Յօդուածներ

Հայ Դատը Հնարաւորութիւն Կը Տայ Մինսքի Խմբի Ամերիկացի Նոր Համանախագահին

Հայ Դատը Հնարաւորութիւն Կը Տայ Մինսքի Խմբի Ամերիկացի Նոր Համանախագահին

ԱՐԱՄ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի ամերիկացի համանախագահի նշանակումը չի ենթադրում Միացեալ Նահանգների ծերակոյտի կողմից նրա թեկնածութեան հաստատում, ինչպէս արւում է Միացեալ Նահանգների դեսպանների նշանակման պարագայում` «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցում ասաց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերի գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանը` անդրադառնալով ԵԱՀԿ Մինսքի խմբում ամերիկացի նոր ժամանակաւոր համանախագահի նշանակմանը: 2017թ. յունուարից ԵԱՀԿ Մինսքի խմբում Միացեալ Նահանգների համանախագահի...

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Ապրելու Համար» (Հեղինակ` Համազասպ Տէր Խաչատուրեան)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Քիչ կը պատահի, որ գիրք մը իր առաջին էջէն քեզ առինքնէ, նոյնիսկ եթէ երբեք տուեալ հատորը ըլլայ յուշագրութիւն, ընդգրկէ սեփական կեանքի պատումներ կամ այսպէս ըսած` ապրուած կեանքի փորձառութիւն: Սա չի նշանակեր, որ յուշագրութիւնը կորսնցուցած է իր հնչեղութիւնը,  դարձած է ժամանակավրէպ եւ զիջած այլ գրական սեռերու: Ո՛չ, երբեք: Այլ հարց, որ ընթերցանութիւն հասկացութիւնը իր բովանդակ իմաստով արդէն տեղի տուած...

ՀՅԴ 126-Ամեակի Արժանավայել Նշում Հոլանտայի Մէջ

Հայեացք Հոլանտայէն (Դաշնակցութեան 126-Ամեակի Նշումին Առիթով)

ՆՈՒՊԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ ծագած տագնապներուն եւ Հայաստանէն եղած արտագաղթին իբրեւ անմիջական անդրադարձ` տեղաշարժ արձանագրած հայութիւնը եւ այս հետեւանքներուն որպէս անմիջական իրողութիւն` որոշ գաղթօճախներու նօսրացումն ու նոր գաղութներու ձեւաւորումը նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը դնեն հայութիւնը ընդհանրապէս եւ նոր ձեւաւորուած գաղութները յատկապէս` հայապահպանման, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հետապնդման եւ Արցախի հարցի կարգաւորման առումով: Բնական է, որ...

Հայկական Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Խորհրդանշական Անդրադարձ Լիբանանեան Պատկերասփիւռի Կայաններուն Կողմէ

Հայկական Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Խորհրդանշական Անդրադարձ Լիբանանեան Պատկերասփիւռի Կայաններուն Կողմէ

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ «Դուք ինչո՞ւ Ս. Ծննդեան տօնը 6 յունուարին կը նշէք», հարցումին անխուսափելիութեան կողքին, հայկական Ս. Ծնունդը այս տարի տեղական մակարդակով ունեցաւ խորհրդանշական անդրադարձ, նկատի ունենալով, որ լիբանանեան պատկերասփիւռի զանազան կայաններ յատուկ յայտագիրներով եւ գեղարուեստական յայտագիրներու սփռումով նշեցին այդ տօնը: Սկսելու համար, լիբանանեան պատկերասփիւռի բոլոր կայանները իրենց յայտագիրներուն միջեւ եւ ծանուցումի դադարներուն ընթացքին օգտագործուող իբրեւ տեսարան որդեգրած էին «Շնորհաւոր Նոր...

Ուրացող Պետութիւնը

Փակելով Խաւարի Այս Տարին

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Մամուլի հին սովորութիւն է տարուան վերջին օրերուն վերաքաղ մը ընել անցնող տարուան ընթացքին պատահած դէպքերը: Այս տարի, ափսոս որ այդ դէպքերը շա՜տ ծանր կշռեցին մեր երկրի ժողովուրդին վրայ: Յաճախակիօրէն ցնցուեցանք ահաբեկչական յարձակումներով, որոնք բազմաթիւ կեանքեր խլեցին: Թէեւ ահաբեկչական յարձակումները աշխարհի բոլոր երկիրներուն համար կրնան ի զօրու ըլլալ, սակայն մեր մօտ, նոյնինքն երկրի կառավարութիւնը արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր...

Մուշի Իսլամացած Հայերը

Ինչի՞ Մասին Են Պատմում Գէորգ Չաւուշի Տան Պատերը

ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Սասունի ամենագեղեցիկ, ամենատպաւորիչ գիւղերից մէկն է Մկտենքը: Տեղի արաբ եւ քիւրտ բնակիչները, սովորութեան համաձայն, ծամծմում ու լղոզում են հայկական հին անուանումներն ու Մկտենքին էլ ասում են Միթինգ: Չզարմանաք, երբ ձեզ ասեն. «Նոր անունը Գիւրգենլի է, բայց մենք արաբերէն Միթինգ ենք ասում», եւ երբ հարցնէք, թէ ի՞նչ է նշանակում Միթինգ արաբերէնով` փոքր երեխայի պէս սկսեն թարթել աչքերը: Դէպի Սասուն...

Աւերակներու Մէջ

Աւերակներու Մէջ

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ Պէտք չէ զարմանալ նախ «Էւրենսել քիւլթիւր» (տիեզերական մշակոյթ) պարբերականին արգիլման համար, որովհետեւ համաշխարհային մշակոյթը ժիհատականներու եւ անոնց հետեւորդներուն գլխաւոր թիրախն է: ԵՈՒՆԵՍՔՕ անցեալները յայտարարեց, որ իր կողմէ Համաշխարհային մշակութային ժառանգութիւն ըլլալով` ճշդուած 65 վայրերէն 20-ը այցելել անկարելի է կամ` խիստ վտանգաւոր: Այդ քսանին մաս կը կազմեն Հալէպի բերդն ու շրջակայքը եւ Ամիտայի Սուր թաղամասը (Տիգրանակերտ, Ա.), անոր անմիջական...

Հաւատքի Մարդը` Բիւզանդ Թորիկեան

Հաւատքի Մարդը` Բիւզանդ Թորիկեան

(ՀՄԸՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի Դամբանականը` Բիւզանդ Թորիկեանի Մահուան Առիթով) Դժուար է հաւատալ, որ Բիւզանդ Թորիկեանը ոչ եւս է: Դժուար է ընդունիլ, որ ՀՄԸՄ-ական աթլեթ, վարչական, դաստիարակ եւ պատմագիր Բիւզանդ Թորիկեանը մեզի հետ պիտի չըլլայ այլեւս: 73 տարուան միութենական ծառայութենէ ետք, Բիւզանդ Թորիկեանը շատ պիտի փնտռենք միութենական իր արժանիքներով ու փորձառութեամբ: Երեւոյթ էր մեր երէց եղբայրը, ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի...

Սերունդի Մը Կորուստը

Սերունդի Մը Կորուստը

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Այո՛, Բիւզանդ Թորիկեանի մահով պահ մը բոլորս զգացինք, որ տերեւաթափի վերջին տերեւները կը տեսնենք: Թէեւ ծառը կը մնայ, սակայն տերեւները չկան ալ, եւ կը սպասուի նոր գարնան, որպէսզի վերածաղկի: Բիւզանդ Թորիկեան կը մարմնաւորէ սերունդ մը, որուն մէջ միութենական հասկացողութիւնը այնքան խոր եւ արմատ ունէր, որ անոնք անանձնական եւ նուիրումով օրինակելի տիպարներ դարձած էին սփիւռքի իրականութեան մէջ: Համազգայինը, ՀՄԸՄ-ը,...

Ցաւակցագիր.  Թորիկեան Ընտանիքին Եւ ՀՄԸՄ-ի Բոլոր Անդամներուն

Ցաւակցագիր. Թորիկեան Ընտանիքին Եւ ՀՄԸՄ-ի Բոլոր Անդամներուն

Ցաւով ընդունեցինք մեծավաստակ եւ անձնուէր ՀՄԸՄ-ական Բիւզանդ Թորիկեանի մահուան լուրը: Իսկապէս կորսնցուցինք տիպար հայորդի մը, որուն յիշատակը վառ պիտի մնայ ՀՄԸՄ-ականներու եւ համայնքի զաւակներու սրտերուն մէջ` իբրեւ մատաղ սերունդը արժանավայել կերպով դաստիարակող եւ կրթող գործիչի: Մեծ է լուսահոգի Բիւզանդ Թորիկեանի ներդրումը ՀՄԸՄ-ի թէ՛ մարզական, եւ թէ պատմագրութեան լուսաբանման, հանրահռչակման գործին մէջ. երկար տարիներ մաս կազմելով «Մարզիկ»-ի խմբագրական եւ վարչական կազմերուն,...

Լեւոն Շամմասեանի Կորուստը

Լեւոն Շամմասեանի Կորուստը

Ե. ՀԱՒԱԹԵԱՆ Ոչ եւս է միշտ աշխուժ, կատակասէր, հայրենասէր, արուեստասէր, ծառայասէր, Մուսա Լերան ոգիով ապրող` Լեւոն Շամմասեանը: Շատ հանդարտ, ինչպէս իր բնաւորութիւնն էր, մեկնեցաւ այս աշխարհէն` գրեթէ 90 տարեկանին: Ծերացաւ միայն տարիքով,  հոգիով միշտ երիտասարդ մնաց: Մեր միջեւ եղած աւելի քան 40 տարիներու տարիքային տարբերութիւնը, երբեք արգելք չեղաւ, որ ընկերներ ըլլանք, մտերիմներ եւ միշտ առիթ ստեղծենք բաժնեկցելու մեր մտահոգութիւնները: Ինք...

Դէպի Վերականգնում. Արամ Ա.-ի Կոչը Հայ Ժողովուրդին` Տագնապահար Հալէպէն

Դէպի Վերականգնում. Արամ Ա.-ի Կոչը Հայ Ժողովուրդին` Տագնապահար Հալէպէն

Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումի խորհուրդով օծուն այս օրերուն, տագնապահար, բայց միշտ կանգուն Հալէպ քաղաքէն հայրական կոչ կ՛ուղղենք հայ ժողովուրդին` վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով իրենց հայեացքները ու մտածումները դարձեալ սեւեռելու Սուրիոյ հայութեան վրայ: Արդարեւ, անցնող շուրջ հինգ տարիներուն տառապեցաւ ու տագնապեցաւ Սուրիոյ մեր սիրելի ժողովուրդը: Յաճախ մահուան սարսափն ու ֆիզիքական քանդումի երկիւղը պատեցին իր կեանքը, մեր կառոյցները դիմագրաւեցին ահաւոր դժուարութիւններ, ամայացան հայ...

Իրաքեան Քիւրտիստանի Մոռցուած Հայերը

Իրաքեան Քիւրտիստանի Մոռցուած Հայերը

Ասպետ Քոչիկեան ՀԲԸՄ-ի պարբերաթերթին մէջ կը գրէ, որ մայիսի սկիզբը, ուրբաթ կէսօրէ ետք մը, իրաքեան Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ ներկայ գտնուած է ասորական եկեղեցւոյ մէջ հայր Արթուն Խալաթեանի մատուցած Ս. պատարագին, որուն մասնակից շուրջ 24 հայերը եկած են նախապէս մեծաթիւ հայ համայնք ունեցող Մուսուլէն: Նշեալ հայերուն ու անոնց հոգեւոր հովիւին` մօտակայ Զախօ քաղաքէն Էրպիլ փոխադրուելուն պատմութիւնը իր մէջ կ՛ամփոփէ պատմութիւնը...

«Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Իրաւաքաղաքական Դաշտ Տեղափոխելու Ուղղութեամբ Լուրջ Աշխատանք Կը Նկատուի»  Կ՛ըսէ Աշոտ Մելքոնեան

«Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Իրաւաքաղաքական Դաշտ Տեղափոխելու Ուղղութեամբ Լուրջ Աշխատանք Կը Նկատուի» Կ՛ըսէ Աշոտ Մելքոնեան

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան  մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշած է, որ` «Հայոց ցեղասպանութեան հարցը իրաւաքաղաքական դաշտ տեղափոխելու ուղղութեամբ լուրջ աշխատանք կը տարուի»: «Հայագիտական հիմնարկներու աշխատակիցները լոյս ընծայած են բազմաթիւ աշխատութիւններ, որոնց հիմնական մեխը Ցեղասպանութեան դիմաց հատուցման հասնելու հանգամանքն է: Բան մը, որ տեղի ունեցած է Հրէական ողջակիզումի պարագային», ըսած է Աշոտ Մելքոնեան:...

Քառօրեայ Պատերազմին Վիրաւորուած 4 Զինուորներ Նոր Տուներու Մէջ Դիմաւորեցին Ամանորը

Քառօրեայ Պատերազմին Վիրաւորուած 4 Զինուորներ Նոր Տուներու Մէջ Դիմաւորեցին Ամանորը

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք «Թուֆէնկեան» բարեսիրական հիմնադրամը Արցախի մէջ կեանքի կոչեց վիրաւոր զինուորներու բնակարանային հարցին աջակցութեան ծրագիրը: Ըստ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանին, եղան բարերարներ, որոնք փափաք յայտնեցին օգնելու վիրաւոր զինուորներուն ընտանիքներուն: «Ծրագիրի ծիրին մէջ վերանորոգում, կառուցում կամ նոր կը գնենք վիրաւոր զինուորի ընտանիքին համար: Առաջին տունը, որ հիանալի կերպով վերանորոգեցինք, Հատրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ...

Հայաստանի Մէջ Արկածային Զբօսաշրջութեան Զարգացման Նպատակով Պատրաստուած Է Քայլարշաւային 40 Երթուղի

Հայաստանի Մէջ Արկածային Զբօսաշրջութեան Զարգացման Նպատակով Պատրաստուած Է Քայլարշաւային 40 Երթուղի

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ Հայաստանի մէջ արկածային զբօսաշրջութեան զարգացման նպատակով պատրաստուած է  քայլարշաւային 40 երթուղի: 12 դեկտեմբեր 2016-ին Ջերմուկի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւիրած խորհրդակցութեան ընթացքին Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կարէն Մկրտչեան նշած է, որ խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման գերակայ ուղղութիւններէն մէկը հռչակուած` զբօսաշրջութեան մարզի զարգացման հարցերը: Կարէն Մկրտչեան նշած է զբօսաշրջութեան խթանման նպատակով իրականացուած նախաձեռնութիւններէն...

Ըստ ՄԱԿ-Ի Բնակչութեան Ֆոնտի Զեկուցումին, 2010-2016 Թուականներուն Հայաստանի Բնակչութեան Թիւը Աճած Է 0,3 Առ Հարիւրով

Ըստ ՄԱԿ-Ի Բնակչութեան Ֆոնտի Զեկուցումին, 2010-2016 Թուականներուն Հայաստանի Բնակչութեան Թիւը Աճած Է 0,3 Առ Հարիւրով

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան ֆոնտը հրապարակած է նոր զեկուցում մը, որուն մէջ ներկայացուած տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի մէջ 3 միլիոն մարդ կ՛ապրի: Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ 2010-2016 թուականներուն Հայաստանի բնակչութեան թիւը աճած է 0,3 առ հարիւրով: 2016 թուականի տուեալներով, 0-14 տարեկան երեխաները եւ պատանիները ամբողջ բնակչութեան 19 առ հարիւրը կը կազմեն, նոյն ցուցանիշը գոյութիւն ունի նաեւ 10-24 տարեկան մարդոց...

Չինաստանի Մէջ Անտեսանելի Կամուրջ Մը Պիտի Կառուցուի

Չինաստանի Մէջ Անտեսանելի Կամուրջ Մը Պիտի Կառուցուի

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ «Տը Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ Չինաստանի հարաւարեւելեան Հունան նահանգի Չզանցեացզէ ազգային անտառային բնայգիին մէջ կը նախատեսուի կառուցել կամուրջ մը, որ գործնականին մէջ անտեսանելի պիտի ըլլայ: Կը նախատեսուի կամուրջը կառուցել հայելային չժանգոտող պողպատէ եւ ապակիէ: Ճարտարապետներուն մտայղացումով, կառուցուածքը բաղկացած պիտի ըլլայ երկու մակարդակներէ. վերի մակարդակին վրայ տեսանելի յատակ պիտի ըլլայ, իսկ վարին մակարդակին վրայ` ամբողջութեամբ թափանցիկ: Շինութիւնը...

Ֆրանսացի Բժիշկ Մը Պատահաբար Գտած Է Տա Վինչիի 15 Միլիոն Եւրօ Արժող Գծանկարը

Ֆրանսացի Բժիշկ Մը Պատահաբար Գտած Է Տա Վինչիի 15 Միլիոն Եւրօ Արժող Գծանկարը

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ Փարիզի մէջ պատահաբար գտնուած է Լէոնարտօ տա Վինչիի 15 միլիոն եւրօ արժող գծանկարը: «Թելեկրաֆ» պարբերականը կը հաղորդէ, որ ֆրանսացի հանգստեան կոչուած բժիշկ մը, որ փափաք յայտնած է իր անունը անյայտ պահել, «Թաժան» աճուրդային տուն բերած է իր հօր պատկանող գծանկարներու տուփ մը: Աճուրդային տան աշխատակից Թատի Փրաթ 15 գծանկարներուն մէջ նկատած է ծառին կապուած Ս. Սեպասթիենին պատկերը:...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Ժողովրդավարութիւնը Իր Հակասութիւններու Դէզին Վրայ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ժողովրդավարութիւնը կը յաջողի, երբ ընկերութեան մէջ կը տիրէ պարկեշտութիւնը, այլապէս ան կը ծառայէ զանազան լծակներու օգտագործումով եսերու շահերուն: Ժողովրդավարութիւնը, երբ պարկեշտութիւնը հասարակաց վերաբերում չէ, կը վերածուի կէսէն մէկ աւելիի տիրապետութեան, կէսէն մէկ պակասը կը դառնայ ընդդիմութիւն` միւս կէսը տապալելու մնայուն լարումով: Ճօճանակի օրօր: Ժողովրդավարութիւնը իր իտէալական պատկերը կը կորսնցնէ եւ ծնունդ կու տայ անհատական կամ խմբակային իշխանութեան, երբ...

Page 854 of 1110 1 … 853 854 855 … 1,110

Արխիւներ