Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Ու Թալիշի Թիկունքին

Յունիս 10, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մեր մամուլէն, նաեւ` անձնական հաղորդակցութիւններու ճամբով, հետզհետէ աւելի յաճախ կը լսենք, որ`

Հալէպի ապահովութեան վիճակը զգալի բարելաւում կրած է: Ջուրի սպասարկումը բաւական կանոնաւորուած է, ելեկտրաբաշխումի ժամերը աւելցած են, աշխատանքի պայմաններ կը վերստեղծուին դանդաղ քայլերով…

Հալէպի մէջ մայիս 28-ի փառաւոր տօնակատարութիւն տեղի ունեցած է:

Հալէպի ուսումնական տարեշրջանը աւարտին կը հասնի, հանդէս… յառաջիկայ տարուան համար արձանագրութիւններ:

Տակաւին` մշակութային ձեռնարկներ, դասախօսութիւն… եւ մասամբ նորին:

Տարուան առաջին օրերուն անհաւատալի ու հեռաւոր երազ թուացող, բարեշրջում ցոյց տուող իրականութիւններ սկսած են իրենց բարի հովանոցը տարածել ժողովուրդի կեանքին վրայ` մինչեւ իսկ քաջալեր հանդիսանալով, որ տուն-տեղ-գործ հարկադրաբար լքած մարդիկ մտածեն վերադարձի եւ վերականգնումի ձեռնարկելու մասին: Քանդուածին ու քայքայուածին վերականգնումը սկսած է արդէն:

Եւ ինչպէս որ պատերազմական վիճակի ստեղծման առաջին փուլին, 5-6 տարի առաջ, անհաւատալի եւ աներեւակայելի կը թուէր, թէ տագնապը կրնայ տարիներ տեւել, ա՛յսքան սուգ ու աւեր պատճառել, հիմա մարդիկ արդար զգուշաւորութեամբ կը դիտեն բարեշրջման ընթացքը, թերահաւատութեամբ հարց կու տան, թէ պատերազմը կրնա՞յ օր մըն ալ վերջ գտնել, կամ` արդէն վերջ գտա՞ծ է:

Բայց չէ՞ որ ամէն սկիզբ վերջ մը կ՛ունենայ…

Սուրիան ու անոր հետ մեր համայնքը ահաւոր գին վճարեցին երկրին պարտադրուած, ներմուծուա՛ծ պատերազմին. վճարումը հոս-հոն կը շարունակուի տակաւին, մինչեւ իսկ եթէ Հալէպի եւ պատերազմի դաշտ եղած կարգ մը շրջաններու վիճակը որոշ բարեշրջում արձանագրած է: Բազմամիլիոն անմեղ քաղաքացիներ իրողապէս բռնագաղթի ենթարկուեցան, պիտակումներու խաղալիք դարձան, հակառակ անոր որ իրենց կեանքէն, ստացուածքէն ու ճակտի քրտինքով շահուած վաստակէն շատ բան կորսնցուցին: «Տահէշ» կոչուած թրքատիպ ոճրախումբը չխնայեց քրիստոնեային, իսլամին եւ այլ փոքրամասնութիւններու, այս բոլորը, իսլամութեան անունով, ծառայեցին միայն ու միայն վարկաբեկելու իսլամութիւնը:

Հիմա հորիզոնը սկսած է դանդաղօրէն լուսաւորուիլ. թէեւ մտահոգիչ վիճակը բոլորովին չէ փարատած, ո՛չ ալ ամբողջական խաղաղութիւնն ու բարեկեցութեան ուղին պիտի հաստատուին մոգական գաւազանի մը շարժումով:

Հալէպի հայութիւնը, ինչպէս նշեցինք, բոլորին նման, սուղ վճարեց պատերազմական տարիներուն: Տոկաց, մնաց պատնէշի վրայ, նօսրացում ապրեցաւ, բայց տոկա՛ց: Առաւելաբար վստահեցաւ իր կարողութիւններուն, սակայն մի՛շտ ալ զգաց, որ հայրենիքն ու սփիւռքի հայութիւնը ըստ կարելւոյն իր թիկունքին են կանգնած:

Խաղաղութեան ու վերականգնումի երթը նո՛յնքան դժուար պիտի ըլլայ, սակայն ահաւորը, կը յուսանք, որ արդէն անցեալին կը պատկանի:  Սեփական բնակարան, գործատեղի եւ համայնքային հաստատութիւններ վերականգնելը երկարաշունչ մագլցումի կը կարօտի, որուն համար հիմնական նախապայմանը խաղաղութիւնն է: Մեկնողներէն ոմանք պիտի չվերադառնան, որովհետեւ հարկադրաբար հաստատուած են տարբեր երկիրներու մէջ, նաեւ Հայաստան. սակայն պիտի ըլլան վերադարձողներ, որոնք իրենց ձեռքերը պիտի միացնեն տոկացողներուն եւ պատերազմի տարիներո՛ւն իսկ կենսունակութենէ չհրաժարող մեր գաղութին պիտի ապահովեն վերակենսաւորման յենարաններ: Հերթական պատուհասին ենթարկուած Քեսապը նախատիպն էր ըլլալիքին:

2010-ի Հալէպը կրնայ անդարձ մեկնած ըլլալ, սակայն նորին համար բաւարար հիմներ կան ու պիտի ապահովուին անկասկած:

***

Արցախէն ու Հայաստանէն ժպիտ բաշխող լուրեր կը հասնին նաեւ սահմանային գօտիին մասին: Թալիշը սկսած է վերաբնակեցուիլ, 2016-ի ապրիլի յարձակման հետքերը կը դարմանուին, գաղթողները կը վերադառնան…

Հոս ալ սեփականին կառչելու նո՛յն յանձնառութիւնը, աննահանջ կամքը: Հո՛ս ալ` ոգի մը, որ դարերու խորերէն ժառանգ հասած է մեզի եւ կը կոչուի Հայու Հոգի:

Հալէպն ու Թալիշը, նաեւ թշնամական յարձակումներու ենթակայ բոլոր շրջանները իրենց անփոխարինելի տեղն ունին մեն մի հայու հոգիին ու կեանքին մէջ, մտածումի՛ն մէջ:

Այսօր ու վա՛ղն ալ տառապեալներն ու վերականգնողները պիտի զգան, պէ՛տք է զգան, որ ամբողջ հայութիւնը կը շարունակէ կանգնիլ իրենց թիկունքին:

5 յունիս 2017

Նախորդը

Միջազգային Ճգնաժամային Խումբը Դարձեալ Հաշտարար Դատաւորի Քղամիդով

Յաջորդը

Համազգայինի Կերպարուեստի Դպրոցներ. «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Աշակերտութեան Ամավերջի Ցուցահանդէս

RelatedPosts

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը
Անդրադարձ

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Յունուար 27, 2023
Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին
Անդրադարձ

Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին

Յունուար 27, 2023
Սլաք.  «Քո՜ւն Եղիր, Բալա՛ս…»
Անդրադարձ

Սլաք. «Քո՜ւն Եղիր, Բալա՛ս…»

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In