Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իւրայատուկ Օրեր Եւ Ցայտուն Դէմքեր

June 2, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ

Կան օրեր, որոնք պարզապէս օրեր չեն, ինչպէս որ կան մարդիկ եւ սերունդներ, որոնք պարզապէս մարդիկ  եւ սերունդներ չեն: Անոնք ուրիշ են, տարբեր են, իրապէս անզուգական են: Օրե՜ր եւ անձե՜ր: Մէկ օր` մայիս 28, եւ անկրկնելի սերունդ` անկախութեան սերունդ:

Մէկ տարիէն պիտի լրանայ անկախութեան 100-ամեակը: Արդեօք անկախութեան կերտիչ, յեղափոխական գործիչ, մտաւորական, համեստ եւ գաղափարական Մեծն Արամ Մանուկեանը,  յեղափոխական ականաւոր ղեկավար Ռուբէն Տէր Մինասեանը, մանկավարժ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Նիկոլ Աղբալեանը, վրիժառու, Հայաստանի առաջին ռազմական նախարար Դրաստամատ Կանայեանը ի՞նչ խորհուրդ կրնային տալ մեր սերունդին: Հաստատօրէն գիտեմ, որ անոնք մեզի ցոյց պիտի տային մէ՛կ ուղղութիւն եւ մէ՛կ հաւատամք: Անոնք  պիտի առաջնորդէին մեզ` ցոյց տալով գաղափարականութեան ուղին: Մեզ պիտի տոգորէին ժողովրդավար մտածողութեամբ եւ ընկերվարական սկզբունքներով: Մեզի պիտի ներշնչէին ծառայութեան ոգի, եւ հաստատէին, թէ ա՛յդ է միակ ճանապարհը ազգակերտման: Յուսալքման ամէն մտածում պիտի վանէին մեր մտքերէն եւ, փոխարէնը, պիտի ծաղկեցնէին մտասլաց եւ նպատակադրուած յստակ գործելակերպ: Այլ խօսքով, պիտի ուղղէին եւ առաջնորդէին մեզ դէպի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն:

Այս տարի մայիս 28-ը տօնակատարեցինք Բիւրականի բանակավայրին  մէջ, ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի կազմակերպած հաւաքով մը:  Խնճոյքի ժամանակ, երբ երգիչը կ՛երգէր «Արարատը մեր լեռն է»  ես գոհունակ, սակայն միաժամանակ վրդովումով աչքս յառած էի Արարատին, որ իր դիւթական անվեհութեամբ վկան է մեր պատմութեան օրհասական եւ փառահեղ բոլոր իրադարձութիւններուն: Ականատեսն է եղած մեր աննկարագրելի տառապանքներու, մեր ազգի հազարամեայ պատմութեան, մեր արի զաւակներու սխրագործութիւններուն:

Եւ հարցում մը կը պարտադրէր ինքզինք… արդեօք  այսօր ի՞նչ  կը մտածեն եւ ի՞նչ կ՛ընեն փշաթելերէն անդին, պատմական հայրենիքին մէջ ապրող մեր հայրենակիցները: Արդեօք անոնք գիտե՞ն, թէ այսօր մայիս 28 է, թէ` այսօր  մեր անկախութեան փառաւոր տօնն է, թէ` այսօր մեր յաղթանակի՛ տօնն է. կը գիտակցի՞ն, որ մայիս  28-ի օրինակով  մեր ազգի պայքարի ոգին եւ ուժը անպարտելի են, եւ թէ` այդ ոգին իրենց մէջ ալ անթեղուած է եւ անպայման օր մը պիտի արեգակէ:

Այո՛, մայիս 28 սովորական տօն մը չէ: Անիկա մեր նորագոյն պատմութեան մեկնակէտն է: Եւ պէտք է տօնուի արժանավայել կերպով, պետականօրէն` իր ամբողջական իմաստով, մանաւանդ` ՀՅ Դաշնակցութեան անուրանալի դերը արժեւորելով անոր կայացման մէջ: Մայիս 28-ը  ա՛յն տօնն է, որ  տակաւին երկար ժամանակ իր գաղափարական խորհուրդով եւ քաղաքական առաջադրանքներով  պիտի միախմբէ մեզ Հայաստանէն մինչեւ Միջին Արեւելք, Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ, մինչեւ Պոլիս ու Տիգրանակերտ, մինչեւ Համշէնի եւ Տէրսիմի սէգ լեռներ:

Մայիս 28-ը հայ նոր սերունդները պիտի առաջնորդէ դէպի նոր ազատագրումներ:

Երեւան 29/05/2017

 

Նախորդը

Արաբիոյ Թրամփը…

Յաջորդը

Արտագաղթող «Բանիմաց» Հայ Կնոջ Հեռանկարը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.