարազատները, միացան մեզի, փոքր, բայց կարեւոր այս գործարանի բացման հանդիսութեան մասնակցելու նպատակով:

Կարմիր ժապաւէնը կտրելէ, հայկական շամփանիայով ու գինիով լեցուն բաժակները բարձրացնելէ ու բարի մաղթանքներ ընելէ ետք, հետաքրքրութեամբ ու գոհունակութեամբ հետեւեցանք փեթակի արհեստական մոմ արտադրող մեքենայի աշխատանքին: Հպարտ եւ ուրախ էր մանաւանդ Անտրէն. ան առաջին անգամ Հայաստան այցելող իր հարազատներուն կը բացատրէր, թէ հոգեկան ինչպիսի՛ մեծ գոհունակութիւն կ՛ապրէր` Հայաստանի պատմական այս հողերը ծաղկեցնելու նուիրական գործին իր մասնակցութիւնը բերելով: Իր խանդավառութիւնը, աշխուժութիւնն ու լաւատեսութիւնը վարակիչ էին բոլորիս համար:

Մինչ «Կիւմիւշճեան փեթակ» գործարանի բացման հանդիսութիւնը կը շարունակուէր, Արժանթինէն եկած Անտրէի զարմիկին հետ որոշեցինք դուրս ելլել եւ զրուցել հոն հաւաքուած գիւղացիներու հետ: Խօսքի բռնուեցանք ռազմաճակատէն նոր վերադարձած կամաւորի մը հետ, որ քառօրեայ պատերազմին մասին դրուագներ պատմեց մեզի ու ըսաւ.

«Մենք պահում ենք ճակատները, իսկ դուք, որ դրսում էք ապրում, պատերազմին մասնակցում էք` մեր գիւղերի զարգացման համար աշխատելով: Դուք չէք պատկերացնում, թէ էս փոքր ձեռնարկութիւնները ինչքա՛ն մեծ ուժ են տալիս մեզ: Մենք երբե՛ք առանձին չենք զգում, ու դա մեր համար ամենահզօր թիկունքն է»:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Նախորդը

Ազրպէյճանը` Վիեննական Թակարդում

Յաջորդը

Վերնիսաժը` Երեւանի Զարկերակը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.