Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չեմ Հաւատար, Որ Այրեցին Կաղանդ Պապաս

January 23, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Գիտեմ, որ ամէնուն Կաղանդ պապան եկաւ ու գնաց: Գիտեմ, որ կաղանդ պապան իմս չէ, բոլորիս Կաղանդ պապան է, եւ եթէ բոլորիսն է, ուրեմն իմս է, մեր Կաղանդ պապան է, բայց գիտէ՞ք, թէ չարագործները, ի՛նչ ըրին Նիսի ծովափի Անգլիացիներու զբօսուղիին Promenade Des Anglais-ին կեցած բարձրահասակ Կաղանդ պապային:

Ըսեմ: Նախանցեալ տարի ես չափէն աւելի շատ նկարեցի Կաղանդ պապաս, ետեւէն, առջեւէն, երկու կողմէն, ցերեկ, գիշեր, արեւուն եւ լուսնակին հետ, ես ալ հետը նկարուեցայ. մինչեւ իսկ խելքիս փչեց, որ ամէն օր Կաղանդ պապային նկարներէն մէկը տեղադրեմ Դիմատետրի էջիս վրան, եւ երեխայի պէս հաշուեցի թէ քանի՞ օր մնաց իր գալուն. եւ երթալէն ետքն ալ Քանատայի բարեկամներէս մէկը զիս ձեռք առաւ եւ յաջորդ տարուան վերստին գալու օրերուն հաշիւը տուաւ:

Կաղանդ պապաս արդէն պատրաստուեր էր ճամբորդելու, բայց չարագործները այրեցին զայն: Նախանցեալ տարի ալ ան իր փառաւոր հասակովը կանգնած էր իր ճիշդ նոյն տեղը, նոյն սահնակին վրան, տիւ եւ գիշեր կը դիտէր իր մօտէն անցնող, քալող, վազող, հեծանիւ եւ կառք քշող, իր այցին համար շնորհակալութիւն յայտնող անցորդները:

Նոյն Կաղանդ պապաս էր, բայց նախանցեալ տարի զինք լոյսով շէնցնող շողերը չէի նկատած. կարծած էի, որ լոյս չունէր, բայց ունէ՛ր, Կաղանդ պապային մէջ ամէն տարի լոյս կ՛ըլլայ եւ իր լոյսովը կը զարդարուին տօնական գիշերներուն աստղի նման մարող-վառող լոյսերը, բոլորը իրն են, իրեն համար են. ինչո՞ւ չեմ տեսներ անկէ ծագող, մեր սիրտն ու հոգին ջերմացնող լոյսը:

Նախանցեալ տարի ամէն անգամ, որ Կաղանդ պապային քովէն անցնէի, կը հմայուէի իր ծերունական գեղեցկութենէն, եւ հոգիս միշտ կը կարօտէր իրմէ մէջս մտնող լոյսին: Չէի հասկնար, թէ քաղաքապետարանը ինչո՞ւ չէր հաճած անոր կանգնած տեղը փոխել, գումար չունէ՞ր, թէ՞ ինչ:

12 յունուար 2017-ին Փրովանս Ալփ Քոթ տ՛Ազիւրի շրջանին նախագահը եւ Նիսի նախկին քաղաքապետ Քրիսթիան Էսթրոզին Նիսի կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչները հրաւիրեց նոր տարուան իր բարեմաղթութեանց արարողութեան, յիշեց շրջանին եւ Նիսի մէջ անցեալ տարուան դրական եւ ժխտական իրադարձութիւնները, որոնց մէջ, ափսոս, կարևոր տեղ առաւ յուլիս 14-ի իրիկուան հրավառութեան աւարտին կատարուած ահաբեկչութիւնը որուն ոճրագործին վարձած բեռնակառքը երթեւեկութեան համար արգիլուած ծովափի ճամբուն վրան ելած ու կոխած անցած էր պատահական անմեղ անցորդներուն մարմիններուն վրայէն, տասնեակներով անմեղ զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառած էր. նշեց թէ զոհերուն մէջ ամէն ազգէ եւ կրօնէ անմեղ զոհեր կային, եւ եզրակացուց, որ ո՛չ մէկ Աստուած, ո՛չ մէկ կրօն, եւ ո՛չ մէկ գաղափար կ՛ընդունի ահաբեկիչներուն մահասփիւռ արարքները, եզրակացուց թէ կեանքը յաղթեց մահուան, եւ ներկայացուց իր նոր տարուան բարեմաղթութիւնները:

Նկարուեցանք, յաջորդ օրուան թերթին մէջ ուզեցի տեսնել զմեզ, բայց ժամանակի նեղութեան պատճառով չկայինք. կարեւորն այն էր, որ մարդիկ ցանկութիւնը ունենած էին իրենց նմաններուն բարի մաղթանք կատարելու արարողութիւն կազմակերպել. օրաթերթին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեցին երկու նկարները մեր Կաղանդ պապային, մէկուն վրան ան ողջ, առողջ էր, իսկ միւսին վրան այրած եւ կմախք կտրած էր մեր Կաղանդ պապան:

Ըսել է, թէ ահաբեկիչերը չէին գոհացած անցեալ տարուան իրենց չարագործութեան հնձած զոհերով եւ ուզած էին խորհիլ, թէ ինչպէ՞ս պիտի նորէն խոցեն նիսեցիներուն սրտերն ու հոգիները. ուրեմն որոշած էին այրել ճամբորդելու պատրաստ մեր ծերունի սիրելի Կաղանդ պապան:

Հանրակառքով առջեւէն անցած ատենս Կաղանդ պապայիս կմախքը չկրցայ նկարել, որովհետեւ ան պառկած էր, եւ շուրջը թիթեղով ծածկած էին, որ զինք այդ վիճակի մէջ չտեսնենք:

Ի զուր տեղը քննադատեցի Կաղանդ պապան ծովափին նոյն կէտին վրան դրած քաղաքապետութիւնը, քանզի հասկցայ, որ անոնք պատահմամբ չէին ընտրած այդ վայրը. ան հոն կեցեր էր օրհնելու Լանվալի մանուկներու հիւանդանոցին մէջ խնամուող պզտիկները, որ անոնք տեսնեն զինք, ուրախանան, երազեն, յուսան, հաւատան, որ ան կը սիրէ եւ կը բուժէ զիրենք:

Չարագործները ինչպէ՞ս համարձակեցան այրել մեր Կաղանդ պապան. այրեցի՞ն. այո՛, այրեցի՛ն: Ոստիկանութիւնը քարիւղի հետք գտաւ անոր շուրջը: Կաղանդ պապային այրիլը ինծի եւ շատերուն ցաւ պատճառեց: Կ՛ըսեն, որ եթէ բռնեն` չարագործին ծանրագոյն պատիժը պիտի տան, բայց Կաղանդ պապային շքեղութիւնը պիտի վերակազմուի՞ գգուելու մանուկներուն երազները…

Նոր տարիին ամէն մարդ իր նմանին խաղաղութիւն կը մաղթէ: Խաղաղութի՞ւն: Այո՛, բայց խաղաղութիւն մաղթողը ինք պէտք է խաղաղ եւ խաղաղասէր ըլլայ որպէսզի քովինին եւ նմանին ալ տայ խաղաղութիւն:

Որքան ալ կարծել ուզեմ, թէ չարագործները չեն կրցած այրել իմ, քու, բոլորիս Կաղանդ պապան, փաստն այն է, որ այրեր են, բայց կրցե՞ր են ոչնչացնել իմ, մեր եւ Լանվալի հիւանդանոցի մանուկներուն Կաղանդ պապան. ո՛չ, չե՛ն կրցած: Մեր Կաղանդ պապան յաւիտենական է:

Չե՛մ հաւատար որ այրեցին Կաղանդ պապաս:

Նիս, 15 յունուար, 2017

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (23 Յունուար 1967)

Յաջորդը

Ոճրագործ Պետութիւնը

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.