Պտղունց Մը Դառն Երգիծանք. Երբ Վարչապետը Զայրանայ…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ապրիլ 24-ի երեկոյեան անձկագին սպասումով պատկերասփիւռիս դիմաց տեղ գրաւեցի ժամը 9:00-էն քանի մը վայրկեան առաջ` Հայաստանէն քաղուած լուրերու հաղորդումին հետեւելու համար: Ակնկալութիւնս արդարացաւ. Հայաստանէն ու աշխարհի չորս ծագերէն լուրերու հաղորդումը բաւականին ամբողջական ու համապարփակ էր, միւս օրերուն նման ընդմիջումներ չունեցաւ առեւտրական ծանուցումներով, այլ նաեւ տեւեց միւս օրերէն աւելի երկար. խօսնակները արձագանգ եղան Ծիծեռնակաբերդէն մինչեւ Հայաստանի տարբեր աւաններ...



















