Նամակ Երկրէն. Ընդամէնը Կամք Է Պէտք
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Քանի մը օր առաջ յանկարծ յիշեցի, որ ինքնաշարժիս գոյքահարկը չեմ վճարած, եւ եթէ վճարումները անմիջապէս չկատարեմ, տոյժերու եւ տուգանքներու կրնամ ենթարկուիլ: Ոստիկանութեան եւ կառավարական գրասենեակներու հետ հարցեր լուծելու գաղափարն իսկ քուն փախցնելու չափ սարսափելի էր ինծի համար, ուստի որոշեցի անմիջապէս, Նոր տարուան աշխատանքային առաջին իսկ օրը, նոյնիսկ` հանապազօրեայ հացէն հրաժարելով, երթալ եւ կատարել անհրաժեշտ մուծումները: Առաջին գործս եղաւ...



















