Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Իրաւաքաղաքական Դաշտ Տեղափոխելու Ուղղութեամբ Լուրջ Աշխատանք Կը Նկատուի» Կ՛ըսէ Աշոտ Մելքոնեան

January 14, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

ashod_11417

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան  մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշած է, որ` «Հայոց ցեղասպանութեան հարցը իրաւաքաղաքական դաշտ տեղափոխելու ուղղութեամբ լուրջ աշխատանք կը տարուի»:

«Հայագիտական հիմնարկներու աշխատակիցները լոյս ընծայած են բազմաթիւ աշխատութիւններ, որոնց հիմնական մեխը Ցեղասպանութեան դիմաց հատուցման հասնելու հանգամանքն է: Բան մը, որ տեղի ունեցած է Հրէական ողջակիզումի պարագային», ըսած է Աշոտ Մելքոնեան:

Ըստ անոր, մեր պարագային թրքական կողմը ո՛չ միայն պատրաստ չէ այդ քայլին, այլեւ պատրաստ չէ նոյնիսկ ճանչնալու Ցեղասպանութեան իրողութիւնը` հասկնալով, որ իրեն համար հետեւանքները անցանկալի կրնան ըլլալ, մանաւանդ որ Հայոց ցեղասպանութիւնը Հրէական ողջակիզումէն կը տարբերի այնպիսի հանգամանքով, որ հայերը Ցեղասպանութեան ենթարկուած են նոյնինքն իրենց հայրենիքին մէջ եւ տեղահանուած են այդտեղէն:

Պատմութեան հիմնարկը այս նիւթով բազմաթիւ հրատարակութիւններ ունի: Հրատարակուած են «Հայոց պատմութեան» ակադեմական հատորներ: Արդէն հինգ հատոր հրատարակուած է: Անոնց մէջ ներկայացուած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցը` լուսարձակի տակ առնելով այն փաստը, որ անիկա միայն ճանաչումով չի սահմանափակուիր, եւ յառաջիկայ 100 տարուան գլխաւոր խնդիրը հատուցման հոլովոյթը պիտի ըլլայ: Լոյս տեսած են նաեւ «Հայոց ցեղասպանութեան իրաւաքաղաքական հիմքերը» նիւթով հրատարակութիւնները եւ «Ցեղասպանութիւն եւ հայրենազրկում» աշխատութիւնը: Աշոտ Մելքոնեան յայտնած է, որ տարիներ շարունակ խօսուած է ազգային հողի վրայ ցեղասպանութեան մասին, սակայն հայրենազրկումի մասին շատ քիչ խօսուած է: «Ցեղասպանութիւն  եւ հայրենազրկում» աշխատութիւնը ամբողջութեամբ նուիրուած է այդ նիւթին:

«Ի՞նչ է մեր ընելիքը, ուրկէ՞ սկսիլ: Մենք պէտք է յստակօրէն պարզենք, թէ ի՛նչ կորսնցուցած ենք Եղեռնի տարիներուն: Նիւթական, տարածքային եւ բարոյական կորուստներուն վերաբերեալ ունենանք շտեմարան մը, ապա յաջորդ քայլը կատարենք: Յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ միջազգային իրաւունքի բարելաւումը: Մենք` իբրեւ ՄԱԿ-ի անդամ երկիր, միջազգային իրաւունքի ենթակայ, պէտք է միջազգային իրաւունքին մէջ կարենանք հայրենազրկումի եզրը մտցնել: Ատիկա ոչ պակաս զազրելի յանցագործութիւն է: Այսինքն 1915 թուականին հայերը կրկնակի հարուած ստացած են», ըսած է Մելքոնեան:

«Ի՞նչ ջանքեր կը գործադրուին ներկայիս Հայոց ցեղասպանութեան հարցը իրաւաքաղաքական դաշտ տեղափոխելու ուղղութեամբ» հարցումին պատասխանելով` Աշոտ Մելքոնեան ընդգծած է, որ գիտական հանրութիւնը այդ ուղղութեամբ աշխուժօրէն կ՛աշխատի: Բացի ատկէ, Սահմանադրական դատարանին մէջ Գագիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ յանձնախումբ մը կայ, որ այս հարցով թղթածրար կը պատրաստէ: Ատիկա եւս կը կատարուի պետական մակարդակով, իսկ անկէ զատ, լուրջ աշխատանք կը կատարուի նաեւ սփիւռքի մէջ: Աւարտին Մելքոնեան շեշտած է, որ պէտք է կարենալ հայեցակարգի տեսքով այդ ամէնը ամփոփել եւ գործը յառաջ մղել:

Նախորդը

Քառօրեայ Պատերազմին Վիրաւորուած 4 Զինուորներ Նոր Տուներու Մէջ Դիմաւորեցին Ամանորը

Յաջորդը

Իրաքեան Քիւրտիստանի Մոռցուած Հայերը

RelatedPosts

Մեր Օրերի Իրականութիւնն Ու Փետրւարեան Ապստամբութեան Արդիական Գաղափարները
Անդրադարձ

Իրանը Ճնշման Ներքոյ, Բայց` Ոչ Փլուզման Եզրին Ներքին Լարուածութիւն, Արտաքին Ուղղորդում, Վերահսկելի Ճգնաժամ

January 15, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերյիշելով…

January 15, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.