Յեղափոխութեան Շուրջ Համախմբում
ԽԱՉԻԿ-ՀՐԱԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Երիտասարդ յօդուածագիր Խաչիկ Հրակ Տեմիրճեանի յօդուածին տեղ կու տանք` այնտեղ արծարծուած որոշ միտքերու հանդէպ մեր վերապահութիւնները յայտնելով: Հայաստանի մէջ արձանագրուած յեղափոխութիւնն ու յետյեղափոխական իրադարձութիւները օրինական դաշտին մէջ պահելը գերակայ առաջադրանք պէտք է մնայ, նախ` անշուշտ հակաօրինական նախադէպեր չստեղծելու եւ ժամանակի ընթացքին յաջորդ որեւէ յեղափոխութիւն առաջացնողներուն արդարացում չտալու` նախընթաց հակաօրինականութեան չդիմելու: Երկրորդ, յաչս միջազգային հանրութեան, ամէն գործընթաց սահմանադրականութեան եւ...




















