Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Մայիս 1, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ   

Պատմութեան ընթացքին գրեթէ բոլոր ընկերային-տնտեսական յեղափոխութիւններուն կորիզը աշխատաւոր դասակարգն էր. աւելի ճիշդ, այս դասակարգը  յեղափոխութիւններուն սիրտն ու հոգին է:

Սակայն աշխատաւոր դասակարգը առանց կազմակերպման չի կրնար որեւէ դեր  խաղալ իր պահանջներուն բարձրացման եւ ներկայացման առումով:

1917-ի ռուսական զոյգ յեղափոխութիւններուն (Փետրուարեան եւ Հոկտեմբերեան), 1968-ի Ֆրանսայի ցոյցերուն, 1989-ին Լեհաստանի մէջ համայնավար կարգերու անկման եւ ուրիշ բազմաթիւ ընկերային-յեղափոխական դէպքերու մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է  արհեստակցական միութիւններուն մէջ կազմակերպուած աշխատաւորութիւնը:

Մեր ազգային կեանքին մէջ ալ,արհեստակցական միութիւնները մեծ դեր խաղցան 1905-ի եւ 1917-ի ռուսական յեղափոխութիւններուն` առաջնորդելով հայ աշխատաւորական շարժումը, 1920-ի Մայիսեան պոլշեւիկեան խռովութիւններու կասեցման մէջ եւ 1941-ի նացիական գրաւման դէմ:

1905-1917 թուականներուն Երեւանէն եւ Ալեքսանտրապոլէն (այսօրուան Գիւմրին) մինչեւ Թիֆլիս, Պաքու եւ անոնց շրջակայ քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ կը գործէին արհեստակցական եւ գիւղացիական միութիւններ` հազարաւոր անդամներով, գործարաններու, հանքերու, երկաթուղիներու եւ գիւղերու մէջ գործող աշխատաւորներու եւ մշակներու ձայնը դառնալով. 1918-1920, երկու տարիներու ընթացքին մեծ դերակատարութիւն ունեցան Հայաստանի Ա. հանրապետութեան մէջ գործող միութիւնները, որոնք միացուցին բանուորները եւ գիւղացիները ժողովրդավարութեան ու ընկերվարութեան դրօշին տակ եւ նեցուկ կանգնեցան նորաստեղծ պետութեան ընկերային ու տնտեսական զարգացումներուն եւ յառաջընթացին:

Այսօր, դժբախտաբար, մեր հայրենիքին դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ աշխատաւոր դասակարգը անկազմակերպ վիճակի մէջ է:

Այսօր աշխատաւոր դասակարգին թիւ մէկ մարտահրաւէրը պէտք է ըլլայ կազմակերպումը` արհեստակցական միութիւններու մէջ, ուր հայ աշխատաւորը պիտի զարգացնէ իր ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական գիտակցութիւնը:

Արհեստակցական միութիւններուն միջոցով է, որ աշխատաւորը պիտի իջնէ պայքարի ասպարէզ` իր իրաւունքները պահանջելու համար: Իրաւունքներ, որոնցմէ զրկուած է ներկայ նոր-ազատական համակարգին պատճառով: Այդ իրաւունքներն են` արժանապատիւ աշխատավարձ, ընկերային ապահովագրութիւն եւ բնակարանային ապահովութիւն: Ներկայիս յիշեալ կէտերուն իրականացումը պէտք է ըլլայ հայ աշխատաւորական շարժման նպատակը:

Յիշեալ կէտերուն իրականացումով է, որ պիտի կերտուի արդար Հայաստան մը` երկրին բոլոր քաղաքացիներուն համար, իսկ արհեստակցական միութիւնը միջոց մըն է` այս նպատակին իրագործման հասնելու եւ հայ աշխատաւորական շարժման զարգացման համար:

 

 

Նախորդը

Մայիս Մէկ

Յաջորդը

Աշխատաւորութեան Տեսութիւնը Գարեգին Խաժակի Մտածողութեան Մէջ

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?