Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան` «Գորշ Գայլեր»-Ու Հետեւողութեամբ

October 23, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ, Եւրոպայի տարածքին կառուցուած ամէնէն մեծ մզկիթին բացման արարողութեան ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան բաւական յանդուգն քայլով մը զինք դիմաւորելու եկած թուրքերը բարեւեց ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան բարեւով, որ միջնեմատն ու մատնեմատը բութամատին միացնելով կը կազմէ ականջները տնկած գայլի մը գլուխը:

Նման բարեւով մը իր հետեւորդները Գերմանիոյ մէջ ողջունելու Էրտողանին այս արարքը անկասկած նախածրագրուած եւ կանխամտածուած է, եւ որ իր մէջ մէկէ աւելի պատգամներ ունի` թէ՛ Գերմանիոյ, թէ՛ Եւրոպայի առհասարակ, ու նաեւ` քիւրտերուն, Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն եւ իր ընդդիմադիրներուն:

«Գորշ գայլեր»-ը, իրենց առաջնորդին` Ալփասլան Թուրքէշի գաղափարախօսութեան հիմերը կը տեսնեն ծայրայեղ ազգայնականութեան մէջ, որ եթէ քիչ մը խոր քննարկման ենթարկուի, զուգահեռներ կը ստեղծէ Երիտասարդ թուրքերու համաթուրանականութեան հետ: Արդէն գաղտնիք մը չէ, որ «Գորշ գայլեր»-ու ընդհանուր հաւատամքն ալ գրեթէ նոյնն է, ինչ որ էր Երիտասարդ թուրքերուն` «Նախ Թուրքիա», «Թուրքիա ամէն բանէ վեր», «Ով որ թուրք չէ, Թուրքիա չի կրնար ապրիլ» նշանախօսքերու էութեան:

Ալփասլան Թուրքէշի «Գորշ գայլեր»-ը այսօր կը համարուին եւ վերածուած են թրքութեան պահակներու բանակին, որ ծայրայեղ է: Չի հանդուրժեր բոլոր անոնք, որոնք թրքութեան գաղափարախօսութեան հետեւորդներ չեն, նոյնիսկ եթէ արիւնով եւ ծնունդով թուրք են:

Նման ծայրայեղականութեամբ առանձնացող «Գորշ գայլեր» կազմակերպութիւնը ահա Էրտողանի համար Եւրոպայի մեծագոյն պետութեան` Գերմանիոյ մէջ կը վերածուի առաջնորդող եւ եւրոպական «սպառնալիքներ» դիմակալող վահանի մը, երբ յանկարծ Թուրքիոյ նախագահը միջնեմատն ու մատնեմատը կը միացնէ բութամատին եւ կը կազմէ «Գորշ գայլեր»-ու նշանակը` բազմութիւնը բարեւելով:

Առաջին պատգամը խորհրդանշական է եւ ուղղուած է Գերմանիոյ իշխանութիւններուն, թէ` ձեր հողերուն վրայ, ահա տեսէք, անվախօրէն կը բարեւեմ ձեր կողմէ ահաբեկչական համարուող կազմակերպութեան յատուկ բարեւով: Ուրեմն անտեսուած են գերմանական բոլոր կեցուածքները, ինչ կը վերաբերի «Գորշ գայլեր»-ու կազմակերպութեան մէկ միաւորը համարուող «Օսմանեան Գերմանիա» խմբակին դէմ հրապարակուած դատական վճիռներուն: Այս խմբակին անդամները կռփամարտիկներ են, եւ որոնք կը գտնուին աւազակախումբեր կազմելու ծանր ամբաստանութիւններու տակ` քիւրտեր եւ Էրտողանի ընդդիմադիրները Գերմանիոյ տարածքին հալածելու նպատակով:

Էրտողանի երկրորդ պատգամը ուղղուած է ամբողջ Եւրոպային, ուր սկսած է ձեւաւորուիլ եւրոպական ազգայնականութեան բաւական լուրջ շարժում մը, որ թէեւ մէկ ու միացեալ ճակատ մը չէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը մերժելու իմաստով, սակայն ունի բաւական պարարտ ենթահող, թէ` պիտի վերագծէ Եւրոպական Միութեան արժէքային համակարգը, ուր բնականաբար Թուրքիա տեղ չունի:

«Գորշ գայլեր»-ու բարեւով բազմութիւնը ողջունելու Էրտողանի այս քայլին երրորդ պատգամը սպառնալիք է` ուղղուած քիւրտերուն եւ իր թուրք ընդդիմադիրներուն, որ` պէտք է զգուշ եւ զուսպ ըլլան զինք քննադատելու ատեն: Այլապէս «Գորշ գայլեր»-ը, որոնք արդէն իսկ բաւական արիւնոտ անցեալ մը ունին իրենց ետին, մանաւանդ` 1970-ական թուականներուն կատարուած արիւնալի յարձակումներու եւ խուլիկանութիւններու միջոցով, կրնան նոյնիսկ Եւրոպայի ամէնէն ապահով կարծուած ոստաններուն մէջ զիրենք հարուածել:

«Գորշ գայլեր»-ու բարեւով Էրտողան նաեւ լռելեայն սպառնալիք մըն ալ կ՛արձակէ Թուրքիոյ մէջ ապրող իր ընդդիմադիրներուն: Ասիկա աւելի խորհրդանշական կը թուի, բայցեւայնպէս զուրկ չէ մտահոգիչ բաղադրիչներէ: Էրտողան հնազանդ ու հաւատարիմ հետեւորդ մըն է Մեհմետ Զահիտ Քոթլուի, որ քաղաքական իսլամութեան հայրն է, եւ որ Թուրքիոյ ամէնէն հեղինակաւոր կրօնականն էր իսլամութեան եւ քաղաքականութեան միջեւ կապերու ստեղծման իմաստով:

Եւ ահա ամէնէն վտանգաւոր պատգամը ի յայտ կու գայ: Ծայրայեղ թրքութեան եւ ծայրայեղական իսլամականութեան միջեւ ամուր կամուրջներու ստեղծիչի դեր մը, որ Էրտողան ինքզինքին վերապահած է` ոտնատակ ընելու համար Աթաթո՛ւրքն ալ, չափաւորականութի՛ւնն ալ, Եւրոպա՛ն ալ, եթէ ատոր ալ կարիքը զգացուի:

Եւրոպացիք ասիկա պիտի զգա՞ն: Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային արժէքներու` խօսքի, կրօնի եւ այլ ազատութիւններու պահպանման զուգահեռ, Եւրոպա որքա՛ն եւ ի՛նչ տարողութեամբ հասուն է իր գոյութեան սպառնացող թրքական եւ իսլամական ծայրայեղականութեան այս երկգլխանի գազանը դիմակալելու համար: Եւ կասկած չկայ, որ այս գազանը իր սնունդը «Գորշ գայլեր»-ու գաղափարախօսութենէն կը ստանայ` իսլամութեան արժէքներու թիւր մեկնաբանութեամբ մը:

 

 

Նախորդը

«Միջպետական Յարաբերութիւնները Լաւագոյնս Արդիւնաւորելու Համար Անհրաժեշտ Է, Որ Քանատան Երեւանի Մէջ Դեսպանատուն Հիմնէ».

Յաջորդը

Այնճարի «Արարատը»

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.