Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յուլիս Բ. – Թուրքիան` Ծոցի Երկիրներու Դիւանագիտական Առճակատումի Լոյսին Տակ

Յունիս 12, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդ երկուշաբթի արաբական շարք մը երկիրներ Քաթարի հետ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզեցին, յատկապէս` Իրանի եւ իսլամական խմբաւորումներու հետ անոր հանդուրժողական վերաբերմունքին պատճառով:

Միջին Արեւելքի մէջ Արեւմուտքի գործակատարը Ռիատը կը թուի ըլլալ այս անգամ, յատկապէս այն հանգամանքով, որ Իրան տարածաշրջանին մէջ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր մրցակիցն է, իսկ  քարիւղ արտադրող այս մեծագոյն երկիրները Սուրիոյ եւ Իրաքի հարցով հակառակ դիրքերու վրայ կը գտնուին:

Երկու երկիրներու լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սէուտական Արաբիա այցելութեան յաջորդող օրերուն:

Վերլուծաբաններ յայտնեցին, որ Սէուտական Արաբիան ու Միացեալ Նահանգներ ամէն ջանք կը թափեն ետ մղելու Իրանի դէմ իրենց միասնական ճակատը տկարացնել միտող իւրաքանչիւր քայլ: Վերջերս Քաթարի մերձեցումը Իրանին եւ աջակցութիւնը ահաբեկչական խմբաւորումներուն, ներառեալ ՏԱՀԵՇ-ին ու  Քաաիտային ու մանաւանդ Համաս շարժումին, առիթ հանդիսացան կայծակնային արագութեամբ ճնշումի ենթարկելու Քաթարը:

Այս զարգացումներու լոյսին տակ Ռիատ կը յաւակնի շրջանի իսլամական եւ արաբական երկիրներու ղեկավարի պաշտօնը ստանձնած ըլլալ` ամերիկեան արտօնութեամբ:

Երէկ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական շարժումները ֆինանսաւորողները, այսօր կը դառնան ահաբեկչութեան դէմ պայքարողներ հաւանաբար` Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչական շարժումներու ֆինանսաւորումը կասեցնելու համար քաւութեան նոխազ մը գտնելու հեռանկարով: Այդ նոխազի յարմարագոյն զգեստը այժմ Քաթարին կը սազի:

Հետաքրքրական պիտի ըլլայ հետեւիլ  Ծոցի երկիրներու եւ Քաթարի դիւանագիտական առճակատման թրքական հակազդեցութեան: Թուրքիա եւս Համաս շարժումի հիմնական զօրակիցներէն կը համարուի, իսկ Քաթար Թուրքիան կը նկատէ տարածաշրջանի մահմետական իր մեծագոյն եղբայրը: Թուրքիա հաշտ աչքով պիտի չնայի Միացեալ Նահանգներու  կողմէ Սէուտական Արաբիոյ տրուած լիազօրութիւններուն, իսկ Սէուտական Արաբիա Համասին եւ Իսլամ եղբայրներուն զօրակցող իւրաքանչիւր երկիր իր թշնամին պիտի համարէ:

Յառաջիկայ օրերուն հաւանական է, որ  Ռիատ, Միացեալ Նահանգներու միջոցով,  ճնշում բանեցնէ նաեւ Էրտողանի վարչակարգին վրայ` նկատի ունենալով Էրտողանի կուսակցութեան եղբայրական պատկանելիութիւնը:

Միւս կողմէ` Թուրքիա Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ ներքաշուելով Սուրիոյ մէջ լարուածութեան գօտիներու հաստատման գործընթացին մէջ` պիտի բարելաւէ իր յարաբերութիւնները Իրանի եւ Քաթարի հետ, յատկապէս Ծոցի երկիրներու եւ Քաթարի լարուածութեան լոյսին տակ` տարածաշրջանին մէջ նոյն համայնքին պատկանող իր մրցակիցին` Սէուտական Արաբիոյ ազդեցութիւնը նուազեցնելու առաջնային նպատակով:

Միացեալ Նահանգներ քրտական գործօնի օգտագործման բերումով թրքական դերակատարութեան նուազ կարեւորութիւն սկսած էր տալ վերջին տարիներուն, այժմ, երբ կը նպատակադրէ տարածաշրջանին մէջ Ռիատի դերակատարութեան վստահիլ, բնականաբար պիտի նսեմանայ Թուրքիոյ ազդող ուժ ըլլալու հանգամանքը: Երկիր մը, որ վերջին տարիներուն թշնամական մակարդակի հասցուց իր յարաբերութիւնները Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ եւս:

«Գ.»

8 յունիս 2017

Նախորդը

«Օֆշորային Փոխանցումները Պիտի Դադրեցուին»

Յաջորդը

Պաղտասար Դպիր (Գրիգորեան, 1683-1768)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?