Ապրիլեան Եղեռնագործութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ոգեկոչումներ` Քուէյթի Մէջ
ՄԱՐԻԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ * Ժողովրդային Հսկում ՀՅԴ Քուէյթի «Քրիստափոր» երիտասարդական եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութիւններու Վարիչ կազմը, նորահաս սերունդներուն մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ յիշողութիւնն ու պահանջատիրութիւնը վառ պահելու նպատակով, «Դէպի հատուցում` իրաւունքներու վերականգնում» կարգախօսով, կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00ին, Ս. Վարդանանց եկեղեցին փոքրիկ Հայաստանի մը վերածելով, Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտի խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ համախմբեց պահանջատէր քուէյթահայութիւնը` ժողովրդային հսկումով, ոգեկոչելու մեր մէկուկէս...




















