Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի «Արարատը»

October 23, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Աւանդութիւն դարձած էր, որ ՀՅԴ ամէն տարի յուլիս ամսուան վերջին շաբաթավերջին Լիբանանի պատանեկան միութիւնները ընդհանուր բանակումով մը Այնճարի մէջ տօնէին Խանասորի արշաւանքը:

Կարկուտ տեղաց, Խանասորի դաշտումը…

ՀՅԴ ԼԵՄ-ը գոյութիւն չունէր այդ տարիներուն: Կային պատանեկան միութիւններ, որոնք ԼԵՄ-ի նման երկսեռ չէին:

Հաւանաբար 15 կամ 16 տարեկան էի: Դարձեալ Այնճար ենք:  Մեր բանակավայրը Խանասորի դաշտը կը յիշեցնէ, սակայն քիւրտերու մազրիկ ցեղի փոխարէն` կը նմանցնէի Սարդարապատի հայոց կամաւորական գունդերու վրաններուն,որոնց մասին նոր կարդացեր էի Մալխասի «Զարթօնք» հատորին մէջ:

Այնճարը միշտ փոքրիկ Հայաստան մը եղած է, իսկ Արարատը տեսնելը միայն երազ էր այդ տարիներուն: Մեր հայրենիքը «երկաթէ վարագոյրի» ետին էր, իսկ Արարատը բռնագրաւուած` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ցեղասպան թուրքին կողմէ: Արարատին ծանօթ էինք միայն նկարներով:

Սփիւռքի մէջ ունինք շատ մը «Հայաստաններ»: Այնճարը, Քեսապը, իսկ Պուրճ Համուտը` երկրորդ «Կիլիկիա» մը:

Սփիւռքի մէջ հայկական անուններով թաղեր ու փողոցներ բազմաթիւ են, սակայն միայն մէ՛կ Արարատ լեռ գոյութիւն ունի` իր փէշերը հպարտօրէն երկարած Արարատեան դաշտին:

***

Այնճարը այդ օր Խանասորի դաշտն էր, նաեւ` Սարդարապատ, իսկ կողքի  չոր ու քարքարոտ լեռը` երեւակայական Արարատ մը: Քանի մը ընկերներով որոշեցինք բարձրանալ անոր գագաթը:

Անփորձ պատանիներ էինք եւ հետերնիս խմելիք ջուր վերցնելու մասին չէինք մտածած:

Առաջին անգամն էր, որ լեռ կը բարձրանայինք եւ բազմիցս այն տպաւորութիւնը ունեցանք, որ շուտով պիտի հասնինք գագաթը, սակայն քանի կը յառաջանայինք, այնքան մեզմէ կը հեռանար այն վայրը, որ Արարատի ձիւնածածկ գագաթին հետ ոչ մէկ նմանութիւն ունէր:

Քանի մը անգամ կանգ առինք` քիչ մը հանգստանալու: Յոգնութենէ աւելի` ծարաւը կը նեղէր մեզ: Չկար որեւէ ծառ, որու շուքին տակ կարենայինք հանգչիլ:

Այնճարի տափարակ հողակոյտին վրայ բանակավայրի վրանները սկսած էին փոքրանալ: Նախապէս հեռուէն լսուող անհասկնալի ձայները լռած էին, ինչ որ կարծել կու տար,որ բաւական յառաջացած ենք եւ շուտով պիտի հասնինք գագաթը:

«Պիտի հասնինք, սրբազան լե՛ռ կատարիդ»: (Անդրանիկ Ծառուկեան)

Հայը յուսահատիլ չի գիտեր, սակայն այդ օր յուսահատեցանք, եւ հաւանաբար տակաւին նոյնիսկ կէսը չհասած` որոշեցինք վերադառնալ: Յոգնութենէ աւելի` ծարաւն էր մեր վերադառնալու որոշումին պատճառը:

Վերադարձանք: Վերադարձանք յուսալքուած, սակայն բանակավայրի մեր ընկերներէն ո՛չ ոք իմացաւ, թէ ո՛ւր գացած էինք այդ քանի մը ժամուան ընթացքին:

***

Հայաստան վերանկախացած է: Մեծ թիւով հայեր, ներառեալ` այս տողերը գրողը, կ՛այցելեն մեր ազատ, անկախ Հայաստան եւ մեր աչքերով կը տեսնենք, ժամանակին մեր երեւակայութեան մէջ դրոշմուած Արարատը:

Իւրաքանչիւր հայրենիք այցելողի երազն է տեսնել Արարատ լեռը, հոգ չէ թէ` հեռուէն:

«Ես Մասիսը չտեսայ» (Մուշեղ Իշխան)

Մեծանուն բանաստեղծը աչքերը յաւիտենական փակեց նախքան Արարատն ու Մասիսը տեսնելը:

Ես Մասիսը տեսայ: Սիրելի՛ ուսուցիչս, քեզմէ աւելի բախտաւոր կը նկատեմ ինքզինքս, սակայն կան ինձմէ աւելի՛ բախտաւորները:

2018: 27 տարի անցած է մեր հայրենիքի անկախացման թուականէն:

Խումբ մը երիտասարդներ, Երեւանի մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի նուիրուած տօնակատարութենէն ետք, թիւով 22 տղաք ու աղջիկներ, Վրաստանի ճամբով կ’ուղղուին դէպի Արեւմտեան Հայաստան: Կը հասնին Կարս, կ՛այցելեն քանի մը հայկական եկեղեցիներ, որոնք մզկիթի վերածուած են, ապա կ՛ուղղուին դէպի Անիի աւերակները, ուր ժամանակին գոյութիւն ունեցած են 1001 եկեղեցիներ, ներկայիս` բոլորը աւերակ վիճակի մէջ, ապա կը շարունակեն իրենց ճամբան եւ 1001 դժուարութիւններով կը բարձրանան Արարատ լեռը եւ անոր գագաթին վրայ կը զետեղեն եռագոյն դրօշը:

Ընկերներս ու ես, Արարատէն շատ աւելի փոքր լերան գագաթը չհասած, գլխիկոր վերադարձանք: Ինչպէ՞ս չհիանամ այդ խումբ մը երիտասարդներուն, որոնք դիմագրաւելով ամէն դժուարութիւն, անտեսելով թուրք զինուորներու կոպիտ վերաբերմունքը` հասան Արարատի սուրբ գագաթը: Եռագոյն դրօշը զետեղեցին գագաթին: Վերադարձին`  Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ միաբերան, բարձրաձայն աղօթեցին «Հայր Մեր»-ը: Կարեւորութիւն չտուին թուրք զինուորներու բիրտ միջամտութիւններուն: Նկարեցին մեր սրբութիւնները եւ անմիջապէս համացանցով ուղարկեցին իրենց բարեկամներուն, որպէսզի, բջիջային հեռաձայնները թուրք զինուորներու կողմէ գրաւուելու պարագային, գէթ ազատեն նկարները, որոնք շատ աւելի արժէք կը ներկայացնեն, քան` այդ նկարները առնող գործիքը:

***

Անփորձ պատանիներ էինք: Կեանքի դժուարութիւններու տակաւին չէինք հանդիպած եւ շատ շուտ յուսահատեցանք: Գագաթը չհասած` գլխիկոր վերադարձանք:

ՀՄԸՄ-ական երիտասարդները, «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր» նշանաբանին հետ միատեղ, նաեւ դաստիարակուած են, որ պէտք չէ յուսահատին:

«Երբ ալեկոծ ծովու վրայ
Իմ մակոյկս խորտակուի,
Եւ փրփրադէզ ալեաց մէջը
Ես իմ յոյսը չեմ կտրի»: (Սարգիս Կուկունեանի յիշատակին)

Երբեմն կը մտածեմ, որ Այնճարի «Արարատը» բարձրանալու փոխարէն, եթէ օր մը փորձէինք բարձրանալ իսկական Արարատը, շատ հաւանաբար մեր ուղեւորութիւնը պիտի շարունակէինք եւ հասնէինք մինչեւ գագաթ: Արարատի մագնիսական ուժը մեզ պիտի առաջնորդէր, եւ  կէս ճամբէն վերադառնալու պարագային, այն տպաւորութիւնը պիտի ունենայինք, որ Արարատը լեզու առած` մեր երեսն ի վեր պիտի գոռար.

«Ամօ՛թ ձեզի: Այսքան շո՞ւտ կը դասալքուիք»:

Արարատը լոկ լեռ մը չէ: Սրբութիւն է, որ յոյս ու կորով կը ներշնչէ բոլոր այցելող հայերուն եւ անհամբեր կը սպասէ իր ազատագրութեան պատմական օրուան:

Արարատի ծեր գմբեթից
Դար է եկել, վայրկեանի պէս,
Ու անցել:

Անհուն թիւով կայծակների
Սուրն է բեկուել ադամանդին,
Ու անցել:

Մահախուճապ սերունդների
Աչքն է դիպել լոյս գագաթին,
Ու անցել:

Հերթը մի պահ քոնն է հիմա
Դու էլ նայիր սէգ ճակատին,
Ու անցիր…

(Աւետիք Իսահակեան)

Լոս Անճելըս, 2018

Նախորդը

Էրտողան` «Գորշ Գայլեր»-Ու Հետեւողութեամբ

Յաջորդը

Հարցազրոյց` «Պրիլընթ Լիպանիզ Ըուործ» Մրցումին Մասնակից Ռուտոլֆ Պեքերեճեանին Հետ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.