ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ՀՅԴ Դ. Ընդհանուր ժողովը ամէն իմաստով անկիւնադարձային ժողով մը եղած է Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ. արդարեւ, որ այդ ժողովին համայն հայութեան բովանդակ շահերը պաշտպանելու գաղափարական յանձնառութեան մէջ մտնելէ բացի, Դաշնակցութիւնը արմատական վերատեսութեան ենթարկեց իր ծրագիրը` աւելի եւս բիւրեղացնելով իր քաղաքական-ընկերային գաղափարաբանութիւնը, որով վեր ի վարոյ գրեթէ նոյնութեամբ, բայց շեշտադրումներու տարբերութեամբ, կուսակցութիւնը կ՛առաջնորդուի մինչեւ այսօր:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ այդ Ընդհանուր ժողովով վերջնականացուցած էր իր գաղափարախօսական ընտրանքը` իբրեւ ընկերվարական կուսակցութիւն, չէր կրնար չազդուիլ այդ ժամանակաշրջանին միջազգային ընկերվարական շարժումին մէջ գոյութիւն ունեցող հոսանքներէն եւ մտածողութեան զանազան դպրոցներէն: Հետաքրքրական ժամանակաշրջան մըն էր միջազգային ընկերվարական շարժման համար` գաղափարական խմորումներու եւ ընկերվարական տեսութեան առաջնահերթութիւններուն շուրջ բանավէճի առումով: Մէկ կողմէ այդ շարժումին մէջ տակաւին տիրական էր մարքսական շունչը, բայց միւս կողմէ կամաց-կամաց սկսած էր կազմաւորուիլ ուժեղ հոսանք` գաղափարական սկզբունքային մօտեցումներէն չշեղելով հանդերձ արմատական վերատեսութեան, վերաքննութեան ենթարկելու մարքսական տեսութիւնը:
Դաշնակցութեան ներքին գաղափարական խմորումներուն զուգադիպած այս` միջազգային ընկերվարական շարժման մէջ ծաւալած գաղափարական խմորումները, չէին կրնար անտարբեր ձգել դաշնակցական երիտասարդ մտաւորականութիւնը, որ իր ուսումը ստանալով այն ժամանակուան եւրոպական մեծ ոստաններուն մէջ, խորապէս ազդուեցաւ նշեալ խմորումներէն, առաւ տարածուող նոր գաղափարները` սեփականութեան, արտադրանքի, աշխատանքային յարաբերութիւններու, դասակարգերու միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւններուն եւ ընկերվարութեան հաստատման ձեւերուն մասին եւ զանոնք ներմուծեց հայկական իրականութեան մէջ` բայց միայն ու միայն զանոնք պատշաճեցնելէ ետք հայութեան ապրած իւրայատուկ պայմաններուն:
Դ. Ընդհանուր ժողովով եւ դաշնակցական մտաւորականներու աշխատանքով բիւրեղացած դաշնակցական մտածողութիւնը առաջին օրէն հեռու մնաց վարդապետական աղանդաւորութենէ, պատմութեան եւ կեանքին շարժիչ ուժը չտեսաւ միայն նիւթական պայմաններուն մէջ, այլեւ այդ շարժիչ ուժը պայմանաւորեց մէկ կողմէ նիւթի, իսկ միւս կողմէ գաղափարական աշխարհի ու խղճի փոխադարձ ազդեցութեամբ եւ փոխներգործումով: Եւ ամէնէն կարեւորը` դաշնակցական մտածողներու աշխատանքները համահունչ էին մարքսականութեան վերաքննողականութեան` ռեվիզիոնիզմի մտածողութեան հետ:
Ընդունուած է ըսել, որ Դաշնակցութիւնը գերազանցապէս գործի կուսակցութիւն է, բայց, հակառակ այս որակումին, անիկա երբեք չէ անտեսած իր քաղաքական ուղեգիծը եւ գաղափարախօսութիւնը տեսականօրէն հիմնաւորելու աշխատանքը: Այս աշխատանքին գլուխը անցած միտքի խանդավառ յեղափոխականներու հոյլին մաս կը կազմէր Գարեգին Խաժակ, որուն գաղափարախօսական բնոյթի աշխատութիւնը` «Ի՞նչ է դասակարգը», մինչեւ հիմա ալ չէ կորսնցուցած իր արժէքը Դաշնակցութեան տեսական գրականութեան մարզին մէջ: Այս աշխատութեան մեծ բաժինը յատկացուած է աշխատաւորութեան հասկացողութեան սահմանումին: Խաժակ մանրամասն կը ներկայացնէ այն ժամանակուան ընկերվարական մեծ մտածողներուն մտորումները աշխատաւորութեան եւ անոր ընկերային իրաւունքներուն համար մղուած պայքարին վերաբերող: Այս իմաստով ալ աշխատութիւնը անգնահատելի արժէք ունի, որովհետեւ ձեւով մը այդտեղ համադրումը եւ ներկայացումը կը կատարուի մեծ ընկերվարականներու այդ միտքերուն` սկսելով Քարլ Մարքսէն մինչեւ վերաքննողական ընկերվարականները` Ֆերտինանտ Լասսալ, Էտուարտ Պեռնշթայն եւ այլն:
Ո՞րն է սահմանումը աշխատաւոր դասակարգին: Գարեգին Խաժակ դիպուկ կերպով աշխատաւորութեան սահմանումը կը կատարէ` նշելով, որ աշխատաւորական տեսակէտը իբրեւ սկզբունք կ’ընդունի հասարակական հարստութեան բաշխումը: Ով որ կ’ապրի իր սեփական աշխատանքով` առանց ուրիշներու յաւելեալ արժէքը իւրացնելու եւ զանոնք կեղեքելու, աշխատաւոր է, իսկ ով որ մասամբ կամ ամբողջութեամբ կ’ապրի յաւելեալ արժէքով, ան քաղքենի է, պուրժուա: Բոլոր տեսակի բանուորները, բոլոր մանր արհեստաւորները, բոլոր մանր հողատէր, սակաւահող եւ անհող գիւղացիները աշխատաւորներ են: Աշխատաւորներ են նաեւ մտաւոր աշխատողները, որոնք իրենց ընկերային դրութեամբ աւելի մօտ կանգնած են աշխատաւորութեան, որովհետեւ անոնք միայն իրենց միտքի աշխատանքով է որ կ’ապրին` մասնակից չըլլալով յաւելեալ արժէքի կուտակման, այլ ընդհակառակն` յաճախ իրենք եւս կեղեքուելով:
Թերեւս այս պարբերութենէն կը նկատէք անմիջապէս դաշնակցական տեսական դպրոցին նրբութիւնը եւ անոր տարբերութիւնը ուղղափառ կամ գիտական մարքսականութեան դպրոցէն: Բանալին բանուորները եւ գիւղացիները մէկ դասակարգ նկատելուն մէջ է, մանաւանդ անոր մէջ ներառելով մանր հողատէր գիւղացիութիւնը, բան մը, զոր կարելի չէ տեսնել ուղղափառ մարքսականութեան մէջ, որովհետեւ այդտեղ գործարանային բանուորութիւնը եւ գիւղացիութիւնը տարբեր բաներ են, յաճախ հակադիր շահեր ունեցող դասակարգեր: Զարմանալի չէ այս տարբերակուիլը մարքսական մտածողութենէն, որովհետեւ վերը ըսած էինք արդէն, որ դաշնակցական մտաւորականութիւնը ընկերվարութեան մասին խօսած ժամանակ մեկնեցաւ հայութեան առանձնայատուկ պայմաններէն, եւ այն ժամանակ թէ՛ Կովկասի եւ թէ՛ Երկրի հայաբնակ ոստաններուն ջախջախիչ մեծամասնութեան բնակչութիւնը բաղկացած էր ոչ թէ գործարանային բանուորութենէն, այլ գիւղացիութենէն: Եւ Դաշնակցութեան ընկերային-տնտեսական պահանջներուն առանցքը ճիշդ ասոր համար երկար ժամանակ մնաց գիւղացիութիւնը, հողային բարեկարգումը` յարակից բոլոր հարցերով:
Բնականաբար, դասական մարքսականութեան ըմբռնումով մանր արհեստաւորներն ալ պէտք չէր նկատի առնել բանուոր դասակարգին մէջ: Այստեղ Գարեգին Խաժակ իրաւացիօրէն հարց կու տայ, թէ այս բոլոր աշխատաւորական շերտերը դուրս դնելով «ժամանակակից բանուորութենէն», այլեւս ի՞նչ կը մնայ տակը: Մէկ շերտ միայն` զուտ մեծ գործարաններու բանուորութիւնը, «բանուորական ազնուականութիւնը»: Այստեղ Խաժակ հեգնանքով կը մէջբերէ Մարքսի անմիջական հետեւորդներէն Քարլ Քաուցքիի մտորումները. «Եթէ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը իր շարքերը ընդունի բանուորութեան ամբողջ զանգուածը եւ այն բոլոր գիւղացիները եւ արդիւնագործները, որոնց ինքնուրոյնութիւնը լոկ երեւակայական է, եւ որոնք փաստօրէն կը հանդիսանան վարձկան բանուորներ, այն ժամանակ պիտի չգտնուի այնպիսի ուժ մը, որ կարենար անոր դիմադրութիւն ցոյց տալ»: Այս մէջբերումը կատարելէ ետք Խաժակ հարց կու տայ, թէ միթէ կարելի՞ է կասկածիլ, թէ դասակարգային կռիւ մղելու համար պէտք է ուժ կազմել: Իսկ աշխատաւորութեան դասակարգային կռիւին միակ նպատակը ընկերվարութեան հասնիլն է, եւ ուրեմն ապագայ լուսաւոր կարգերուն հասնելու համար պէտք է ուժ կազմել: Բայց այդ շերտերը դուրս մղելով աշխատաւորութենէն, կը կրճատուի ու կը ջախջախուի անոր ուժը, անոր մէջ պահելով միայն արհեստակցական միութիւններուն բանուորները, բանուորական ազնուականութիւնը, որ «իր շահերի, իր կոպեկների համար գործադուլներ կ’անէ, բայց որը, փոքրիկ անյաջողութեան դէպքում անգամ, կը խորտակէ իր երէկուան կուռքերը, կը դաւաճանէ իր սկզբունքներին»:
Աշխատաւորութեան մասին Գարեգին Խաժակի միտքերը շարադրելու ընթացքին, մեր կողմէ շարադրանքին սկիզբը տեղադրուած սահմանումը աւելի հիմնաւորելու համար Խաժակ կը մէջբերէ բանուորութեան եւ գիւղացիութեան մէկ դասակարգի` աշխատաւոր ընդհանրութեան պատկանելուն վերաբերեալ գերմանացի մեծ ընկերվարական Վիլհելմ Լիպքնեխթի հետեւեալ կարծիքը. «Յաճախ աշխատել են մեզ ցոյց տալ իբրեւ բացառապէս բանուորներու պաշտպան. «բանուոր» բառն ալ բացատրելով վարձու բանուորներու նեղ ու սահմանափակ միտքով: Բայց միթէ երկրագործութիւնն ալ նոյնպիսի արդիւնագործութիւն չէ՞, ինչպէս միւսները: Ո՛չ միայն քաղաքի եւ գիւղի վարձու բանուորը բանուոր է, այլ նաեւ այն բոլոր մարդիկը, որոնք չեն ապրիր աշխատանքի շահագործումով, ուրեմն` նոյնպէս նաեւ գիւղացին եւ մանր արհեստաւորը»: «Պէտք է աշխատաւորական երկու մեծ շերտերը` գիւղացիութիւնն ու բանուորութիւնը միատեղել, դարձնել մէկ գիտակից բանակ, դասակարգօրէն կազմակերպուած եւ դասակարգօրէն պայքարող», կը նշէ Գարեգին Խաժակ` աւելցնելով, որ միատեղման այս հոլովոյթին մէջ ամէնէն կարեւորը սակայն աշխատաւոր ընդհանրութեան մէջ սերմանումն է գիտակցութեան, թէ իր բաղկացուցիչները կը միանան ընդհանուր շահերու շուրջ:
1 մայիսի` Աշխատաւորներու միջազգային օրուան այս պանծալի օրուան ընթացքին կարեւոր էր մեզի համար ՀՅ Դաշնակցութեան այս մեծ տեսաբանին` Գարեգին Խաժակի մտորումներուն ներկայացումը ինչ կը վերաբերի աշխատաւորութեան դաշնակցական ըմբռնողութեան: Այս օրերուն Գարեգին Խաժակի միտքերուն ներկայացումը կրկնակի կարեւորութիւն ունի նաեւ անոր համար, որ ան զոհերէն մէկն էր Հայոց ցեղասպանութեան: Եթէ ան զոհ չերթար Ցեղասպանութեան, թերեւս դեռ երկար ժամանակ պիտի շարունակէր հարստացնել Դաշնակցութեան գաղափարախօսական գրականութիւնը իր աշխատութիւններով: Մայիս 1-ի այս պանծալի օրով` փառք ու պատիւ Ցեղասպանութեան զոհ գացած` հայ աշխատաւորութեան այս մեծ գաղափարախօսին: