Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարտիկ Մատենճեանի Նոր Գիրքը` «2016-ի Քառօրեայ Պատերազմը Եւ Մեր Հերոսները

June 9, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարտիկ Մատենճեան ժամանակագրական պատմութիւններու մասնագէտ դարձած է. իր «Նոր օրերու ֆետայիներ. Լիբանանի մեր տղաքը» գիրքին կը յաջորդէ մէկ ուրիշ գիրք` դարձեա՛լ մեր տղոց սխրագործութիւններուն մասին, որոնք տեղի ունեցան 2016-ի ապրիլ 1-էն մինչեւ ապրիլ 5, երբ զինադադարի համաձայնութիւն մը ստորագրուեցաւ:

Սակայն ազերի կողմը երբե՛ք չյարգեց եւ մինչեւ այսօր տակաւին կը խախտէ զինադադարի դրութիւնը` գրեթէ ամէն օր մեր տղոցմէ զոհեր խլելով:

Գունաւոր կողքով, 254 էջերէ բաղկացած եւ հարիւրէ աւելի հերոս տղոց նկարներով հարստացած` հայոց պատմութեան նորագոյն թէժ մարտերն ու երեխայ կարծուած մեր հերոս պատանիներու սխրագործութիւնները կը նկարագրէ սոյն գիրքը:

Հարիւր տարի առաջ ուզեցին բնաջնջել մեզ: Հարիւր տարի ետք, այս անգամ` ազերի թուրքը, փորձեց կայծակնային յարձակումով մեր պատանիները անակնկալի բերել, բայց շնորհիւ մարտական անձնուիրութեան մեր հերոսներուն, որոնք յագեցած են մեր ֆետայիներու սխրագործութեանց պատմութիւններով եւ ներշնչուած` իրենց

հայրերուն ազատագրական պատերազմի հերոսապատումներէն, անոնք ցոյց տուին ամբողջ աշխարհին եւ մանաւա՛նդ թուրքին, որ իրենք արժանի զաւակներն են Արցախի այսօրուան սահմանները գծած իրենց հայրերուն: Իրենց անձնուիրութիւնը օրինակ դարձաւ գալիք սերունդներուն եւ մանաւա՛նդ դիրքերու ետին զիրենք փոխարինող այսօրուան զինծառայողներուն:

Ամբողջ հայ ազգը սրտի խոր ցաւով սգաց անոնց նահատակութիւնը, բայց նաեւ ազգային հպարտանքի առիթներ տուին անոնք մեր ժողովուրդին:

Մատենճեան իր գրքին մէջ կ՛ընէ հետեւեալ մէջբերումը, ուր վեթերան-ազատամարտիկը իր հիացումը կը յայտնէ այդ «երեխայ» տղոց հանդէպ. «Մենք կարծեցինք, որ երեխեքը տակնուվրայ եղած ըլլալու են սաստիկ ռմբակոծումներէն: Բայց այդպէս չէ՛ր: Իրենք մեզ կը քաջալերէին եւ սիրտ կու տային»:

Ապա` կ՛անդրադառնայ նաեւ բժիշկին հիացումի արտայայտութեան` մեր տղոց մասին. «Ի՜նչ սիրտ, ի՜նչ քաջութիւն տղոց մօտ, որ մենք ուղղակի կը զարմանայինք:

Կը կարծէինք, որ վիրաւոր զինուորը պիտի չկրնայ տոկալ, բայց ոչ թէ տոկալ, այլ այնքա՛ն արագ կ՛ապաքինէր, որ կը զարմացնէր բոլորս: Կ՛ուզէին ետ դառնալ եւ իրենց դիրքի ընկերներուն հետ ըլլալ` հայրենի հողը պաշտ-պանելու համար»:

Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ հրամանատարներու սրտի ցաւը, բայց նաեւ հպարտանքը արտայայտող խօսքերը` այնպիսի՛ սխրագործութիւններու մասին, որոնք երբե՛ք չեն լսուած աշխարհի ոեւէ զինուորի համար.

«Ողջ մնալու մասին մտածող չկա՛ր: Թշնամին սպաննելու տենդէն բռնուած` անձնազոհութեան օրինակներ տուին: Թշնամիէն քանի մը զինուոր եւս սպաննելու սիրոյն, յանձնուելու փոխարէն, իրենց ձեռքի ռումբը կը պայթեցնէին` իրենց հետ տանելով թշնամի զինուորը: Մենք միայն հիացումով կը յիշենք անոնց նուիրաբերումը»:

Մատենճեան կը նշէ նաեւ տարբեր պատմութիւններ` ազերի զինուորին անմարդկային վերաբերմունքին մասին, որուն համար թրքերէն կ՛ըսեն` «Էօլմիւշ քետիէ փչաք չէքիյօր»… Թրքական բնազդին մասին է, որ կը թարգմանուի հետեւեալ ձեւով` «Սատկած կատուին վրայ դանակ կը քաշէ»: Ունեցանք գլխատուած զինուորներ, ականջները կտրուած զինծառայողներ, խոշտանգուած անմեղ տարեց գիւղացիներ…

Մատենճեան կը գրէ. «Մեր երեխեքը երկրորդ ցեղասպանութիւն մը կանխեցին: Փա՜ռք անոնց յիշատակին, քառօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցին առթիւ»:

Թող այս գիրքը իբրեւ ծաղկեպսակ ծառայէ նահատակներու յիշատակին, իսկ իբրեւ շնորհակալութեան խօսք` ողջ մնացողներուն համար:

Նախորդը

Անդրադարձ. Վերյիշելով 1950-1970-ականներու Պէյրութը Եւ Շրջակայքը – Բ.

Յաջորդը

Պատճառները, Որոնք Թոյլ Չեն Տար Այլեւս Անանուն Ըլլալու

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.