Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ . Թարգմանչաց Տօն
Հայ ժողովուրդի եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ մեծ կարեւորութիւն եւ արժէք ներկայացնող Թարգմանչաց տօնը արժանավայել կերպով նշուեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ: Արդարեւ, ամբողջ շաբթուան ընթացքին դասարաններու եւ միջանցքներու պատի թերթերն ու ցուցանակները ծածկուած էին Ե. դարուն տեղի ունեցած հայ գիրերու գիւտին եւ անոր յաջորդած թարգմանական մեծ աշխատանքին առնչուող տեղեկութիւններով եւ նկարներով: Հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասապահեր յատկացուեցան Մեսրոպ Մաշտոցի...


















