Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տնկի

Մայիս 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Սովետական ազատ աշխարհ Հայաստան…», իւրաքանչիւր օր ձայնասփիւռը այս ռազմական կշռոյթով պիտի աւետէր իր նորօրեայ ծրագիրին սկիզբը…

Քայլերգի բառերուն առաջին համարը այնպէս ուժգին եւ թարմ կը հնչէ ժամանակի հեռաւորութենէն` ընդարմացած ականջներուս մէջ:

Ամբողջ Խորհրդային Միութիւնը, ծառատնկումի շաբաթօրեակի մէջ է: Ձայնասփիւռը տօնական շեշտով կը յայտարարէ ծառատնկումի սկիզբը նաեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Օրը` շաբաթ, 20 ապրիլ 1986: Երեւանի մէջ ուսանողութեանս առաջին տարին է: Տասնիննամեայ պարմանուհի` առաջին անգամ ըլլալով շաբաթօրեակի պիտի մասնակցիմ… Քար քարի վրայ չէ, որ պիտի դնեմ,  այլ ծառ կը տնկեմ, սեփական հողիս վրայ ստեղծագործական աշխատանքի մը մաս կը կազմեմ: Քարը կրնայ քանդուիլ փշրուիլ եւ փոշիանալ, կը մտածեմ, իսկ ծառը նոյնիսկ դարեր կրնայ կանգուն մնալ եւ շարունակականութիւն ապահովել կամ բազմանալ, եթէ լաւ հոգատարութեան արժանանայ…

Այս ոգիով յառաջիկայ սերունդներուն համար հոգիիս մէջ մոմ մը կը վառեմ եւ կը սկսիմ դիտել զանոնք հոգիի աչքերով` բիբերուս առջեւէն տողանցող տունկերուն ընդմէջէն, որոնք խտացած` հորիզոնի լերկ մակերեսը կը ծածկեն եւ անոր անհունութեան առթած թախիծը ուրախ թրթիռով  մը կը լեցնեն…

Ինչո՞ւ տխուր ըլլալ: Ամբողջ պատանեկութիւնս անցուցած էի հայրենի հող հասնելու երազանքով, ապրած երկիրիս` ծննդավայրիս մէջ պանդուխտ զգացած էի, հիմա, երբ մայր հայրենիքի հողին վրայ եմ, կրկին խանձող զգացումը, այս անգամ հայրական օճախի կարօտս գլուխ կը ցցէր` խանգարելով ամէն բան: Ամէնէն երջանիկ պահուն անգամ` դառնութեան համ… Կը փորձեմ անտեսել զգացումներս` մտածելով, որ սենեակ վերադարձիս բաւարար առիթ ունիմ այս բաներուն մասին մտածելու:

Տնկի (տունկ` արեւելահայերէնով) մը կը շօշափեմ ափերովս, սիրովս: Արագ-արագ հողին չոր մակերեսը  կը հարուածեմ բահով: Աղի հանքի հանրակացարաններուն հանդիպակաց լերկ դաշտավայրն ենք: Առաջին փոսիկը կը գոյանայ, մինչ մատներէս արեան փոքրիկ, անմեղ, զուարթ կաթիլներ կը ցայտեն, կը կաթկթին աջ ու ահեակ, տնկիին վրայ, ցօղի կաթիլներու պէս, զովացնելով անոր արեւէն նիրհած տերեւները:

Փոսիկին մէջ կը հանգչեցնեմ նոր տունկս, նոր ծաղիկս, ծիլս, հայոց լեզուի դասատուիս  օգնութեամբ: Ափովս կը փայփայեմ, կը գգուեմ զայն, կը ստուգեմ` կը մսի՞, թէ՞ արթնցած է իր թմբիրէն: Անոր ուրկէ բերուած ըլլալը չեմ գիտեր, հաւանաբար ինծի պէս, հեռաւոր տարածքէ մը եկած ըլլայ: Յամենայն դէպս բախտակիցներ ենք, բայց պահ մը կը տխրիմ, ան` բախտակիցս հոս կը հաստատուի, իսկ իմ այս հողին վրայ արմատ կապելս, կասկածելի է, երանի կու տամ անոր` մտածելով, որ` «էհ, բոյս մը եթէ ըլլայի, հաւանաբար աւելի դիւրաւ երազներս իրականանային…»:

Ես ինծի կ՛ըսեմ` «շա՛տ հեռուն գացիր, դուն քեզի եկուր, ուր որ է, պիտի նշմարեն հոս չըլլալդ…»:

Արագ-արագ խիճերը կը հեռացնեմ ու սիրովս զայն կ՛ողողեմ, կը հաստատեմ: Սիրոյ պէս ծիլն ալ  կարելի չէ թաղել կամ պահել: Ամէն ինչի տակ պահուած, ծածուկ բան մը կայ, նոյնիսկ` քարերուն, որոնց հիմքը սիրոյ վրայ հաստատուած է: Խիճերով ցօղունը կը յենեմ մայր հողի ծոցին` քարաստան-Հայաստանին, զայն, բուրաստան-Հայաստան դարձնելու հեռանկարով:

Այդ օրուան ծառատնկումի շաբաթօրեակին բաւական ձախող փորձարկումներէ ետք կը յաջողիմ քանի մը ծառ տնկել:

Ու անտառներ շարքերով կը տողանցեն  նայուածքիս հորիզոնին  վրայ, եղեւիններ, բարտիներ` բարձր ու սլացիկ, կ՛աճին կը սլանան կը հասնին սերունդներուն…

………………………………………………………………….

Յետոյ, տարիներ ետք, կը զգամ, որ նոյն արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ ուրիշ երկրի մէջ, որ ծննդավայր է թէեւ ու` հարազատ, նոր  ծիլեր արցունքներովս կը ցօղեմ, իսկ հայրենի ծիլերս  կարօտի անտես կայծերով կը գգուեմ սրտիս մէջ` անոնց վրայ զետեղելով եւ ամրացնելով  վերադարձի ուխտի թաշկինակներս:

Որեւէ իսկական  սիրոյ համար հեռացումը կը ներգործէ այն ազդեցութիւնը, ինչ որ պիտի ընէր զօրաւոր հովը կրակին համար` թԷժացում…

* * *

Քսանհինգ տարիներ անց կրկին հայրենիքիս մէջ եմ, բայց ցաւօք` իբրեւ հիւր: Կ՛երթամ ստուգելու տնկիներս, որոնք հասուն ծառերու  վերածուած ըլլալու էին: Հեռուէն կանաչ է ամէն բան. տնկիները վիթխարի ծառերու վերածուած` ծածկած են լերկ տարածութիւնը, ամրացած, հաստատուած` անոնց սաղարթներուն մէջ թռչուններու բոյներ բազմացած, իսկ ես տակաւին իբրեւ պանդուխտ կը տարուբերիմ աստանդական հովերէ, հոս ու հոն. միակ բանը, որ  իրականացուցին մեր ծնողները սփիւռքի մէջ, անցնող այս տարիներուն ընթացքին, օտար հողի համար զինուորներ, գիտակից ու ազգասէր հայեր  պատրաստելն էր… կ՛եզրակացնեմ…

Հիմա քսանհինգ տարիներ ետեւ ճամբորդած, բահը ձեռքիս, հողիս վրայ միս մինակ կեցած` կը մտածեմ հարուածել հողին, իսկ բացած փոսիս մէջ ի՞նչ տեղադրել…

Իւրաքանչիւր հող պէտք է պարփակէ իր մէջ, այն ինչ  պիտանի եւ անհրաժեշտ է իրեն: Պէտք է հաւատալ առնուելիք քայլին անհրաժեշտութեան եւ յաջողութեան. քայլ առնելու իսկական շարժառիթը  պէտք է մղուած ըլլայ սէրէն, որպէսզի հոգեպէս եւ բարոյապէս ոտքի կանգնի ցօղունը: Արդեօք մատներս կ՛արիւնի՞ն, ինչպէս  պատահեցաւ առաջին տնկիս ցանած ատեն, այնքան ալ հոգ չեմ ըներ…

* * *

– Ծնողներս կ՛ըսէին, որ այստեղ ջարդէն ճողոպրած եկանք, ստիպուած էինք  գալու. հազիւ մենք մեզի գտանք, պէտք էր երթայինք այնտեղ, որու կը պատկանինք: Սփիւռքի գաղութները կը նմանին սառցադաշտերու` տարբեր ծաւալներով, որոնք բոլորն ալ վաղ թէ ուշ  ենթակայ են հալելու եւ ովկիանոսին խառնուելու… Իբրեւ մարդ` կրնամ այստեղ յարատեւել բարգաւաճ կեանքով: Հայրենիքը  պիտի օգտուի՞ ինձմէ, եթէ իմ ներկայութիւնս  եւ օգնութիւնս անմիջական չըլլայ:

Ցանած փոքրիկ տնկիներս աճեցան` հայրենի անտառի մը քանի մը բջիջը կազմելով: Վերջին երթալուս (ամէն անգամ որ Հայաստան այցելեմ, կը ստուգեմ անոնց  ներկայութիւնը), տակաւին խիտ կանաչ անտառը կ՛երեւէր հեռուէն, Բուսաբանական այգիին հարեւանութեամբ:

Հերթը հիմա, տնկիի փոխարէն, հայրենի հողին մէջ իմ արմատանալս է, սեփական հողիս մէջ ընձիւղներ նետել: Կը շտապեմ այդ դալար ծիլերուն ցօղունները հանգչեցնելու իմ նոր հողիս խարիսխին մէջ… Համոզուած նաեւ, որ անպայման օր մը  իմ զաւակներս եւս պիտի գան ինծի հետ կիսելու այս մեծ հրաւէրը…

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Արծուիկ Ճիւղի Խմբապետուհի Աննա Քէօմպեճեան Հարաւային Քորէայի Մէջ Կը Մասնակցի «Քալըր Աֆ Տրիմ» Համագումարին

Յաջորդը

Միսիոնարուհին

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?